Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (11)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի «Օրհնութիւնաբեր Ցուցակ»ի սկզբնական անուան:

ԺԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի «Օրհնութիւնաբեր Ցուցակ»ի սկզբնական անուան:

 

Ս. Հայրէրու Օրհնութեանց Կանոններու կարգաւորութիւնը,  այլեւայլ թարգմանիչներ Յունաց յայլեւայլ քաղաքներէն բերած են Հայաստան: Այս աշխատանքը հայկական գիրերու գիւտէն և թարգմանութեանց սկսելէն քանի մը տարի ետքը սկիզբ առած է, և շուրջ տասնեւհինգ տարի տեւած է: Հետեւաբար այդ թարգմանուած կանոնները Հայոց աշխարհ բերուելով՝ ըստ յարմարութեան դասաւորուած են «Օրհնութիւնաբեր գիրք» անուան ներքոյ, որ յետոյ Մաշտոց կոչուեցաւ:

«Այս ամենապատուական և ամենակարեւոր Գիրքն՝ որ հիմա ամէնուն ծանօթ է Մաշտոց կոչմամբ, ըլլայ Ս. Մեսրովպայ երկրորդ անուամբ, ըլլայ հին սրբազան նշանակութեամբ, երեւի, թէ՝ մեր սուրբ թարգմանիչք գիրքը կարգաւորողք՝ կոչեր են Օրհնութիւնաբեր, որպէս և է իսկ. և անոր աղօթից կամ Կանոնաց հեղինակաց ցանկ մ'այլ կարգելով՝ կոչեր են զայն Օրհնութիւնաբեր Ցուցակ» (Հայապատում, Ա., էջ 418): Մխիթարեան մեծ Հայրերէն՝ Հ. Ղեւոնդ Վ. Ալիշանի համաձայն՝ այդ կարգաւորութիւնն Մովսիսի (Խորենացիի) ձեռօք եղած է իբրեւ յամի 431:

Այսպիսով, «Կարգաւորութիւն» խորագրին ներքեւ թուարկուած են ցանկը մեր ծիսարանի բոլոր այն կանոններուն, որոնք Ե. դարու ընթացքին թէ՛ դուրսէն բերուելով թարգմանուած են ասորերէնէ և յունարէնէ և թէ՛ ստեղծուած են մեր Եկեղեցւոյ Հայրերու գրիչի արդիւնքով:

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը «Թուղթ Ընդհանրական»ին մէջ կ'ակնարկէ «Կարգաւորութիւն Օրհնութիւնաբեր Ցուցակին», երբ կը գրէ թէ. «ամենայն կարգեալքն ի նմա ի յառաջին հարցն հաստատեալք են: Է որ ի մերոց լուսաւորչացն և է որ յայլոց ազգաց հայրապետաց, որպէս և են իսկ դրոշմեալ իւրաքանչիւրոց անուանք ի սկզբան ցուցակին: Առաւե՛լ, Հ. Ղեւոնդ Վ. Ալիշան կը գրէ թէ «Մովսէսի (Խորենացի) ընծայուած մակագրաց մէջ Ս. Սահակայ գրիչ կամ դպիր մի եւս յիշեցինք, որ դա մեծ Հայրապետին առաջնորդութեամբ կարգադրեր է մեր Մաշտոց գրոց կանոնները, որոնց ցանկ մըն ալ գրեր է, որ կ'ըսուի «Կարգաւորութիւն» Օրհնութիւնաբեր Ցուցակի, և կը գտնուի հին ձեռագիր Մաշտոցի վերջը կամ սկիզբը դրուած. և այս, արդարեւ, մեծ գործ մի է (Մաշտոցն) և արժանի մեծահամբաւ ընելու իր կարգաւորողը, եթէ՛ է և եթէ՛ ոչ Մովսէս ոմն Խորենացւոյ:

Նոր Հայկզեան բառարանի երից վարդապետաց բնորոշումը յիշատակութեան արժանի է. այնտեղ ծիսագիտական մեծ արժէք կը տրուի Մաշտոց գիրքին՝ որպէս ծիսարան ազգիս, հիմնարկեալ ի սրբոյն Մեսրոպայ Մաշտոցէ, և լաւագոյն յօրինեալ ի Յովհաննէ Մանդակունւոյ, որոյ անուննն է արձանագրեալ ի սկիզբն հին և երկաթագիր Մաշտոցի: Ըստ հնագոյն ձեռագիր Մաշտոցներու այս Օրհնութիւնաբեր Ցուցակի գիրքին թարգմանուած կանոններուն մէջ կը գտնենք յունականէն անկախ՝ ասորական զանազան կանոններ եւս:

Արդարեւ, «Օրհնութիւնաբեր գիրք» կամ «Գիրք եկեղեցական օրհնութեանց»ը սկիզբը համառօտ էր, որ դարուց ի դարս ճոխացաւ. «Վասն որոյ ոմանք այն կարծիքին եղան, թէ այս գործի վերջին կարգաւորութիւն կատարուած է յեկրորդ Մաշտոցէ Կաթողիկոսէ ի Թ. Դարու»:

Այս Մաշտոց Կաթողիկոսի վարքին անդրադարձած է Ստեփանոս Սեւանացին և զայն զետեղած է մատեանի աւարտին: Օրհնութիւնաբեր գիրքին լրացուցիչ աշխատանքը կատարուած է Լամբրոնացիի և Կիլիկեան վարդապետներուն օրով, և այդ մէկը երեւան կու գայ ԺԴ. դարուն գրուած ձեռագիր մատեաններու յաւելուածին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2024, 07:57