Որոնել

2024.05.03 Immagine di Trieste

Մամլոյ ասուլիս Թրիեսթէի մէջ՝ նուիրուած «Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային 50րդ շաբթուան»

Ձեռնարկի բացումին՝ 3 Յուլիսին նախատեսուած է Իտալական Հանրապետութեան Նախագահին մասնակցութիւնը, մինչդեռ 7 Յուլիսին, Սրբազան Քահանայապետը փակումը պիտի կատարէ Շաբթուան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 2 Յուլիս 2024ին Թրիեսթէի մէջ Ֆրիուլի-Վենեցիա-Ճուլիա Շրջանի Ներկայացուցչական Դահլիճէն ներս, տեղի կ’ունենայ մամլոյ ասուլիս նուիրուած «Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային 50րդ շաբթուան», որ ծրագրուած է Յուլիսի 3էն 7ը եւ որուն նիւթն է՝ «Ժողովրդավարութեան սիրտէն ներս, մասնակցիլ ընդմէջ պատմութեան եւ ապագայի»։

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին բացումի արարողութեան՝ 3 Յուլիսին, պիտի մասնակցի Իտալական Հանրապետութեան Նախագահ Սերճիo Մաթթարելլան, մինչդեռ 7 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փակումը պիտի կատարէ Շաբթուան՝  գլխաւորելով Համապատարագը։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ’ունենան, ի միջի այլոց, Քաթանիայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային շաբաթներու գիտական ​​եւ կազմակերպչական կոմիտէի Նախագահ` Գերապայծառ Լուիճի Ռեննան, Թրիեսթէի Եպիսկոպոս Էնրիքօ Թրեվիզին, Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային շաբաթներու գիտական ​​եւ կազմակերպչական կոմիտէի փոխնախագահ Էլենա Կրանաթան։

Յոբելենական 50րդ Շաբթուայ նպատակն է խորացնել քրիստոնէական ընկերային պատգամը եւ առաջնորդել հաւատացեալներու գործողութիւնները տարբեր բնագաւառներէն ներս՝ բաց ըլլալու եւ բոլորը ներգրաւելու մտադրութեամբ՝ ըլլայ պատուիրակները, ըլլայ, բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք կը ցանկանան ներդրում ունենալ անոր մէջ՝ իրենց կուտակած լաւ փորձով։

Ըստ այդմ, ձեռնարկը առաւօտները երկու զուգահեռ ուղիներով պիտի ընթանայ՝ մէկը պատուիրակներուն համար, շուրջ 900 ողջ Իտալիոյ թեմերէն, ընկերակցութիւններէն ու շարժումներէն, որոնք վերոնշեալ օրերուն քննարկումներ պիտի կատարեն Թրիեսթէի պատմական կեդրոնի սրահներէն ներս տարբեր նիւթերուն նուիրուած կլոր սեղաններու շուրջ։

Միւսը՝ հանրութեան համար՝ իրենց համար նախատեսուած յատուկ ծրագիրով։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 5։30էն երկու ուղիները կը միահիւսուին քաղաքի «Ժողովրդավարական հրապարակներուն» վրայ կազմակերպուած տարբեր միջոցառումներով եւ ներկայացումներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2024, 11:43