Կարդինալ Քրիսթոֆ Ֆիեռ Կարդինալ Քրիսթոֆ Ֆիեռ   (Vatican Media)

ԱՄՆ-ի մէջ Պապական նուիրակը. Սուրբ Հաղորդութեան վերազարթնում կը նշանակէ միութիւն եւ Քրիստոսը տեսնել ուրիշներուն մէջ

Յուլիս 17ին, Ինտիանափոլիսի մէջ գումարուած ազգային Սուրբ Հաղորդութեան համագումարին ընթացքին, Միացեալ Ազգերու մէջ Պապական Նուիրակը յորդորեց հաւատացեալները, որ դուրս գան Սուրբ Հաղորդութեան բարեպաշտութեան կապուած արարողութիւններէն ու խնամեն Յիսուսին հետ յարաբերութիւնը՝ սորվելու համար յարաբերութիւն ունենալ ուրիշին հետ ընդունելով զայն իր բազմազանութեան մէջ ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

հինգշաբթի, 17 յուլիսին, Միացեալ Նահանգներուն Ինտիանափոլիս քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան ազգային 10-րդ համագումարին որ վերջ պիտի գտնէ Կիրակի 21 յուլիսին։

Համագումարը սկիզբ առաւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Պապական Նուիրակ կարդինալ Քրիսթոֆ Փիեռի բացման խօսքով։ Ելոյթին մէջ ծիրանաւորը շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ որ «Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ միութեան համար մեծ պարգեւ մըն է ու այդ միութեան աղբիւր»։

Կարդինալը ապա նշեց, որ ինք համագումարին ներկայ է «որպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ Նորին Սրբութեան անձնական ներկայացուցիչը», ու իր ներկայութիւնը ձեւ մըն է արտայայտելու համար Պապին հոգեւոր մօտիկութիւնը ու միութիւնը համագումարին մասնակիցներուն եւ երկրին հետ, ըսաւ կարդինալ ապա հրաւիրեց աղօթելու որպէսզի Միացեալ Նահանգներու եկեղեցին աճի միութեան մէջ՝ եկեղեցական առաքելութեան ներքեւ աւելի պտղաբեր դառնալու համար։

Սուրբ Հաղորդութեան վերազարթնումը

Կարդինալ Փիեռ նկատել տուաւ, որ միութիւնը իրականացնելու համար պէտք է հասկնանք, թէ ինչ կը նշանակէ Սուրբ հաղորդութեան վերազարթնումը։ «Իսկական սուրբ Հաղորդութեան վերազարթնումը՝ թէեւ միշտ ուղեկցուած Սուրբ Հաղորդութեան բարեպաշտութեամբ որուն շարքին« երկրպագութիւն, օրհնութիւն, քրիստոնէական վարդապետութիւն, թափօրներ, « Ճշմարիտ Հաղորդութեան զարթօնքը կը նշանակէ Քրիստոսը տեսնել ուրիշներուն մէջ, ոչ միայն ընտանիքին մէջ, բարեկամներուն եւ համայնքներուն մէջ, այլ անոնց մէջ որոնցմէ հեռու կը զգանք, քանի որ անոնք տարբեր են ցեղային կամ ընկերային վիճակէն, անոնցմէ որոնք կը պայքարին մեր մտածելակերպին դէմ կամ ալ մեզմէ տարբեր կարծիքներ ունին։

«Երբ մենք կը հանդիպինք այդ անձերուն», ընդգծեց կարդինալը « Քրիստոսը ներկայ է կամուրջ կառուցելու համար», միացնելով ողջ ժողովուրդները, որոնք միեւնոյն Երկնային Հօր որդիներն են ու կանչուած միեւնոյն յաւիտեանական ճակատագիրին»։

Կարդինալը ելոյթը աւարտեց յորդորելով «աղօթել Սուրբ Հաղորդութեան ճշմարիտ վերազարթնումին համար» որպէսզի մեր աչքերը բացուին ու սորվինք տարբեր ձեւով մտածել։ « Քանի որ Սուրբ Հաղորդութեան վերազարթնումը մեզ պիտի տանի Հովուական ծառայութեան ապաշխարութեան, ասոր համար պէտք է Տիրոջմէ հայցենք որ մեզի բացայայտէ դիմադրութեան վայրերը, որպէսզի առաջնորդուինք իր կողմէ ու դառնանք իր թագաւորութեան իսկական առաքեալները», ըսաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Պապական նուիրակը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2024, 12:04