Խոստովանահայր ունենալու կարեւորութիւնը. Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Որո՞ւ երթամ խոստովանելու: Պատասխանը յստակ է. Եպիսկոպոսին կամ անոր գործակից երէցներուն, անկախաբար անոնց հոգեվիճակէն, ապրելակերպէն կամ խօսելակերպէն: Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը կը սորվեցնէ՝ «Քանի որ Քրիստոս հաշտութեան պաշտօնատարութիւնը յանձնեց Իր առաքեալներուն, ուստի անոնց յաջորդած եպիսկոպոսները եւ անոնց գործակից երէցները կը շարունակեն այս պաշտօնը կիրարկել։ Արդարեւ եպիսկոպոսները եւ երէցները, Կարգի խորհուրդին զօրութեամբ, իշխանութիւնն ունին ներելու բոլոր մեղքերը «անունովս Հօր եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին» (թիւ 1461):
Հաւատքի մէջ կը թերանանք, երբ չափազանց կարեւորութիւն կ'ընծայենք խոստովանահօր մարդկային յատկութիւններուն եւ արժէքներուն կամ կը մօտենանք անոր հանդէպ մեր ունեցած համակրանքին կան հակակրանքին համաձայն: Չմոռնալ թէ քահանան կամ եպիսկոպոսը միջնորդ մըն է, որուն յանձնուած է հաղորդութեան մէջ մտցնել խոստովանողը Քրիստոսի հետ. «Խոստովանահայրը Աստուծոյ ներումին տէրը չէ, այլ սպասաւորը» (Ք.Կ.Ե. թիւ 1466):
Խոստովանանքին համար կարեւոր հարցումը ըլլալու է հետեւեալը՝ Ինչո՞ւ հարկ է խոստովանիլ քահանայի մը կամ եպիսկոպոսի մը, փոխանակ մտերմիկ օրէն սրտիս խորէն ուղղակի դիմել Աստուծոյ ողորմութեան: Պատասխանը պարզ է եւ յստակ. Որովհետեւ անդամ եմ Եկեղեցւոյ, որուն աստուածային օրէնքներուն Սուրբ Խորհուրդներուն հետեւելու եմ, որոնք հիմնուած են Քրիստոսի կողմէն: Շատ բնական է որ երբ անձ մը հաստատութեան մը մէջ փափաքի աշխատիլ ինք զինք կ'ենթարկէ անոր պայմաններուն ու աշխատակերպին: Ինչո՞ւ կ'ուզենք յեղաշրջել դերերը:
Երբ մեղանչեմ՝ կը վիրաւորեմ զԱստուած եւ կը վնասեմ ես ինծի, որ սահմանուած եմ ազատ ըլլալու, բացարձակ բարին փնտռելու, հետապնդելու եւ ձեռք ձգելու: Մեղքը թերացում է Աստուծոյ սիրոյն դէմ, Եկեղեցւոյ մայրութեան դէմ եւ իմ անձիս հոգատարութեան դէմ։ Մեղքովս կը վիրաւորեմ Խորհրդաւոր Մարմինը Քրիստոսի՝ Եկեղեցին եւ Անոր բոլոր անդամները եւ կը խզեմ անոնց հետ ունեցած հաղորդութիւնը : Ամէն մարդ սրբանալով, իր հետ կը սրբացնէ ամբողջ աշխարհը: Մեղքին մէջ սայթաքող քրիստոնեան կը կասեցնէ Եկեղեցւոյ ընթացքը դէպի կատարելութիւն: Մեղքերու փոքրագոյնը կը վնասէ այն ծառը, որուն մէկ ճիւղն եմ ես: Մահացու մեղքով ամբողջովին կ'անջատուիմ որթատունկէն եւ ան կը տկարանայ: Ընդհակառակը իմ կենսունակութեամբս Եկեղեցին ամբողջ անդամներով կը բարձրացնեմ, որովհետեւ Աստուած շնորհած է ինծի Իր շնորհքները, որպէս զի զանոնք մատակարարեմ եւ օգտակար ըլլամ մարդկութեան վերելքին:
Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն Եկեղեցւոյ անդամներուն այս պատասխանատուութիւնը աւելի շեշտուած էր նորադարձ քրիստոնեաներուն կեանքին մէջ: Խոստովանանքը կը կատարուէր ամբողջ քրիստոնեայ հասարակութեան ներկայութեան: Ներկայիս խոստովանանքի օրէնքը մեղմացած է եւ անհատական դարձած: Ան, հակառակ մեղմացումին, կը շարունակուի կատարուիլ անհատական կերպով խոստովանահօր քահանային առջեւ միայն, որ «պարտի միանալ Քրիստոսի դիտաւորութեան եւ սիրոյն: Պարտի ունենալ փորձուած ճանաչումը քրիստոնեայ վարուելակերպին, փորձառութիւնը մարդկային բաներուն, յարգանքն ու փափկանկատութիւնը հանդէպ անոր, որ սայթաքած է: Ան պարտի սիրել ճշմարտութիւնը, ըլլալ հաւատարիմ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան. ան համբերութեամբ պէտք է ըլլայ պաշտպանողը եկեղեցւոյ եւ առաջնորդել զայն դէպի բուժում եւ լման չափահասութիւն: Ան պարտի անոր համար աղօթել եւ ապաշխարել, յանձնելով զինք Տիրոջ ողորմութեան» (Ք.Կ.Ե. թիւ 1466)։ Եկեղեցիէն, իր քահանային միջոցաւ, որպէս քահանայ, Քրիստոսի առաքեալը, կը ստանամ արձակումը մեղքերուս եւ հաշտութիւնը Աստուծոյ եւ մարդկութեան հետ: Եկեղեցին կը թողու իմ ազատութեանս ընտրել սրբակեաց եւ գիտուն խոստովանահայրս:
Հռոմէական Ընդհանրական Կաթողիկէ Եկեղեցին քահանային խոստովանելու դրութիւնը կը հիմնաւորէ առաջին դարերու առաքեալներէն եւ քրիստոնեաներէն մեզի հասած աւանդութեան վրայ, որ Քրիստոսի խօսքին ՝ «Անոնց որոնց մեղքերը ներէք, պիտի ներուին, իսկ անոնց որոնց մեղքերը կապէք պիտի կապուին» (Յովհ. 20, 23) յենլով կ'ընդունի, թէ Քրիստոս մեղքերը ներելու կամ կապելու իշխանութիւնը տուած է առաքեալներուն եւ անոնց յաջորդներուն՝ եպիսկոպոսներուն եւ ասոնց գործակից երէցներուն, քահանաներուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ