Իրաքի կառավարութիւնը Քաղդէացիներու Սաքօ պատրիարքը կը ճանչնայ որպէս քաղդէացիներու եկեղեցւոյ կալուածներուն պատասխանատու
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 11 յունիսին, Քաղդէացիներուն եկեղեցւոյ կայքէջին վրայ հրապարակուած հրամանագիրը կը ճանչնայ կարդինալ Սաքոյի Պատրիարքական իրաւասութիւնները եւ ուղին կը հարթէ՝ 2023 յուլիսին բացուած Քաղդէացի Պատրիարքին եւ Իրաքի քաղաքական առաջնորդներուն միջեւ յարաբերութիւններուն ճգնաժամէն դուրս գալու համար, ճգնաժամ` որ Պատրիարքը մղած էր լքելու Պաղտատի Պատրիարքական Աթոռը եւ փոխադրուելու Էրպիլ։
Իրաքի Վարչապետ Մուհամմատ Շիա ալ Սուտանիի ստորագրութիւնը կրող հրամանագիրին մէջ նշուած է, որ «Հիմք ընդունելով սահմանադրութեամբ մեզի տրուած լիազօրութիւնները եւ այլ օրէնսդրական յղումները, կ՛ որոշենք հետեւեալը. «Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ անուանուած է Իրաքի եւ աշխարհի մէջ քաղդէացիներուն պատրիարք»։
Նշենք, որ 2023 թուականին յուլիսին, Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտ չեղեալ յայտարարած էր 2013 թուականի յուլիս 10ին՝ իր նախորդին Ժալալ Թալապանի կողմէ ընդունուած թիւ 147 հրամանագիրը, որ ազգային օրէնսդրութեան մակարդակով կ՛ընդունէր Պատրիարքի քահանայապետական անուանումը` որպէս Աշխարհի եւ Իրաքի մէջ քաղդէական եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ կը զայն կը ճանչնար որպէս եկեղեցւոյ կալուածներու պատասխանատուն։
2023-ի տագնապի սկիզբէն Պատրիարք Սաքոն միայն մէկ անգամ Պաղտատ վերադարձած է Հանդիպելու համար Վարչապետ Սուտանի հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ