2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

275 ամեակ անմահանուն Մխիթարի մահուան - ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ՝ ՈՏՔԻ՛ . Գրեց Սարգիս Նաճարեան

1715 Ապրիլին մարդ մը հասաւ Վենետիկ, որ ո՛չ զօրավար էր, ո՛չ դիւանագէտ, ո՛չ բժիշկ, ո՛չ մեքենագէտ, ո՛չ պատկերահան․․․ Ձորձ մը ունէր իր ուսերուն վրայ, մտքին առջեւ մեծ գաղափարական մը, սրտին մէջ՝ սէր մը անհուն։ Զինուոր էր ան Աստուծոյ եւ Հայոց․ կը կոչուէր Մխիթար Սեբաստացի, յիրաւի ՄԵԾ ՄԱՐԴ մը»։ ՀՐԱՉ ՔԱՋԱՐԵՆՑ

1970-ական տարիներուն, Հայաստանի Պետական Համալսարան։

Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ամառնային դասընթացքի առաջին դասախօսութիւնը սկսելէ առաջ, դասախօսը ակնարկը ուղղելով դասարանին մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան երիտասարդ մէկ վարդապետին, կը հրաւիրէ ներկաները նախքան դասախօսութիւնը յոտնկայս ողջունել մէկ ներկայացուցիչը այն Միաբանութեան, «որուն համեստութիւնն է որ իր մէկ անդամը ուղարկած է հոս, որովհետեւ մենք անոր՝ իր Միաբանութենէն աւելի սորվեցնելիք բան չունինք» կ՛ըսէ ան։ Այս վկայութիւնը կատարողն էր բանաստեղծ, բանասէր, գրող, հրապարակագիր, թատերագիր եւ կրթական մշակ Մանուէլ Ադամեանը։

 Մխիթարեան Միաբանութեան այսօր արդէն 323 տարիներու անչափելի վաստակը յոտնկայս ողջունելու Հայաստանի Պետական Համալսարանի դասախօսին՝ աշակերտութեան ուղղած հրաւէրը պիտի նկատենք ուղղուած համա՛յն Հայութեան, որ կոչուած է ինչպէս անցեալին, նաե՛ւ այսօր եւ ընդմի՛շտ, յոտնկայս ողջունելու Մխիթարեան Միաբանութեան իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ, խոնարհելու յիշատակին առջեւ Սեբաստիոյ հայկական ոստանին մէջ 1676-ին աշխարհ եկած Մանուկին, որ կոչուեցաւ ՄԽԻԹԱՐ եւ որուն կամքին ու տեսլականին «Եղիցի» ըսաւ Աստուած Տիրամօր բերնով՝ երկնագեղ Սեւանի ափին։

ԵՂԻՑԻ՛ Միաբանութիւն մը ստեղծելու Մեծ Սեբաստացիի տեսլականին, զոր քաջալերուած Սեւանայ վանքի Աստուածածինէն,  իրագործեց ան 1701-ի Սեպտեմբերի 8-ին` Աստուած, Ազգ, Կրօն եւ Հայրենիք միաձուլող նշանաբանին տակ հիմը դնելով Մխիթարեան Միաբանութեան։

ԵՂԻՑԻ՛, Տիրոջ տնօրինութեամբ ու կամքով դառնալու հայ ժողովուրդին նո՛ր ՄԵՍՐՈՊԸ, անոր պատմական հորիզոնը լուսաւորող ջահը՝ որ ոչ միայն պիտի մնար անմար, այլ տարիներու թաւալումին հետ պիտի ուռճանար, եւ այսպէս, աւելի քան երեք դար  անոր բոցերը խաւարէն լոյս աշխարհ պիտի բերէին Հայ մտքի ստեղծագործութիւններ եւ քաղաքակրթական ու մշակութային այն բոլոր, եւ առաջին հերթին գրական արժէքները, որոնք երաշխիք են Ազգի գոյութեան, գոյատեւումին ու յաւերժութեան։ Երաշխիք անոր ինքնութեան ամրապատումին։

Հայու անընկճելի կամքի խորհրդանիշ դարձաւ Մխիթար, որովհետեւ կրցաւ իրագործել այն ինչ որ կամեցաւ, այն ինչ որ Սեւանի ափին  խնդրեց Աստուածամայրէն, հակառակ պատմական տխուր  իրադարձութիւններու հետեւանքով իր ճանապարհին յայտնուած հազարումէկ դժուարութիւններուն, ձախորդութիւններուն,  մշտատեւ տեղափոխութիւններուն, մինչեւ իսկ հալածանքներուն։ Երկար թափառումներէ ետք, հուսկ 1717-ին ան  վերջնականապէս  կայք  հաստատեց Վենետիկի մերձակայ Սուրբ Ղազար կղզեակի  լքեալ հիւանդանոցի մը աւերակներուն վրայ, ուր կանգնեց եկեղեցի եւ վանք մը, որոնք շուտով դարձան Հայաստանի մէկ շերտը։

Աստուածամօր ԵՂԻՑԻ-ն ստացած ըլլալով հանդերձ, Մխիթար գիտակցեցաւ այն իրողութեան, որ մարդ որքան ալ հանճարեղ ու անձնուրաց ըլլայ, անոր մէկ ու միակ կեանքը, անոր անհուն հոգեկան ու մարդկային շնորհները բաւարար չեն կրնար ըլլալ իրագործելու համար այն ինչ որ հարկաւոր է Ազգի վերականգնումին,  զարթնումին եւ ինքնութեան պահպանումին համար, լրումին հասցնելու համար այն ծառայութիւնը, զոր կրնայ նպատակադրած ըլլալ մատուցանել Աստուծոյ եւ Ազգին։ Ծառայութիւն, որոնց կենսագործումը կը կարօտի մտքի ու գրչի մարդոց բանակներու, եւ բանակ կազմեցին Մխիթարի յաջորդները։ Փոքրաթիւ բանակ, որուն իւրաքանչիւր անդամին մտային կարողութիւնն ու ֆիզիքական տոկունութիւնը աստուածային հրաշքով մը բազմապատկուեցան տասով, հարիւրով եւ աւելիով։  41 ուխտեալներ էին անոնք երբ 1749-ի Ապրիլի 27-ին  վախճանեցաւ մեծագործ Սեբաստացին, 41 առաքեալներ՝  որոնք՝ հրաժարած աշխարհիկ կեանքէն, Հայաստանը տարին օտար ափերու վրայ կայք հաստատած անոր բեկորներուն, տարին իւրաքանչիւր հայկական գաղթավայր երբ Հայը՝ ի՛նք չէր կրնար ու չկրցաւ երթալ Հայաստան։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը  եղաւ Մայր Հայաստանին մէկ բեկորը։

Ժողովո՛ւրդ, ոտքի՛, իրաւամբ գոչեց  Հայաստանի Պետական Համալսարանի Փրոֆեսէօրը, ի տես համեստ մէկ ներկայացուցչին Հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս մշակոյթի վերածնունդին հիմը դնող Մխիթարի եւ անոր հոգեզաւակներուն՝ որոնք շարունակողը եւ ամբողջացնողը եղան անոր հիմնադրած սրբազան գործին։ Դարձան հնադարեան հայ մշակոյթի ու դպրութեան ջահակիր առաքեալները, որոնք Հայ Ազգին պարգեւեցին երկրորդ Ոսկեդար մը տարածուած աւելի քան 300 տարիներու վրայ։ Ստեղծեցին տարածութեամբ փոքր, բայց հոգեմտաւոր ու մտաւոր բովանդակութեամբ մեծ Հայաստան մը, Եւրոպայի սրտին վրայ դարձան հոգեմտաւոր փարոսը Հայ ժողովուրդին, անառիկ միջնաբերդը Հայկական մշակոյթին ու գրականութեան,  անոր ինքնութեան յատկանիշերուն։

Հայ ժողովուրդ, ոտքի՛, մեծարելու համար այն առաքեալները, որոնք վերահաստատեցին հայ ժողովուրդին կապը իր անցեալին, իր պատմութեան ու մշակոյթին, ժողովրդային աւանդութիւներուն ու կենցաղին հետ,  որոնք վերարծարծեցին հայուն ազգային ու կրօնական ապրումներուն բոցը։

Յայտնապէս, Մխիթար գիտցաւ ու կրցաւ իր  կամքին ուժով վարակել իր աշակերտները, որոնք  Միաբանութեան արմատները տարածեցին մինչեւ Վիեննա։ Սակայն, ժամանակի պայմաններուն բերումով՝ աւելի քան 300 տարիներու ինքնամոռաց ծառայութիւնը Ազգին եւ ամենալայն առումով անոր մշակոյթին՝ սկսած ըլլալով իր քայքայիչ անդրադարձը զգացնել Միաբանութեան կեանքին վրայ, հաստատախարիսխ բունին շուրջ վերամիաւորուելու հրամայականութիւնը ինքզինք պարտադրեց։ Սակաւաթիւ միաբանները սկսած էին ուժասպառութեան նշաններ ցոյց տալ, այնպէս ինչպէս կ’ըլլայ իր կեանքը ամբողջութեամբ իր զաւակներուն նուիրած Մայրը, այնպէս ինչպէս եղաւ համայն Հայաստանին լոյս եւ յոյս պարգեւած Սեւանը կապուտաչեայ։ Զաւակները պարտաւորուած են վերաշխուժացնելու իրենց Մայրը,  նոր լիցք տալու  անոր, այնպէս ինչպէս Արփան նոր լիցք բերաւ յաւերժական Սեւանին, որպէսզի ան շարունակէ իր կենարար   աշխատանքը։

Արդարեւ, հերթը Հայ ազգին է նուազագոյնով հատուցանելու այն շատը որ իրեն տուին Մխիթար ու իր հետեւորդները, տուին ոչ որպէս պարտք, այլ ինքնաբուխ, առանց որեւէ ակնկալութեան։ Աստուածահաճոյ, եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն առաքելութեան կատարման պարգեւած հոգեկան բաւարարութիւնը եղաւ իրենց միակ վարձատրութիւնը։ Արդար է նուազագոյն հատուցման ակնկալութիւնը իբրեւ երախտագիտութիւն։ Այդ երախտագիտութիւնը արդար է ակնկալել մանաւանդ Մայր Հայրենիքէն, Հայաստանէն ու անոր պետականութենէն, որովհետեւ ոեւէ մէկէն աւելի Հայաստան պէտք է երախտապարտ ըլլայ Մխիթարեան Միաբանութեան, որովհետեւ ան փոխարինեց Հայաստանը, երբ Հայրենիքը երազ էր միայն ու գաղափար արտերկրի Հայութեան համար, որովհետեւ Մխիթարեանները կատարեցին պետականավայել գործ՝ առանց որուն Սփիւռքը, Հայ Մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը կրնային դեռ եւս մնալ խաւարի մէջ։ Այդ հսկայածաւալ գործը ընդգրկեց այնքան այլազան մարզերը Հայ Մտքին, Մշակոյթին եւ Քաղաքակրթութեան՝ կրօնագիտութիւն, պատմութիւն, բանասիրութիւն, լեզուաբանութիւն, տեղագրութիւն, ազգագրութիւն, մարդկային եւ ընկերային  կենցաղագրութիւն, կրթութիւն, արուեստ, երգ ու երաժշտութիւն,  ժողովրդային բարքեր եւ աւանդութիւններ, Ազգի ինքնութեան  բոլոր յատկանիշերը։

Ոտքի՛ Հայ ժողովուրդ, ոտքի՛Հայաստան, գէթ յուշարձանով մը  արտայայտելու համար իր երախտագիտութիւնը անմահանուն Մխիթարին եւ անոր հիմնադրած Միաբանութեան, խոնարհելու համար վաստակին առջեւ «Կուսին Որդեգիր» մեծագործ առաքեալներուն,  որոնք Հայոց պատմութեան, մշակոյթին ու գրականութեան արտորայքը պարարտացնող անխոնջ մշակները եղան։

Ոտքի՛, յարգելու համար յիշատակը այդ մշակներէն անոնց, որոնք չկան այսօր, բայց որոնք իրենց գործով կեանք պարգեւեցին մեզի, խաւարէն լոյս աշխարհ բերին մեզ։

Ոտքի՛ Հայ ժողովուրդ, վերարծարծելու համար Սուրբ Կանթեղը, զոր վառեց Տիրամայրը 323 տարիներ առաջ ձեռամբը Մխիթար Սեբաստացիին։

Ժողովուրդ՝  ոտքի՛։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2024, 09:35