2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի նամակը Հայ Եկեղեցւոյ համօրէն առաջնորդներուն

Հաղորդաշար (58) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Ներ­սէս Դ. Կա­թո­ղի­կո­սի յոյ­նե­րու հետ սի­րոյ եւ միու­թեան մա­սին Հա­յաս­տա­նի եպիս­կո­պոս­նե­րուն եւ վար­դա­պետ­նե­րուն գրած նա­մա­կին թուա­կա­նը մե­զի չէ հա­սած։ Սա­կայն գրու­թեան մէջ Շնոր­հա­լի կը նշէ թէ յոյ­նե­րու կայս­րը իր հայ­րա­պե­տու­թեան առա­ջին տա­րիէն եր­կու­-ե­րեք ան­գամ նա­մակ ու­ղար­կած է «սի­րոյ եւ եկե­ղեց­ւոյ միու­թեան նպա­տա­կով, ինչ­պէս որ նախ­նիք­նե­րու ժա­մա­նակ էր, եր­կու ազ­գե­րու մէ­ջէն վե­րաց­նե­լու հա­մար ար­տա­քուստ ներ­թա­փան­ցած երկ­պա­ռա­կու­թեան պատ­ճառ­նե­րը»։

Եւ քա­նի որ Կիռ Մա­նուէլ կայս­րին եւ յոյ­նե­րու Մի­քայէլ պատ­րիար­քին ու­ղար­կած նա­մակ­նե­րուն մէջ եւս Հայոց Հայ­րա­պե­տը նշած էր թէ այս հար­ցը միայն եկե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վով կա­րե­լի է լու­ծել, հա­ւա­տա­րիմ իր խոս­տու­մին՝ հայ եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր եպիս­կո­պոս­նե­րուն, վար­դա­պետ­նե­րուն եւ վա­նա­հայ­րե­րուն կ՚ու­ղար­կէ այս նա­մա­կը՝ զի­րենք կա­տա­րուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­ղոր­դա­կից դարձ­նե­լու հա­մար, «որ­պէս­զի որոշ ան­միտ­նե­րու կող­մէ սխալ բա­ներ լսե­լով՝ մէկ բա­նը ու­րիշ բան չկար­ծէք»։

­Հե­տե­ւա­բար, այս նա­մա­կը գրուած պէտք է ըլ­լայ Թէորիանո­սի գլ­խա­ւո­րած վեր­ջին դես­պա­նու­թեան մեկ­նու­մէն ետք, այ­սինքն 117­2ի Յու­նուար-Մարտ ամիս­նե­րուն։

Շ­նոր­հա­լի Պօ­ղոս առա­քեալի ոճով իր ող­ջոյ­նի խօս­քը կը յ­ղէ, ինք­զին­քը կո­չե­լով «նուաստ ծա­ռայ Քրիս­տո­սի եւ ողոր­մու­թեամբ եւ կա­մօք նո­րին կա­թո­ղի­կոս Հայոց», եւ կ՚ա­ւար­տէ պաշ­տօ­նա­կան ձե­ւա­չա­փով սի­րոյ ող­ջոյն ու­ղար­կե­լով «Վան­կի աս­տուա­ծըն­կալ սուրբ նշա­նէն, առա­քե­լա­կան նշ­խար­նե­րէն եւ մեր սուրբ Լու­սա­ւոր­չի աջէն, աթո­ռէն եւ ինծ­մէ»։

­Հայ­րա­պե­տը բո­լո­րին կը տե­ղե­կաց­նէ թէ կայս­րին նա­մակ­նե­րուն պա­տաս­խա­նած էր ըստ ար­ժան­ւոյն, եւ խօսքն աւար­տե­լու հա­մար գրած էր թէ՝ «ինչ­պէս միայն գլու­խը առանց ան­ձի բո­լոր ան­դամ­նե­րու օժան­դա­կու­թեան կա­րող չէ գոր­ծո­ղու­թիւն մը կա­տա­րել, նոյն­պէս ին­ծի ալ ան­կա­րե­լի է առանց Հա­յաս­տա­նի հա­մօ­րէն իմաս­տուն­նե­րուն մեր­ձա­կա­յու­թեան ձեր այս խն­դիր­նե­րուն կա­տա­րեալ պա­տաս­խան տալ»։ Եւ հե­տե­ւա­բար, ան­հրա­ժեշտ կը գտ­նէր պա­տեհ առի­թին, միաս­նա­բար խոր­հե­լու Աս­տուծ­մով, եւ բո­լո­րի խոր­հուր­դով գրե­լու այն՝ ինչ որ Ս. Հո­գին մատ­նա­ցոյց ընէր։ Մինչ այդ, Հայ­րա­պե­տը ջեր­մօ­րէն կը յանձ­նա­րա­րէ աղօ­թել եւ Աս­տուծ­մէ խնդ­րել, որ երբ բո­լո­րը մէկ­տե­ղուին՝ Աս­տուած իմաս­տու­թիւն պար­գե­ւէ՝ խոր­հե­լու, խօ­սե­լու եւ գոր­ծե­լու այն՝ ինչ որ Ս. Հո­գիի կամքն է եւ Իրեն հա­ճե­լի՝ «ընդ­հան­րա­կան եւ առա­քե­լա­կան ուղ­ղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ շի­նու­թեան եւ հաս­տա­տու­թեան հա­մար»։

Հ­րա­ժեշ­տի ող­ջոյ­նէն ետք Շնոր­հա­լի ան­գամ մը եւս կը գրէ թէ մնա­ցած ման­րա­մաս­նե­րը Հա­յաս­տա­նի ուխ­տա­տե­ղի­նե­րը այ­ցե­լե­լու մտադ­րու­թեամբ արե­ւելք ժա­մա­նող նա­մա­կա­բեր աղօ­թա­նուէր եղ­բայր­նե­րէն իմա­նան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2024, 08:10