2019.05.21 Urna di Santa Rita da Cascia custodita della Basilica di Cascia

Ռիթա` Հաշտարար Սրբուհին. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

Կաթողիկէ Եկեղեցին, Ռիթայի մաքուր կեանքին, Քրիստոսի նուիրումին և կրած ցաւերուն համար՝ զայն սրբուհի հռչակած է: Մանաւանդ որ ան իր կեանքին ընթացքին՝ մարդոց, ընտանիքներու և հարազատներուն միջեւ գործօն դերակատրութիւն ունեցած է, քէնի և իրար միջեւ թշնամութեան վերջ տալով, և համերաշխութեան խորհրդանիշ դառնալով:

Սրբուհի Ռիթա Եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած է որպէս առագահաս, հրաշագործ, անհնար դատերու հովանաւոր և փաստաբան անել իրավիճակներու: Ինչպէս նաեւ հաշտարար սրբուհի.  Սքանչելի և խորիմաստ տիտղոսներ, որ տրուած են Սրբուհի Ռիթայի:

Արդարեւ, Եկեղեցին սուրբ կը հռչակէ անձ մը, եթէ ան երեք կարեւոր պայմաններ լրացնէ. որպէսզի զայն մեր առջեւ դնէ որպէս տիպար, մեր կեանքի ընթացքին՝ անոր օրինակին հետեւելու:

1. Առաջին հերթին՝ ժողովուրդին կողմէ առաքինի և սուրբ համբաւի արժանացած ըլլայ:

2. Երկրորդ՝ Եկեղեցին սուրբ կը հռչակէ այն անձը, որ քրիստոնէական կրօնքին տարածման համար հերոսաբար ապրած և նահատակուած է. և այդ սուրբին երանացման կամ սրբադասման վճիռը կու տայ եկեղեցւոյ յատուկ ատեանը: 

3. Երրորդ՝ պէտք է հրաշք գործած ըլլայ իր կեանքի ընթացքին կամ յետ նահատակութեան:

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն՝ սրբադասման դատը կը սկսի մահուընէ երեք տարի ետք: Երբեմն բացառութիւններ կը կատարուին, ինչպէս է պարագան Սրբուհի Թերեզա Գոլգութայի և Յովհաննէս Բ. Սրբազան Քահանայապետին:

Մենք քիչ բան գիտենք Սրբուհի Ռիթայի ծնողաց մասին. բացի որ անոնք ճանչցուած էին իրենց միջավայրին մէջ որպէս բարեկեցիկ ընտանիք մը:

Սրբուհի Ռիթայի կենսագրութեան համաձայն՝ իր ծնողները յաճախ անհաշտ անձեր և ընտանիքներ կը հաշտեցնէին, որոնք իրար դէմ լարուած էին:

Ռիթա մէկ հատիկ դուստրն էր ծնողքին: Կը պատմուի թէ նորածին Ռիթայի մկրտութենէն ետք, երբ ծնողքը տուն կը վերադառնան և օրօրոց կը դրուի, մեղուները կու գան և անոր գլխուն շուրջ դառնալով՝ մեղր կը հոսեցնեն անոր բերնին մէջ, առանց վնաս հասցնելու փոքրիկն Ռիթայի:

Տասնվեց տարեկանին՝ Ռիթան կը փափաքի Յիսուսին նուիրուիլ՝ մենաստան մտնելով. Սակայն, ծնողքը ուրիշ ծրագիրներ ունէին իր ապագային համար:

Անոնք կ'ուզէին ամուսնացնել իրենց դուստրը ազնուական ընտանիքէ սերած՝ Փոլ Մանչինի անունով մեծահարուստ երիտասարդի մը հետ. Ռիթան կը հնազանդի ծնողաց կամքին: Այս որոշումը կ'ըլլայ առաջին սուրը որ կը խոցէ իր սիրտը:

Ան կ'ամուսնանայ և երկուորեակ մանչ զաւակներ կ'ունենայ՝ Ժագ և Փօլ Մարի անունով, թէեւ հակառակ իրենց մօր հանդարտ բնաւորութեան՝ անոնք  ջղային և ցասկոտ էին: Ամուսնութենէն մի քանի տար ետք, ամուսինը ոճիրի զոհը կը դառնայ, երբ իր հակառակորդները գիշերով կը սպաննեն զինք. այսպիսով՝ այրիացած Ռիթայի սիրտը երկրորդ անգամ կը խոցուի:

Յետ այսորիկ, Ռիթան տէր պէտք է կանգներ իր զաւակներուն և անոնց կրթութեամբ պարապէր: Ան ամէն ջանք կը թափէ որ անոնք վրէժխնդրութեան զգացումներէ չտարուին, զիրենք համոզելով թէ վրէժխնդրութիւնը մեծ ոճիր է Աստուծոյ և մարդոց առջեւ:

Այնուհետեւ, ան գիշեր ցերեկ Աստուծոյ կ'աղօթէ, որպէսզի զանոնք հեռու պահէ այդ փորձութենէն. Աստուած կը լսէ Ռիթայի աղօթքը, դժբախտաբար երկու զաւակները կը մեռնին բնական մահով:

Զաւակներուն կորուստը երրորդ անգամ կը խոցէ Ռիթայի սիրտը:

Առանձին մնալով, Ռիթա կը խորհի որ այլեւս ժամանակն է մենաստան մուտք գործելու և Քրիստոսի նուիրուելու:

Ան կը դիմէ Աւկուսդինեան Միաբանութեան մեծաւորուհիին, փափաք յայտնելով այդ միաբանութեան միանալու:

Այդ ժամանակաշրջանին սակայն, կրօնաւորական միաբանութիւնները իրենց կանոնագրութեան համաձայն՝ չէին ընդուներ այրիները:

Միաբանութեան մեծաւորուհին տեղեակ ըլլալով Ռիթայի ընտանեկան անցուդարձերուն, ընդունելու համար զայն՝ կը պահանջէ որ նախ ան միջնորդէ և ապա հաշտեցնէ իր սպաննուած ամուսնոյն ընտանիքը իր թշնամիներուն հետ:

Ռիթան յանձն կ'առնէ այս դժուարին առաքելութիւնը և կը յաջողի հաշտեցնել զանոնք. Այս յաջողութեան իբրեւ հետեւանք մեծ գոհունակութեամբ կ'ընդունուի վանք:

Այդ ժամանակ՝ ան երեսուն տարեկան էր: Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ ո՛չ միայն իր հաշտարար միջնորդութեան պատճառով կ'ընդունուի վանք, այլ՝ աղօթքի զօրութեամբ և հրաշքով, Սուրբերու եւ նոյնինքն՝ Սուրբ Օգոստինոսի, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի և Ս. Նիկողայոս Թօլենդինացիի միջնորդութեամբ է որ անոր առջեւ կը բացուին Օգոստինեան Վանքի դռները, 1413 թուականին:

Օգոստինեան մայրապետներու Սրբուհի Մարիամ Մագթաղենացի վանքին մէջ, քոյր Ռիթա ամբողջ սրտով կը նուիրուի միաբանութեան կեանքին և կանոններու գործադրութեան, որոնք էին՝ աղօթք, զոհաբերութիւն և աշխարհիկ կեանքէ հրաժարում:

Օր մը ալ Քրիստոսի Չարչարանաց շաբթուայ մէջ, վարդապետ մը նահատակուած սուրբի մը չարչարանքներուն մասին կը քարոզէր, Ռիթա շատ կը յուզուի և կ'առաջադրէ՝ կ'որոշէ այդ սուրբին նմանիլ և մասնակից դառնալ Յիսուսի չարչարանքներուն:

Ան թախանձագին կը խնդրէ որ Յիսուս իրեն արժանի ընէ այս շնորհքին: Այս խնդրանքին վրայ, օրին մէկը, երբ վանքի շուրջ գտնուող քառայրի մը մէջ խաչին առջեւ ծնկաչոք կ'աղօթէր, Յիսուսի փշէ պսակէն՝ փուշ մը կը մխրճուի իր ճակտին վրայ:

Ռիթա, այս վէրքին դառն ցաւը պիտի կրէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, որ հինգերորդ անգամ ըլլալով իր սիրտը պիտի խոցէր:Այս դէպքը հիմք ունենալով է՝ որ ան միշտ իր ճակտին վրայ փուշով պատկերուած է արուեստագէտներու կողմէ:  

Կաթողիկէ Եկեղեցին, Ռիթայի մաքուր կեանքին, Քրիստոսի նուիրումին և կրած ցաւերուն համար՝ զայն սրբուհի հռչակած է:

Մանաւանդ որ ան իր կեանքին ընթացքին՝ մարդոց, ընտանիքներու և հարազատներուն միջեւ գործօն դերակատրութիւն ունեցած է, քէնի և իրար միջեւ թշնամութեան  վերջ տալով, և համերաշխութեան խորհրդանիշ դառնալով:

Մենք եւս, այս օրերուն, հետեւինք Սրբուհիի կեանքի օրինակին. Տանինք մեր ցաւերը. համբերութեամբ եւ սիրով կրենք մեր նեղութիւնները և բարեսիրտ ըլլանք իր կեանքի օրինակին նման:

Սրբուհի Ռիթայի տօնին առթիւ՝ Աստուծմէ խնդրենք որ մեզ հեռու պահէ փորձութիւններէ, դժբախտութիւններէ և խռովութիւններէ և մեր մէջ համերաշխութեան ոգին արմատացնէ, որպէսզի մեր այս տագնապալից դժուար օրերուն, մեր կեանքը կարենանք ապրիլ որքան, որ կարելի համերաշխութեամբ և ներողամտութեամբ:

Այս պատգամն է որ մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը նոյնպէս կը փոխանցեն մեզի:

Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2024, 08:00