Հալէպի մէջ Ս. Սիրտ Յիսուսի երրորեայ ջերմեռանդութեան փակման փառաւոր հանդիսութիւն Հալէպի մէջ Ս. Սիրտ Յիսուսի երրորեայ ջերմեռանդութեան փակման փառաւոր հանդիսութիւն 

Ս. Սիրտ Յիսուսի երրօրեայ ջերմեռանդութեան փակման փառաւոր հանդիսութիւն

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փառաւոր փակումը Ս. Սիրտ Յիսուսի նուիրուած Ջերմեռանդութեան հոծ բազմութեան մը հաւատացեալներու։
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2024, երեկոյեան ժամը 6։00֊ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ըստ տարիներու սովորութեան, Մայիսեան Ջերմեռանդութեան աւարտին, Արհի. Գերապայծառ Տիրոջ երրօրեայ հոգեշունչ քարոզներով եւ աղօթքներով, տեղի ունեցաւ փառաւոր փակումը Ս. Սիրտ Յիսուսի նուիրուած Ջերմեռանդութեան հոծ բազմութեան մը հաւատացեալներու։

Իսկապէս Մխիթարական տեսարան մըն էր։

Սուրբ Պատարագի աւարտին` (զոր մատուցանեց Գերյ. Հ. Հայկ Ծ. Վրդ. Մակարեան), կազմուեցաւ շքեղ թափօրը դպիրներու, սարկաւագներու, վարդապետներու նախագահութեամբ` Արհի. Գերապայծառ Տիրոջ, մասնակցութեամբ` ուխտեալ փափկասուն տիկիններու, որոնք շալկելով Աստուածամօր եւ Ս. ՍԻՐՏ Յիսուսի գեղազարդ արձանները եւ սրբապատկերները շրջեցան եկեղեցւոյ յարակից փողոցները ուղղուելով դէպի Զուարթնոց վարժարան, ուր շրջափակէն ներս պատրաստուած ու զարդարուած էր գեղեցիկ խորան մը, Արհի. Գերապայծառ Տէրը արտասանեց Նուիրում Ս. Սրտի աղօթքը, երգուեցաւ Հոգի Աստուծոյ երգը, սրբապատկերով օրհնեց ներկաները եւ Հրեշտակ Տեառն աղօթքով փակեց Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած Հոգեպարար Ջերմեռանդութիւնը։

Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի պէտք ունինք Յիսուսի Ս. Սրտին։ Եկէք, աղօթենք եւ խնդրենք Յիսուսէ, որ տայ մեզի շնորհք սիրելու եւ գործելու բարին։ Մեծութիւնն ու խոնարհութիւնը թող սիրով ողջագուրուին մեր անձերուն մէջ։

Մեր կեանքի ընթացքին, սիրով եւ համբերութեամբ շալկենք մեր խաչը ու հետեւինք Յիսուսի։ Եթէ աճիլ ու զարգանալ կ'ուզենք, պէտք է որ մեր քարեղէն սրտերը աստուածային սիրով ճմլենք։ Եթէ ապրիլ ու ստեղծագործել կ'ուզենք, պէտք է որ սիրենք ու դարձեալ սիրենք, որովհետեւ ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ Է, եւ պատուիրաններուն գլխաւորը դարձեալ սէր է։

Բարի եւ օրհնաբեր տարիներ բոլորին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2024, 11:32