2020.04.28 Monsignor Georges Zabarian

«Յարութեան Շունչն Է Ահա...». Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Հրամայական է անգամ մը եւս միասին ու միահամուռ գործելու եւ դիմագրաւելու մեր առջեւ ցցուող խարակներն ու դժուարութիւնները, ինչ որ ալ ըլլան, եւ չսպասենք, որ ուրիշները լուծեն զանոնք մեզի համար: Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն է, որ սահմաններ չունի եւ ժամանակով չէ սահմանափակուած:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ոգեկոչական թուական մը չէ, որ կը յիշատակենք, այլ՝ էջ մը մեր պատմութեան մատեանէն, դաջուած արիւնովը հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Ցեղասպանութեան մը ահագնատեսիլ իրողութիւնը կարելի չէ լոկ «ամեակ» -ներով կարկինել:

Ապրիլ 24...հոն կայ տաք շունչ մը, որ մեզ կը համագրաւէ. «Յարութեան շունչն է ահա, ջարդակոտոր Ազգդ իմ», ինչպէս մղկտաց հոգին Վահան Թէքէեան բանաստեղծին:

109-րդ տարելիցը կը թեւակոխենք արդէն, ու անխուսափելիօրէն կը յառաջանանք դէպի 110-ամեակը մեր ազգին դէմ գործուած 1915-ի Ցեղասպանութեան, որ մէկ ու կէս միլիոն զոհ խլեց մեր ժողովուրդէն:

Այսօր, արդեօ՞ք կարիքն ունինք սպասելու ամեակ-ներու հաշուարկումին, ինքնագիտակցելու եւ խորհրդածելու, թէ

-ո՞րքանով կրցանք նպաստել վերակերտելու մեր ազգը,

-ո՞րքանով կրցանք յառաջ երթալ մեր ժողովուրդի զարգացման ու հայորդիներու միութեան գործընթացին մէջ,

-ո՞րքանով աշխատակցեցանք հայ դատի յաջողութեան կապակցութեամբ, եւ

-ո՞րքանով կը շարունակենք արդարութիւն պահանջել ցեղասպաններու ժառանգորդ իշխանութիւններէն:

Մինչ այն չդադրինք աղօթքներով, պատգամներով, ճառախօսութիւններով, ցոյցերով, գիտաժողովներով վերակենդանացնելէ մեր ներկայ եւ հետագայ սերունդներուն յիշողութեան մէջ մեր ազգին նահատակութիւնը:

Պարտինք մեր երիտասարդներուն փոխանցել անմարդկային սպանդի ու կոտորածի այդ էջը մեր պատմութեան, որպէսզի իրենք եւս, իրենց կարգին զայն փոխանցեն գալիք սերունդներուն:

Ուրիշներուն հաղորդելու ջանքը մեր պատմութիւնը իր մութ ու տխրայիշատակ դրուագներով, պիտի նպաստէ, ի սփիւռս աշխարհի, առաջքն առնելու ապագայ չարիքներու, եւ ծառանալու ցեղասպանական գաղափարախօսութիւններուն դէմ, որպէսզի մարդկութիւնը ազատի նման պատուհասներէն, ինչպէս նաեւ՝ կեդրոնացնելու մեր ոյժերը յառաջ տանելու համար մեր արդար դատն ու մեր ժողովուրդին հասարակական բարիքը:

Մեր պատմութիւնը պէտք է դասաւանդուի մեր դպրոցներուն մէջ, որպէսզի գալիք սերունդները գիտակցին մեր դէմ գործուած անիրաւութեան աղէտալի հետեւանքներուն:

Մեզի կը վիճակի, հնարաւորութեան չափով, գրելու մեր սեփական պատմութիւնը, պահպանելու ցեղասպանութեան ֆիզիքական անառարկելի եւ անժխտելի ապացոյցները, եւ անոնց թիւին՝ մեր գոյութեան յիշատակի վայրերը, որպէսզի անոնք չանհետանան, այլ դառնան ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու խորհրդանիշեր:

Հրամայական է անգամ մը եւս միասին ու միահամուռ գործելու եւ դիմագրաւելու մեր առջեւ ցցուող խարակներն ու դժուարութիւնները, ինչ որ ալ ըլլան, եւ չսպասենք, որ ուրիշները լուծեն զանոնք մեզի համար:

Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն է, որ սահմաններ չունի եւ ժամանակով չէ սահմանափակուած:

Դէպի 110-ամեակ...

« Յարութեան շունչն է ահա »:

 

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2024, 07:39