Կարդինալ Փիցապալլա Կարդինալ Փիցապալլա 

Կարդինալ Փիցապալլա. Մենք երկար գիշերներ կ՝ապրինք, բարիին համար աշխատողին կողքին ենք

Վատիկանի Նիւզի եւ Վատիկանի Ռատիոկայանի խմբագրապետ տիար Անտրէա Թորնիելլի  հարցազրոյց մը կատարեց Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիեր Պաթիսթա Փիցապալլայի հետ, Սուրբ երկրի ներկայ իրավիճակի մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Վատիկան Նիւզ»ի եւ Վատիկանի Ռատիոկայանի խմբագրապետ տիար Անտրէա Թորնիելլի հարցազրոյց մը կատարեց Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիեր Պաթիսթա Փիցապալլայի հետ, Սուրբ երկրի ներկայ իրավիճակի մասին։

Զրոյցի մէջ ծիրանաւորը դիտել տուաւ, որ Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ տակաւին շատ դժուար է տեսնել ելք մը, այն ատեն երբ բոլորը խոչընդոտներ կը դնեն եւ ներկայիս իրավիճակը երբեք չէ փոխուած ուր սննդեղէնի, ջուրի պակասը կայ եւ իրավիճակը կը շարունակէ խիտ վատթարացած մնալ։

Կարդինալ Փիզապապալլ տեղեկացուց, որ Կազա քաղաքը գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուած է եւ զոհերու թիւը շատ բարձր է եւ Այսյորդանանը պայթումի եզրին է ուր խնդիրները կը շարունակուին, յատկապէս որոշ շրջաններու մէջ Նապլուսի եւ Ենինի շրջաններուն մէջ։

Կարդինալ Փիցապալլա պատասխանելով ապա այն հարցումին, թէ ինչ կ՝ակնկալուի Լիբանանի մէջ Հիւսիսային ճակատին բացումէն եւ Իսրայէլի եւ Լիբանանին մէջ տեղի ունեցած բանավէճերէն՝ պատերազմին դադրեցման համար նշեց, որ ոչ մէկը պատերազմ կ՝ուզէ, սակայն կը թուի, թէ ոչ մէկը կարողութիւնը ունի պատերազմը կանգնեցնելու եւ այն պարագային, եթէ հիւսիսային ճակատը բացուի, Լիբանանը կը դառնայ երկրորդ Կազա նամանաւանդ հարաւային հատուածին մէջ։

Լատինաց Պատրիարքը նշեց, որ ներկայիս մէջ Կազայի մէջ խաղաղութիւն կերտելը հեռու հեռանկար մըն է եւ այժմ պէտք է, որ միջազգային ընտանիքը աշխատի պատերազմը դադրեցնելու համար ու խաղաղութեան հասնելու եւ աւելի լուրջ քաղաքական հեռանկարներու հասնելու համար երկար ժամանակի կարիքը կայ ու լուծումները պէտք են գտնուին տեղւոյն վրայ՝ երկու կողմերու Իսրայէլի եւ Համասին միջեւ։

Ինչ կը վերաբերի Կազայի մէջ եթէ մարդասիրական օգնութիւնները կը հասնին, կարդինալ Փիզապալլա տեղեկացուց որ Լատինաց Պատրիարքութիւնը ամէն բան կ՝ընէ մարդասիրական օգնութիւններու ստանալու համար ու նախատեսուած է որ վաղը հասնի մի քանի թոն սննդամթերք եւ անհրաժեշտ ապրանքներուն առաջին պաշարը։

Կարդինալ Փիցապալլա յայտնեց, որ այս պահուն իրավիճակը շատ ցաւալի է եւ իրենք երկար գիշերներ կ՝ապրին, սակայն յոյսով են, որ այդ գիշերները վերջ պիտի գտնեն դիտել տալով, որ եկեղեցին այս պահուն պէտք է ներկայ եւ մօտիկ գտնուի բոլոր անոնց որոնք տրամադրուած են բարի եւ գեղեցիկ բան մը ընելու։

«Երբ, որ բոլորը պատնէշներ կը կանգնեցնեն մէկը միւսին դէմ, եկեղեցին պիտի շարունակէ միշտ իր ձեռքը տալ ուրիշին։ Այս է մեր պարտականութիւնը, որ կը ծնի մեր հաւատքի փորձառութենէն եւ այն է, որուն կանչուած ենք կատարելու այս պահուն» ըսաւ կարդինալը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2024, 09:40