«Յունիս՝ Սիրտ Յիսուսի ամիսը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը
Ահաւասիկ Յունիս ամիսը կը սկսի, որ աւանդական ամիսն է Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութեան կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ: Վաղուց՝ սիրտը ճանչցուած է որպէս կեդրոնը սիրոյ եւ անձնուիրումի: Աստուծոյ Սէրը կը յայտնուի մարդոց՝ Յիսուսի մարդկային սրտին միջոցաւ:
Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ մեծ դեր ունեցած է քանի Յիսուս ինքնին՝ մեզի յայտնեց իր սրտին մեծութիւնը երբ Գողգոթայի ճամբուն վրայ իր արիւնը թափեց մեզ փրկելու համար: Այս բարեպաշտութիւնը կը պատուէ Յիսուսի Սիրտը իր փչկագործութեան խորհուրդին մէջ:
1675-ին Սրբուհի Մարգրիտ Մարիամ Ալագոք, Վիզիդանտին Մայրապետ մը, աղօթքի ատեն կը տեսնէ Յիսուս Փրկիչը, որ իր աստուածային Սիրտը ցուցնելով կ'ըսէ՝ «Ահաւասիկ այս սիրտը որ այնքա՜ն սիրեց մարդիկը եւ ոչինչ խնայեց իր սէրը ցուցնելու համար, բայց երախտագիտութեան տեղ, մարդոց շատերէն ուրիշ բան չընդունեցաւ բայց եթէ՝ ապերախտութիւն, արհամարհանք, սրբապղծութիւններ եւ պաղ վերաբերմունք»:
Այն ատեն, Յիսուս կը խնդրէ սրբուհի մայրապետէն, որ Սուրբ Հաղորդութեան Ութօրէքին յաջորդող Ուրբաթը իրեն Սուրբ Սրտին նուիրուի, եւ իրեն հատուցում կատարուի Ս. Ժամու ջերմեռանդութեամբ եւ ամսուան առաջին Ուրբաթի խոստովանանքով եւ հաղորդութեամբ:
Այսպէսով, Յիսուս կը խնդրէ Սրբուհի Մարգրիտ Մարիամէն հաստատել յատուկ տօն մը՝ պատուելու համար իր Սիրտը, եւ կը պահանջէ Սուրբ Հաղորդութիւնը, որպէս հատուցում սխալներու՝ գործուած Սուրբ Հաղորդութեան դէմ :
1856ին Պիոս Թ. Քահանայապետը վերջնականապէս կը տարածէ Սիրտ Յիսուսի տօնը ընդհանուր Եկեղեցւոյ մէջ, որ չի դադրեցաւ այն ժամանակէն ի վեր զայն տօնել ջերմեռանդութեամբ:
Սիրտ Յիսուսի տօնը տեղի կ'ունենայ ամէն տարի երրորդ ուրբաթը՝ Հոգեգալուստէն ետք: Տօնակատարման ընթացքին, Եկեղեցին կը սերտէ իր Փրկիչին սիրտը, որ կ'առաջնորդէ մինչեւ խորերը սիրոյ խորհուրդին, ուր կը հանդիպին մարդը եւ Աստուած: Ան՝ որ եկաւ յայտնելու իր վիրաւորուած սիրտը, Ան է, որուն մէջ ամէնքը կրնան խմել ողորմութեան աղբիւրէն: Շարունակ սերտենք այս անծայր խորհուրդը՝ Աստուածային սիրոյ:
Սիրտ Յիսուսի Տօնը կարեւոր դէպք մըն է զատկական խորհուրդին մէջ, որ մեզ կը հրաւիրէ սերտելու Յիսուսը՝ տէրը հեզեւ խոնարհ սրտին:
Սուրբ Հաղորդութեան օծման մէջն է որ պէտք է փնտռենք իսկական ներկայութիւնը Յիսուսի սուրբ Սրտին, որովհետեւ միայն Ս. Հաղորդութեան մէջն է որ կը գտնուի ամբողջ խորհուրդը Աստուածային սիրոյ եւ Յիսուսի սուրբ Մարդկութիւնը միացած անոր Աստուածութեան: Ուրեմն հաղորդութեան հռչակումը Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնն է Սուրբ Պատարագին Նոր եւ Յաւիտենական Ուխտին, որ Յիսուս կ'ընծայէ իր Հօր, օրհնելով հացը՝ իր Մարմնով, եւ գինին իր Արիւնով:
Այսպէս, ամէն անգամ որ կը տօնենք Ոտնլուան, պաշտենք հեզ եւ խոնարհ սիրտը Յիսուսի՝ վառ ողորմութեան բոցերով: Ուսանինք Սիրտ Յիսուսի դպրոցին մէջ, ստանձնելու համար լրջօրէն պատասխանատուութիւնները, որոնք մեզ կը սպասեն մեր կեանքին ընթացքին: Եւ յատկապէս փորձենք գտնել այս անսպառ ողորմութեան աղբիւրին մէջ քաջասրտութիւնը եւ համբերութիւնը կատարելու համար Տիրոջ կամքը ամէն կացութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ