Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (8)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ե. դարու Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոցին:

Ը. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ե. դարու Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոցին:

Մխիթարեան մատենագիր Հայրերէն՝ Հ․ Գարեգին Վրդ․ Զարբհանալեանի համաձայն, Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոցը Ե. դարու յուշարձան է և զայն երկրորդ կարգին կը զետեղէ Աստուածաշունչէն ետք: 406-ին, երբ Մեսրոպ վարդապետ այբուբէնի գիւտը ըրաւ, իր և սուրբ Սահակի առաջին մտահոգութիւնը եղաւ՝ Հայ Եկեղեցւոյ ընծայել մայրենի լեզուով եկեղեցական պաշտամունքի մատեաններ, որոնք ծիսական կարգադրութիւններն էին, որպէսզի հետզհետէ նուազի օտար լեզուներու ազդեցութիւնը մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Արդարեւ, Ե. դարու ժամանակակից բոլոր վկայութիւնները կը հաստատեն թէ Մեսրոպ և Սահակ հայ եկեղեցւոյ ծիսական գիրքին նախատարերքը կամ նախնական խմբագրումը կատարած են, քանի որ եկեղեցական արարողութիւնները այլեւս հայերէնով կը կատարուէին:

Այդ օրերուն, սուրբ Սահակ Հայրապետը և իր աշակերտները Աստուածաշունչի թարգմանութեան առընթեր՝ արարողական տարբեր մատեաններ թարգմանեցին, ներառելով իր մէջ թէ՛ թարգմանական յունարէն և ասորերէն բնագիրներէն և թէ՛ հայերէնով գրուած բնագրեր: Ըստ Զարբհանալեանի. «Այս պատմական եղելութենէն մեկնելով՝ սուրբ Գրոց թարգմանութենէն ետք, եկեղեցական բարեկարգութիւն և հասարակաց հոգեւոր պաշտամանց անհրաժեշտ հարկ և կարգաւորութիւն պէտք էր որ գրաւէր սրբոց Թարգմանչաց աստուածասէր և աստուածախոհ միտքն ու սիրտը, և նպատակ ըլլար իրենց նախապատիւ փութաջան վաստակոց առ այն»:

Այսպէս, Սահակի և Մեսրոպի միացեալ ուժերով կը գրուին կանոններ, կ'իւրացուին ծէսեր, և կը հայացուի Ծիսարանը. այսպիսով հարստացնելով հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական պաշտամունքը: Յիրաւի, հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը և յատկապէս ԺԹ. դարու շատ մը բանասէրներ համոզուած էին, թէ Մաշտոց ծիսարանի անուան ծագումը կապուած է Մեսրոպ Մաշտոցին:

Հ. Գ. Զարբհանալեան համոզուած է, որ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը «եղաւ ազգային եկեղեցական ծիսարանը կարգի դնողը, այլ և այլ աղօթքներու թարգմանութեամբ կամ ինքնագիր յօրինմամբ, որ և իր մականուամբ Մաշտոց կոչուած է»:

Յամենայն դէպս, Մաշտոց անունը յառաջ եկած է ո՛չ թէ ծիսական կարգերը կազմելէն, այլ զանոնք ամբողջութեամբ մէկ հատորի մը մէջ ամփոփելէն, որուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ:

Յիշատակութեան արժանի է թէ, Մեսրոպի աշակերտները եւս՝ Եզնիկ Կողբացի, Կորիւն, Յովսէփ Պաղնացի, Սամուէլ, և Աբրահամ Զենակացի և այլք մասնակցած են թարգմանչական կոթողական աշխատանքին:

Դժբախտաբար յստակ յիշատակութիւն չունինք թէ Անտիոք, Աղեքսանդրիա, Աթէնք, Եդեսիա, և Միջագէտք ղրկուած Մաշթոցի աշակերտները եկեղեցական արարողութիւններուն վերաբերեալ ինչ մատեաններ բերած և թարգմանած են:

Ամէն պարագային՝ եկեղեցական կեանքի կարգաւորման համար՝ ծիսարանի գոյութիւնը այնքան անհրաժեշտ էր, որ այդ օրերուն պատրաստուեցան գլխաւոր խորհրդակատարութեանց կանոնները, ինչպէս են՝ մկրտութիւնն ու դրոշմը, նշանն ու պսակը, ձեռնադրութիւններն ու թաղումները, իրենց յատուկ աղօթքներով, ընթերցուածներով և շարականներով: Ստուգիւ, Հ․ Ղեւոնդ Ալիշան Մաշտոցի ստեղծման թուականը կը դնէ 431-ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2024, 08:17