Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարք 

Ապրիլեան նահատակներուն անթառամ յիշատակին Հայրապետական սուրբ Պատարագ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի բակին մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին հանդիսապետութեամբ՝ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 109 ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակներուն յիշատակի արարողութիւնը, առընթերակայութեամբ Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժիի ու Տ. Ալիշան Քհն. Աբարդեանի:

Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Աշրաֆիէի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի բակին մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին հանդիսապետութեամբ՝ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 109 ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակներուն յիշատակի արարողութիւնը, առընթերակայութեամբ Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժիի ու Տ. Ալիշան Քհն. Աբարդեանի:

Ներկայ էին Անտիոքի եւ Ասորի կաթողիկէներու ու համայն Արևելքի Պատրիարքը՝ Ամենպտ. Իգնատիոս Եուսուֆ Գ. Եունան, եկեղեցական ու պաշտօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ներկայ և նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, հայկական ու լիբանանեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ և հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Սուրբ Աւետարանին ընթերցումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ըսաւ.«Բոլոր բառերը, արտայայտութիւններն ու խօսքերը սպառեցան հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան ու հաւաքական հալածանքին դիմաց: Մեր ժողովուրդի՛ն, որ աշխարհին տուաւ մտքի ողջ կենսունակութիւն եւ առատաձեռնութիւն՝ համերաշխութեան ոգիէն մինչև նահատակութիւն ու խաղաղութիւն:

Ան այլեւս ոչ մէկ ելք ունի, քան վերադառնալ իր արմատներուն՝ հայ-քրիստոնեայ արմատներուն, որոնց միջոցաւ աճեցաւ եւ անոնց կառչած մնաց՝ գինը ծանր վճառելով իր արիւնով ու կեանքով: Անոր համար ոչինչ մնաց բացի Քրիստոսի սփոփիչ եւ քաջալերիչ խօսքերէն:

«Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետև անո՛նք պիտի մխիթարուին:

Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին:

Երանի՜ անոնց, որոնք հալածուած են արդարութեան համար, որովհետև երկնքին արքայութիւնը անո՛նցն է» (Մտթ. 5,8-10):

Ասոնք են այս հպարտ ժողովուրդին իւրայատկութիւններն ու արժէքները: Հայ ժողովուրդը խաղաղութեան կը ձգտի, սակայն խաղաղութիւնը կը հեռանայ անկէ: Հալածանքներուն կը դիմադրէ և աշխարհին առջեւ կը մնայ միակ հալածուած ժողովուրդը։

Եթէ սկզբէն պատժուէր այդ ոճրագործութիւնը, ապա ժողովուրդները այսօր չէին ենթարկուեր բռնութեան, սպանութեան եւ հալածանքի անապատներուն մէջ, ինչպէս որ նախապէս գործեցին հայ ժողովուրդին դէմ, այսինքն՝ մեր դէմ։

Մինչեւ օրս՝ անոնք ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի մեզ՝ այդ նահատակներուն զաւակներն ու թոռները ենթարկեն բռնութեան եւ ոճրագործութեան, չնայած պատմական արդարութեան ու ճշմարտութեան այն բոլոր ճիգերուն, զորոնք այս քաջարի ժողովուրդը կը թափէ տակաւին, բայց անոնք ապարդիւն կը մնան, որովհետեւ երկիրներու ղեկավարներու խիղճը թմրած ու խոր քունի մէջ է այսօր:

Այո՛, մենք խաղաղութեան զաւակներն ենք ու խաղաղութեան համար կը գործենք: Անոր ճանապարհը լաւ գիտենք: Կը շարունակենք մեր ուղին սիրով, համերաշխութեամբ, զոհողութեամբ և նուիրումով:

Մենք խաղաղութեան զաւակներն ենք, և խաղաղութիւնը կը ստանանք աստուածային աղբիւրէն: Աստուած է խաղաղութեան աղբիւրը, և Ան է, որ ըսաւ.«Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին»:

Այո՛, իմ սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, անբարոյ հասարակութենէն մենք կը վերադառնանք մեր անարատ արմատներուն, մեր Արարիչին, որ մեզ ստեղծեց Իր պատկերին համաձայն և մեր մէջ ներշնչեց իր Հոգիէն: Ո՛վ որ դաւաճանէ այս ուխտին, կը դաւաճանէ իր Արարիչին, բայց ես վստահ եմ, որ խաղաղութեան կամքը դեռ կենդանի է բոլորիս մէջ՝ իսլամներ ու քրիստոնեաներ, այնպէս որ մենք միայն պէտք է նայինք դէպի բարձունքներն ու կառչած մնանք միակ Փրկիչին, որովհետեւ Ս. Հոգիին միջոցաւ պիտի յաղթենք չարին, որ, դժբախտաբար, կը գերակշռէ այս աշխարհին մէջ»:

Յաւարտ Ս. Պատարագին՝ Լիբանանի Պատրիարքական Թեմին ընդհանուր փոխանորդը՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան փոխանցեց օրուան խորհուրդը:

«Սիրելի հաւատացեալներ,

Այսօր դարձեալ մեր սրտերը խորան դարձուցած՝ ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ կ'ոգեկոչենք խնկելի յիշատակը մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան յանուն քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային ինքնութեան:

«Նահատակ» բառը նուիրական է:

Երբ ի յիշատակ և ի փառս նահատակներուն կը մատուցանենք Սուրբ և Անմահ Պատարագը, կը նշանակէ, թէ սերտ աղերս կայ Քրիստոսի Զոհին ու նահատակներուն միջեւ:

Ամէն ազգ կը յիշէ և կը յարգէ իր նահատակները, որոնք զոհուած են իրենց հայրենիքին, հողին, պատիւին ու հաւատքին համար:

Հայուն նահատակութիւնը, սակայն, տարբեր էր:

Տարբեր՝ թէ՛ իր տարողութեամբ, թէ՛ իր բարբարոսութեամբ, թէ՛ իր վայրագութեամբ ու թէ՛ իր դաժանութեամբ:

Հայունը իսկական Ցեղասպանութիւնն էր:

Քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն ընտանիքին մէջ չկայ նման օրինակ մը, որ կարելի է համեմատել այն մարտիրոսութեան հետ, որուն ենթարկուեցաւ հայութիւնը:

Բիւրաւոր նահատակներուն թիւը ակնյայտօրէն կը փաստէ, թէ պատահածը Ցեղասպանութիւն էր, Հայասպանութի՛ւն:

Պատուական եղբայրներ և քոյրեր,

Մեր պատմութիւնը նահատակ ժողովուրդի մը պատմութիւնն է:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին՝ նորագոյն հայոց պատմութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը պատահեցաւ:

Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն՝ «Երիտասարդ Թուրքերու» շարժումն որոշեց գործադրել Հայ Ցեղին բնաջնջումը:

Այն օրերուն, երկու միլիոն հայեր կ'ապրէին պատմական Հայաստանի վեց նահանգներուն և Օսմանեան Կայսրութեան զանազան քաղաքներու մէջ:

Հայ ժողովուրդին բնաջնջումը սկսաւ 24 Ապրիլ 1915-ին, Կ. Պոլսոյ ընտրանի մտաւորականութեան, եկեղեցական եւ երեւելի հայերու ձերբակալութեամբ ու աքսորով:

Իր չար ծրագիրը գործադրելով՝ օսմանցին երկու միլիոն Հայեր դատապարտեց աքսորի, տարագրութեան, անողոք չարչարանքներուն և մահուան:

Մարդկային երեւակայութիւնը անկարող է նկարագրել այն չարչարանքներն ու հալածանքները, զորոնք կրեց բովանդակ ժողովուրդ մը իր իսկ հայրենի հողին վրայ, Արեւմտեան Հայաստանի և ապա Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին:

Մէկ ու կէս միլիոն հայեր իրենց արիւնը թափեցին ի սէր Քրիստոսի։

Անոնք առանց վարանելու ընտրեցին մահը քան ուրացումն ու կրօնափոխութիւնը:

Այդ օրերուն՝ աշխարհը սարսռաց և սակայն լուռ մնաց:

6 Դեկտեմբեր 1915-ին, միայն Կաթողիկէ Եկեղեցիին Հովուապետը՝ Բենեդիկտոս ԺԵ. Պապը սրտի մեծ կսկիծով ձայնը բարձրացուց՝ դադրեցնելու համար հայ ազգին կրած նահատակութիւնը և ձաղկեց ջարդարարներուն ոճիրը հետեւեալ խօսքով.«Հայոց թշուառագոյն ազգը կ’առաջնորդուի դէպի բնաջնջումը»:

Սրբազան Քահանայապետը իսկոյն Մեհմետ Ե. Սուլթանին գրութիւն մը յղեց, Պոլսոյ իր պատուիրակին միջոցաւ, «աղերսելով, որ խնայուէին անհամար անմեղները»:

Սակայն, Թալաաթ Փաշան ամէն միջոց գործադրեց, որպէսզի այդ բողոքագիրը Սուլթանին չհասնի:

Միայն երեք ամիս ետք Սուլթանը իրազեկ եղաւ անոր, երբ բնաջանջումին ծրագիրը շատ յառաջ տարուած էր:

Սուլթանը նկատեց, թէ շատ խիստ էր բողոքագիրը:

Ժամանակ մը անց, Բենեդիկտոս ԺԵ. Քահանայապետը Հռոմի հայ գաղութին տուած ունկնդրութեան ատեն, արտասուալից աչքերով յայտարարեց.«Մենք շատ ուշ իմացանք եղելութիւնը, բայց մեր դատապարտութեան խօսքը հասցուցինք»:

Պատուական եղբայրներ և քոյրեր,

1915-ի Մեծ Եղեռնի աղէտով՝ Արեւմտեան Հայաստանի և Կիլիկիոյ տարածքը գտնուող հայաշատ քաղաքաներ, գաւառներ և գիւղեր ամայացան:

Եկեղեցիներ, սրբավայրեր, ուխտատեղիներ ու վանքեր ամէն տեսակի սրբապղծութեան և թալանի ենթարկուեցան ու անտիրական մնացին:

Եղեռնը «Մե՛ծ» կը կոչենք, որովհետեւ ան կ'ընդգրկէր ամբողջ հայութիւնը՝ այր, կին, չափահաս, մանուկ ու ալեւոր:

Աշխարհի տարածքին գտնուող բոլոր հայորդիներն ունեցած են հարազատներ Մեծ Եղեռնի զոհերուն մէջ:

Տէր Զօրի անապատին մէջ թաղուած հայ մայրերու, մանուկներու և ծերերու աճիւնները Հայրենիքին ու Սփիւռքին մէջ այսօր կը պահպանուին որպէս մասունքներ:

Երկա՜ր է նահատակ հոգեւորականներուն ցանկը, որոնք գլուխ անցնելով իրենց հօտին՝ արիաբար զոհուեցան «վասն կրօնից և հայրենեաց»:

Մեր միտքը կ'երթայ Զմմառու միաբան և Մարտինի Առաջնորդին՝ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեան նահատակին, որ հակառակ օսմանցիին դիւային խորհուրդին՝ զինք համոզելու, որ դաւանափոխ ըլլայ, հաստատուն մնաց իր պապենական հաւատքին մէջ և հայ ժողովուրդին բիւրաւոր նահատակներուն լուսապսակին արժանացաւ:

Ցեղասպան թուրքը հարուածեց Մալոյեանի նման բազմաթիւ հովիւներ, ակնկալելով՝ որ այդպէս հօտը պիտի ցրուէր և պիտի ուրանար իր հաւատքը: Սակայն ժողովուրդը մնաց հովիւներու կողքին ու մասնակից եղաւ նահատակութեան փառքին:

Սիրելիներ,

Մենք չենք կրնար մոռնալ մեր նահատակներուն նուիրական կտակը:

Մենք չենք կրնար մոռնալ պատմական Հայաստանի հողերը, մեր անցեալին պատմութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնը, քաղաքները, գիւղերը, բերդերը, գետերը, վանքերն ու եկեղեցիները:

Մէկ կողմէ, նահատակութիւնն ու տեղահանումը, իսկ միւս կողմէ, հայոց լեզուին, մշակոյթին և հաւատքին դէմ գործուած չարիքն ու ամբողջ ժողովուրդի մը արմատախլումը իր պապենական հողերէն չենք կրնար մոռնալ, նոյնիսկ դարեր անց:

Ամբողջ հարիւր տարիներ և աւելի՛, քաղաքական ձեռնարկներ, եկեղեցական արարողութիւններ, ցուցահանդէսներ, յուշարձաններու եւ խաչքարերու զետեղումներ, հրատարակութիւններ, գիտաժողովներ, կրօնական ու աշխարհական ղեկավարներու, քաղաքներու, խորհրդարաններու, կառավարութիւններու եւ պետական պատասխանատուներու զօրակցութիւններ կատարուեցան:

Ամէն օր յիշեցինք, ամէն օր յիշեցուցինք ու տեսանք, թէ որքա՛ն կարիք կար յիշեցումի եւ միշտ պիտի ըլլայ:

Հայը չբաւարարեցուեցաւ միայն յիշելով, այլ նաեւ իր վերականգնումով եւ տքնաջան աշխատանքով՝ հայ ազգին արդար դատը ճանաչելի դարձուց աշխարհին:

Երկար եւ դժուարին առաքելութիւն մըն էր, սակայն հայու վայել յարատեւ ու ծրագրուած ճիգերով՝ մենք կարողացանք բոլոր ազգերու եւ կառավարութիւններու մեր ձայնը լսելի դարձնել:

Այս բոլոր ջանքերը խթանեցին օտար պետութիւններու ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Յանուն հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն՝ պէտք է շարունակենք արդարութիւն պահանջել աշխարհի քաղաքակիրթ ժողովուրդներէն, պետութիւններէն եւ ատեաններէն:

Ցեղասպանութենէն 109 տարիներ ետք՝ հայ ժողովուրդը տակաւին կը սպասէ ճշմարտութեան յաղթանակին եւ արդարութեան հաստատումին: Հայութիւնը պէտք է շարունակէ աշխարհին յիշեցնել թուրքին կատարած անմարդկային Ցեղասպանութիւնը, Հայասպանութիւնը:

Ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ, որոնք հիմնուած են ազգերու եւ գերպետութիւներու տնտեսական ու քաղաքական շահերուն վրայ, հայութիւնը պէտք է շարունակէ քաղաքական պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիան, որ կը յամենայ ճանչնալ Հայոց Ցեղապանութիւնն ու հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքները:

Մինչեւ այսօր Ցեղապանութիւն կատարողը կը շարունակէ խեղադիւրել մեր պատմութիւնը, բայց անոր դիմաց կայ պատմութեան ճշմարտութիւնը:

Դժբախտաբար, ցեղասպանը չպատժուեցաւ անցեալին մէջ եւ անոր կատարած յանցագործութիւնը չդատապարտուեցաւ:

Այդ պատճառով՝ Արցախի, Լեռնային Ղարաբաղի դէմ վերջին պատերազմը աղէտաբեր հետեւանքներ ունեցաւ։

Այսօ՛ր, աւելի քան երբե՛ք, հայութիւնը պէտք է միասնական ըլլայ:

Եկեղեցի, Պետութիւն, Կուսակցութիւն և Միութիւն ձեռք ձեռքի տուած՝ պէտք է մէ՛կ բռունցք դառնան՝ դիմակայելու հայ ժողովուրդին դարաւոր ոսոխին դարանագործութեան:

Լաւ իմացէ՛ք, երբ միացած ըլլանք, հո՛ն է մեր արժէքն ու մեր զօրութիւնը, ինչպէս կ'ըսէ հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն՝ Եղիշէ Չարենց.«Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միա՛կ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժին մէջ է»:

Աւելի քան 85 տարիներ առաջ, Եղիշէ Չարենցի կողմէ հայ ժողովուրդին ուղղուած այս տողերը որքան հարազատ ու թարմ են մինչեւ օրս:

Սակայն հայութիւնը տակաւին կը տատամսի գործադրելու այս նուիրական պատգամը:

Այսօր, հայութիւնը, Հայաստանի և Սփիւռքի մէջ, ի տես այսչափ արհաւիրքներուն՝ այլեւս իրաւունք չունի բաժնուած ու պառակտուած մնալու.

Ի սէր Աստուծոյ և Հայրենիքին՝ պէտք է յառաջ տանինք միասնականութեան հզօ՛ր գաղափարը, որուն մէջ կը կայանայ մեր փրկութիւնը:

Արցախի աղէտին պատճառած յուսահատութիւնը պէտք է վանենք մեր մէջէն, որովհետեւ անցեալին ուրիշ կորուստներ ալ ունեցած ենք, սակայն վերապրած ենք:

Մեր հողերը պիտի պահանջենք՝ հայ մնալով եւ մեր հաստատութիւնները ամրացնելով՝ ըլլան անոնք կրօնական, մշակութային, կրթական, հոգեւոր եւ աշխարհական:

Յուսահատելու չե՛նք, այլ՝ աշխատելու ենք մեր սրբազան նպատակին հասնելու համար:

Որպէս հայեր՝ պէտք է գոյատեւենք և արդար հատուցում պահանջենք՝ մեր իրաւունքներուն տիրանալու համար:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ապրիլ 24-ը ողբի և սուգի օր չըլլայ, այլ աղօթքի՛ ու խորհրդածութեա՛ն օր:

Արդարեւ, օսմանեան իշխանութիւնը վճռած էր բնաջնջել հայ ժողովուրդը:

Սակայն, Աստուած որոշեց ապրեցնել մեր ազգը:

Աստուած չի մոռնար անիրաւութիւնները, զորոնք կրեց հայութիւնը:

Չի կրնար մոռնալ մանաւանդ առաջի՛ն քրիստոնեայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:

Այդ թուականէն դար մը ետք, 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, Ս. Էջմիածինին մէջ սրբադասուեցան մեր 1,5 միլիոն նահատակները:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ Գողգոթայէն անցած եւ յարութիւն առած մեր ժողովուրդին։

Սիրելի ազգակիցներ,

Այսօր, Հայաստանի և Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներուն մէջ կ'ոգեկոչենք մեր ազգին իրակա՛ն ու յաղթակա՛ն Յարութիւնը:

Հարկ է, որ 1915-ի ջարդերը հաւատքի լոյսին ներքեւ դիտենք, որպէսզի ըմբռնենք հայրենասէր ու քրիստոսասէր նահատակներուն վսեմութիւնը:

Հայ ժողովուրդին բոլոր պայքարներն ու տագնապները, ինչպէս նաեւ յաղթանակներն ու յոյսերը հաստատուած են քրիստոնէական ամուր հաւատքին վրայ:

Քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայ ժողովուրդին շունչը եւ անոր պատմութեան սիրտը:

Հայ ժողովուրդը միայն Քրիստոսի չարչարակից չեղաւ, այլ նաեւ յարութի՛ւն առաւ Քրիստոսի հետ:

Յիսուսի Յարութեան հաւատալը Յիսուսին հաւատացողներուն յարութեան եւս հաւատա՛լն է:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Մեր մաղթանքն է, որ Եկեղեցին դառնայ մեր ժողովուրդին իսկական հոգեւոր տունը, որովհետեւ Հայ Եկեղեցիին պատմութիւնը պատմութիւնն է մեր հերոս ժողովուրդին:

Ցեղասպանութենէն դար մը ետք, զգոյշ եւ զգօն ըլլանք, որ երկրորդ ցեղասպանութեան մը դէմ յանդիման չգտնուինք, քանի որ սատանան, չարը կը շարունակէ գործել մինչեւ օրս եւ, դժբախտաբար, նորանոր ջարդեր կը կատարէ, ինչպէս ընտանիքին գայքայումը, բարոյական ու մարդկային սկզբունքներուն կորուստը, քրիստոնէական ուսուցումին եւ արժէքներու ոչ կարեւորութիւնը, պատերազմներ, անարդարութիւններ եւ այլն:

Արդե՞օք, 109 տարիներ ետք, ի ՞նչ փոխուած է...: Մենք մեր ձեռքով կ՛օժանդակե՞նք չարին իր նորանոր ջարդերուն մէջ երբ կ՛ատեմ եղբայրս, կը չարախօսեմ, կը դատապարտեմ, կը զրպարտեմ, կը հայհոյեմ, կը ստեմ եւ այլն: Այո՛, Սիրելիներ, երբ ես Քրիստոսին հետ չեմ, սատանային հետ կ՛ըլլամ: Արթննա՛նք, սթափի՛նք ու աշխատի՛նք երկնքին մէջ տեղ ունենալու եւ ոչ միայն երկրին վրայ:

Այսօր առիթն է մենք մեզի հարց տալու.«Արդե՞օք հոգիս առողջ է՝ յիշելով Քրիստոսին խօսքը.«Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն, այլ՝ վախցէ՛ք անկէ, որ գիտէ գահավիժել թէ՛ մարմինը եւ թէ՛ հոգին»:

Այսօր, երբ ամէն բան նիւթականացած է, անհրաժեշտ է քրիստոնեայ հայուն տալ հայեցի ու կրօնական ամուր դաստիարակութիւնը, որպէսզի ան չկորսուի կեանքին այս խելահեղ յորձանուտին մէջ:

Այսօր, մեզի համար առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ մեր հոգեւոր և եկեղեցական կեանքին զարթօնքը, հայկական վարժարաններուն վերարժեւորումն ու մշակութային կեանքին վերընձիւղումը:

Սիրելի ու յարգելի ներկաներ,

Մեր ջերմագին աղօթքն է, որ Զմմառու հրաշագործ Տիրամայրը պահէ ու պահպանէ համայն հայ ժողովուրդը իր մայրական հովանիին ներքեւ:

Երկնային բարձունքներէն իր աղօթքներով մեր կողքին ըլլայ թէ՛ Հայրենիքին ու թէ՛ Սփիւռքին մէջ:

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան նահատակը բարեխօս թող ըլլայ, որպէսզի այս դժուար օրերուն՝ հայութիւնը ապրի և գործէ միասնականութեամբ:

Նոյնպէս, աղօթք բարձրացնե՛նք մայրիներու երկրին՝ Լիբանանի համար, որպէսզի Տիրամայրը պահէ ու պահպանէ զայն իր մայրական հովանիին ներքեւ՝ անկէ հեռացնելով փորձանքի եւ ողբերգութեան դառն բաժակը: Ամէն:

Այնուհետեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ առաջնորդութեամբ՝ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Պատրիարքարանին բակը, ուր 1939-ին կառուցուած «Ապրիլեան Նահատակաց» յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2024, 07:01