Որոնել

2019.04.07 aborto, interruzione vita, embrione, bambino, donna

Վիժում, ԵՄ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը ցաւ արտայայտած է Եւրոխորհրդարանի քուէարկութեան համար

Քուէարկութեամբ Եւրոպական Խորհուրդէն կը խնդրուի վիժումի իրաւունքը ներառել Եւրոմիութեան «Հիմնարար իրաւունքներու կանոնադրութեան մէջ»։ Եւրոպացի եպիսկոպոսներու նախօրէին տարածած յայտարարութեան մէջ օրինագծին ընդդիմանալու «գլխաւոր փաստարկն այն է, որ մարդու հիմնարար իրաւունքը կեանքի իրաւունք է, մինչդեռ վիժումը, որ ակնյայտօրէն անոր կը հակասէ եւ կը ժխտէ զայն, չէ կարող համարուիլ հիմնարար իրաւունք»․ COMECEի Ընդհանուր Քարտուղար։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վիժումի իրաւունքը պէտք է ԵՄ-ի հիմնարար իրաւունք դառնայ. Այս մէկը պահանջած են Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները երեկ՝ 11 Ապրիլին, Պրիւսէլի մէջ կայացած քուէարկութենէն ետք՝ 336 կողմ, 163 դէմ եւ 39 ձեռնպահ ձայներով հաւանութեան արժանացած օրինագծի միջոցաւ։ Բանաձեւն ունի քաղաքական եւ ոչ կանոնակարգային արժէք եւ պարտադրանք չ’ենթադրեր։ Քուէարկութեամբ Եւրոպական Խորհուրդէն կը խնդրուի վիժումի իրաւունքը ներառել Եւրոմիութեան «Հիմնարար իրաւունքներու կանոնադրութեան մէջ», իսկ Անդամ Երկիրներուն կը յորդորուի ամբողջութեամբ ապաքրէականացնել վիժումը սեփական օրէնսդրական դաշտէն ներս՝ պայքարելով յղիութիւնը կամաւոր դադրեցնելուն ուղղուած հնարաւոր խոչընդոտներուն դէմ:

Եւրոպացի եպիսկոպոսներուն ընդդիմութիւնը

Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Յանձնաժողովի (COMECE - Commissione delle conferenze episcopali dell’Unione europea) Ընդհանուր Քարտուղար Հայր Մանուել Էնրիքէ Պարրիոս Փրիեթոն խոր ափսոսանք յայտնեց քուէարկութեան ելքի առթիւ. «Անգամ եթէ արդիւնքը սպասելի էր, քանզի նոյն նիւթի վերաբերեալ համանման բանաձեւերուն Եւրոխորհրդարանը նոյն կերպ քուէարկած է», բայց եւ այնպէս «այդ մէկը շատ կը տխրեցնէ մեզ», նշեց ան եւ յիշեցուց հարցի առնչութեամբ եւրոպացի եպիսկոպոսներուն տարածած յայտարարութիւնը, ուր յստակօրէն շարադրուած էր օրինագծին ընդդիմանալու Եկեղեցիին փաստարկները:

Հիմնարար իրաւունքը կեանքն է, այլ ոչ թէ վիժումը

COMECE ի «գլխաւոր փաստարկն այն է, որ մարդու հիմնարար իրաւունքը կեանքի իրաւունք է, մինչդեռ վիժումը, որ ակնյայտօրէն անոր կը հակասէ եւ կը ժխտէ զայն, չէ կարող համարուիլ հիմնարար իրաւունք»:

ԵՄ եպիսկոպոսներուն ափսոսանքի պատճառներէն միւսը, ըստ հայր Պարրիոս Փրիեթոյին, «որոշ կուսակցութիւններու դիրքորոշումն է, որոնք վկայակոչելով հանդերձ քրիստոնէական ժողովրդավարական ​​աւանդոյթները, ինչպէս, օրինակ, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը, այս հարցի դիմաց պառակտուեցաւ»՝ քուէարկելով գլխաւորապէս բանաձեւի օգուտին, որ «խայտառակութիւն է», շեշտեց առանց վարանելու COMECEի Ընդհանուր Քարտուղարը:

Ան ապա յոյս յայտնեց, որ ապագայ նոր խորհրդարանը, սրտացաւ կերպով կը վերաբերի այս խնդիրներուն, իսկ որպէս Եկեղեցի անհրաժեշտ գտաւ, որ պէտք է ուղեկցիլ եւ կրթել մարդկանց՝ լաւ բացատրելով հարցին առնչուող բոլոր փաստարկները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2024, 07:10