Հոգեւոր Տէրը եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչները Հոգեւոր Տէրը եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչները 

ՀՅԴ ներկայացուցիչները այցելեցին ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ

Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու նաեւ Լիբանանի ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական կացութիւններուն մասին։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն, շեշտելով միջյարանուանական եւ համահամայնքային համակարգումով աշխատանքներ ծրագրելու եւ իրականացնելու հրամայականը։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս-Պատրիարքին ։
Հոգեւոր Տիրոջ եւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին հայրենական վերջին իրադարձութիւններուն, Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի իրավիճակին, Արցախի ռազմաքաղաքական գերիներու ազատ արձակման հնարաւորութիւններուն եւ երկու կողմերու համահայկական նախաձեռնութիւններուն մասին։
Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու նաեւ Լիբանանի ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական կացութիւններուն մասին։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն, շեշտելով միջյարանուանական եւ համահամայնքային համակարգումով աշխատանքներ ծրագրելու եւ իրականացնելու հրամայականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2024, 07:50