Տօն Գալստեան Սուրբ Հոգւոյն- (Յովհ. 14, 25 – 31) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, Յինանց շրջանի Եօթը Շաբաթները անցնելէ եւ ապրելէ ետք (որոնք յուսամ մեզի համար եղան հոգեւոր աշխատանքի շրջան), պահը հասաւ այսօր տօնելու մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս գտնուող էական տօներէն մին որ է՝ Պենտեկոստէն:
Քրիստոսի Յարութենէն 40 օրեր ետք, նշեցինք Անոր Համբարձումը երկինք. իսկ այսօր, Յարութենէն 50 օրեր ետք՝ կը տօնենք Պենտեկոստէի տօնը եւ կամ Սուրբ Հոգիին Գալստեան տօնը՝ առաքեալներուն վրայ:
Այստեղ սիրելիներ հարց տալով պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, Հին կտակարանին մէջ կը տեսնենք թէ ինչպէս Հայր Աստուած կը դաստիարակէ Հրեայ ժողովուրդը, իսկ Նոր Կտակարանին մէջ կը տեսնենք թէ ինչպէս Քրիստոս մեզ կը ծանօթացնէ Հայր Աստուծոյ...լաւ Սուրբ Հոգիին դերը ի՞նչ է»:
Համաձայն մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին սիրելիներ, Ս. Հոգին է՝
1. Մխիթարիչը. սիրելիներ, մենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ որքան նեղութիւններ, դժուարութիւններ, հարցեր եւ յուսահատութիւններ կ՛ապրինք: Այսօր Ս. Հոգիին էջքով, Ան պատրաստ է մեզի համար ըլլալու մեր բոլոր հարցերուն՝ պատասխան, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր դժուարութիւններուն մէջ՝ մխիթարանք:
2. Ուսուցանողը. այսօր սիրելիներ, այսպէս ասաց ուսուցանողները այնքան շատ են որ մարդս կը շուարի որու մտիկ ընել (ի մասնաւորի այն ինչ որ կը տեսնենք Youtube, instagram, tiktok, facebook...ի վրայ): ինչո՞ւ ջուրը խմել շիշէն, երբ ունինք ԱՂԲԻՒՐԸ:
3. Յիշեցնողը. քանիցս կը պատահի սիրելիներ որ հեռու կ՛ըլլանք աղօթքի եւ կամ Եկեղեցական կեանքէ, եւ մեր մէջ միշտ ձայն մը կայ որ մեզի կ՛ըսէ բաւական է որ չես աղօթած....չես հաղորդուած...սակայն մեր պատասխանը միշտ նոյնը կ՛ըլլայ. լռեցնել մեր խիղճը՝ որ է Ս. Հոգիին ձայնը մեր մէջ...յիշեցնող կայ, սակայն լսող եւ գործադրող պէտք է:
4. Խաղաղութիւնը. այսօր որ կողմ որ դառնանք սիրելիներ, կը տեսնենք պատերազմներ եւ ատելութիւն...ինչո՞ւ, որովհետեւ մեր մէջ կը պակսի Խաղաղութիւնը, մեր մէջ կը պակսի Սէրը...մէկ խօսքով, մեր մէջ կը պակսի Ս. Հոգին:
5. Մեզ ազատ կ՛արձակէ շփոթ վիճակէ. շփոթ վիճակը սիրելիներ կու գայ անկազմակերպ եւ կամ անկանոն վիճակէ (ինչ որ չարին գործն է), բայց երբ մեր մէջ ունինք Ս. Հոգին, Ինքն է որ պիտի ուղղէ մեր ճամբան եւ պիտի ըլլայ մեր առաջնորդը՝ հասնելու համար երկինք, հասնելու համար Հօր Աստուծոյ:
6. Քաջութիւն տուողն է. չարին գործը միշտ ու միշտ եղած է մեզ վախի եւ կասկածի մէջ պահել, բայց երբ Ս. Հոգին բնակի մեր մէջ եւ հեռացնէ չարը մեր մէջէն եւ կամ մեր սրտէն, այդ պահուն է որ պիտի զգանք թէ մենք Բարձրեալին որդիներն ենք՝ գնուած եւ մկրտուած Որդիին արեամբ, եւ դրոշմուած՝ Ս. Հոգիով:
7. Մղողը՝ կատարելու Աստուծոյ պատուիրանները. այսօր մեզմէ ամէն մէկը ունի իր եւ իրեն համեմատ մշակուած պատուիրանը (անթիւ են եւ վստահ եմ որ անոնց վախճանը լաւ չէ), սակայն երբ մեր մէջ ունինք Ս. Հոգին եւ կամ զԻնք տեղ տուած ենք մեր սրտին եւ կեանքին մէջ, պիտի տեսնենք թէ բոլոր այսպէս ասաց մեր պատուիրանները սուտ, կեղծիկ եւ անհիմն են՝ բացի Երկնայինը, եւ այն ինչ որ մեզի տրուած է Երկինքէն:
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան տօնի նամակէն բաժին մը. այսօր համայն մարդկութիւնը կ՛ապրի շուարած վիճակ մը եւ կը կարօտի ուղղութեան...եւ որպէսզի ճիշտ ուղղութեամբ ընդանանք մեր կեանքին մէջ, կանչուած ենք ընդունելու մեր մէջ Ս. Հոգին՝ որպէսզի միայն ու միայն Ինք ըլլայ մեր ՃՇՄԱՐԻՏ եւ միակ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ