Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ Մինաեան Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Լիբանանի վարչապետին
Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Լիբանանի Վարչապետ Նաժիպ Միքաթիին, Պէյրութի Մեծ Սէրային մէջ, ընկերակցութեամբ՝ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիին:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Սէրայ ժամանումին տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւնը:
Հանդիպումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հարցազրոյցին մէջ յայտնեց. «Մեր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեցինք յարգարժան վարչապետին: Մենք կը հետեւինք անոր քայլերուն ու բոլոր ճիգերուն ի նպաստ ընդհանուր միասնականութեան եւ Լիբանան հայրենիքի բարեկեցութեան: Անոր նաեւ տեղեկացուցինք, որ պիտի փոխադրենք Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին մարմինը Լիբանան՝ անոր Պատրիարքական Աթոռին: Վարչապետը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց տրամադրելու բոլոր կարողութիւնները այս ուղղութեամբ: Կը մաղթենք, որ Կարդինալ Աղաճանեանի մարմինը վերադառնայ դէպի իր երկիրը՝ Լիբանան, այս նախաձեռնութիւնը նկատելով որպէս մեկնարկը՝ հաշտութեան, մեր երկրին խաղաղութեան ու վերականգնումին»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ