Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ պահպանուած արդի մարտիրոսներու սրբանակարը Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ պահպանուած արդի մարտիրոսներու սրբանակարը  

Աղօթքի հսկում Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայէն ներս` ի յիշատակ միսիոնար նահատակներուն

Այս տարի նահատակ միսիոնարներու յիշատակը պիտի նշուի 26 Մարտին, յետմիջօրէին ժամը 18.30-ին՝ Հռոմի Թիպերինա կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ, ուր պահպանուած են նաեւ հայ նահատակներուն մասունքները:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այս տարի 24 Մարտը՝ Աղօթքի եւ ծոմապահութեան ԼԲ Օրը՝ ի յիշատակ նահատակ միսիոնարներու, պիտի ոգեկոչուի երեքշաբթի՝ 26 Մարտին, 20-րդ և 21-րդ դարերու «Նոր նահատակներու եւ հաւատքի վկաներու» սրբավայր՝ Հռոմի Թեւերէ գետին վրայ «Թիպերինա» կոչուած կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս՝ «San Bartolomeo all’Isola» Պազիլիքայէն ներս՝ նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին պատկանող «Missio» հիմնարկի։

Այդ առթիւ աղօթքի հսկումի հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ «ի յիշատակ անոնց, որոնք իրենց կեանքը տուին յանուն Աստուծոյ Արքայութեան» պիտի կայանայ ժամը 18.30-ին՝ նախագահութեամբ Աշխարհականներու, Ընտանիքի և կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քեվին Ֆարելի, որուն ընթացքին պիտի յիշատակուին Վատիկանեան «Ֆիտէս» լրատու գործակալութեան կողմէ կազմուած եւ տարեցտարի թարմացուած ցանկի մէջ ընդգրկուած կրօնաւորներու, աշխարհականներու եւ հովիւներու, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր քրիստոնէական դաւանանքներու վկաներու անուններն ու պատմութիւնները:

Հայ նահատակներու վկայութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ բազմիցս հոլովուած այդ «արեան համամիութեան» շարքին են նաեւ Ի դարու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ նահատակները: Յիրաւի, Սուրբ Բարթողոմէոս եկեղեցին յատուկ նշանակութիւն ունի հայութեան համար։ Նախ որովհետեւ Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալը Թադէոս առաքեալի հետ միասին եղած է Հայ ազգին առաջին քարոզիչը, ապա Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանը եղած է այդ Եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր Ծիրանաւորը, ապա որովհետեւ այնտեղ, ի շարս Ի դարու քրիստոնեայ նահատակներուն, պահպանուած են նաեւ հայ նահատակներուն մասունքները, Տէյր էլ Զօրի անապատէն բերուած հայ նահատակներուն մասունք մը եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Արքեպիսկոպոսին ձեռագրիր մէկ նամակը։

Խաղաղութեան եւ միասնութեան մեծ նուէր

Նշենք, թէ «San Bartolomeo all’Isola» Պազիլիքան վայր է ուխտագնացութեան եւ հանդիպումի։ 1993ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կամքով յանձնուեցաւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան, որ այնտեղ կը կազմակերպէ աղօթքներ ու ծիսակատարութիւններ ու աղքատներուն ի նպաստ գործունէութիւններ։

«Յիշել հաւատքի այս վկաները եւ աղօթել այս վայրին մէջ», այս խօսքերը արտասանած էր Նորին Սրբութիւնը 22 Ապրիլ 2017 թուականին Պազիլիքա իր այցելութեան առթիւ, որ այնուհետեւ ընդգծած էր. «Մեծ նուէր Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան, Հռոմի Եկեղեցւոյ այս քաղաքի քրիստոնէական բոլոր համայնքներու եւ բազմաթիւ ուխտաւորներու համար: Նահատակներու կենդանի ժառանգութիւնն այսօր մեզ խաղաղութիւն եւ միասնութիւն կը նուիրէ: Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, որ սիրոյ ուժով, հեզութեամբ կարող ենք պայքարել ամբարտաւանութեան, բռնութեան, պատերազմի դէմ եւ կարելի է համբերութեամբ խաղաղութիւն կերտել»։

Վկայութիւն, որ պէտք է յիշել

Նահատակ միսիոնարներու օրը սովորաբար կը նշուի 24 Մարտին՝ ի յիշատակ Սան Սալվատոր թեմի Արքեպիսկոպոս` Օսքար Արնուլֆօ Ռոմերոյի, որ սպաննուեցաւ այդ օրը՝ 1980 թուականին Սուրբ Պատարագ մատուցանելու ժամանակ, որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սուրբ հռչակեց 14 հոկտեմբեր 2018-ին, բացատրած է Հռոմի ժողովրդապետարանի միսիոնարական գրասենեակի տնօրէն հայր Ճուլիօ Ալպանեզէն՝ ընդգծելով, որ. «Նահատակութիւնը վկայութիւն է, եւ չափազանց կարեւոր է յիշել եւ ոգեկոչել զայն, յատկապէս հաշուի առնելով այսօր առկայ արժէքներու մեծ ճգնաժամը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2024, 20:01