Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (14)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ Հայրապետի վերատեսչութեան:

ԺԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք  Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ Հայրապետի վերատեսչութեան:

 

Ե. դարու ժամանակակից բոլոր վկայութիւնները կը հաստատեն թէ Ս. Սահակ Հայրապետը (348-440) կը հսկէր որ աստուածային պաշտամունքը անթերի ու անխափան կատարուէր ամէն օր, գիշեր ու ցորեկ, և կը պատուիրէր որ քահանաները միշտ եկեղեցւոյ մէջ գտնուէին, հաւատացեալներուն հոգեւոր պէտքերը լեցնելու համար, և այս նպատակով՝ մանաւանդ ամառնային եղանակին՝ անոր գործակից քահանաները շաբաթէ շաբաթ փոխանակաւ իրեն քով մնային: Ան կը տխրէր որ քահանայք յաճախակի կը թերանային Ս. խորհուրդներուն մատակարարութեան մէջ, ինչպէս կը գանգատի սուրբ հայրապետը, և ի մասնաւորի Մկրտութեան խորհուրդը պատշաճ երկիւղածութեամբ չէին կատարեր, թոյլ տալով որ կանայք իրենց մօտ գտնուէին, պարզապէս հետաքրքրութեան համար, որոնք մերթ կը յանդգնէին նոյն իսկ մկրտել երախաները, որոնց կը սաստէ և կը պատուիրէ՝ որ իրենց տեղերը կենան ու աղօթեն:

Կ'երեւի թէ Ս. Սահակի հայրապետութեան առաջին տարիները, կը շարունակէին քահանայք իրենց տուներուն մէջ օրհնել մկրտութեան իւղը կամ միւռոնը, թերեւս նախորդ կաթողիկոսներուն թոյլտուութեամբ մտած սովորութեան մը համաձայն, զոր կը դատապարտէ խստօրէն Ս. Սահակ ու կը պարտադրէ՝ որ ամէն տարի Զատկի տօնէն վերջը անպատճառ իրեն բերեն օրհնելու մկրտութեան իւղը:

Դարձեալ, եպիսկոպոսներուն և առաջնորդներուն անհոգութեան ու թուլութեան պատճառաւ, քահանաները թոյլ կու տային որ եկեղեցւոյ սրբազան սպասներն ու անօթները գործածուէին աշխարհիկ պէտքերու համար, ինչպէս տաճարին կամ բեմին վարագոյրը իբր առագաստ հարսանիքի, և սկիհը՝ իբր բաժակ գինի խմելու կոչունքներուն մէջ: Սոյն եղելութիւնը Ս. Սահակի ականջը հասնելով, զարհուրած ու զայրացած այդպիսի սրբապիղծ արարքի մը վրայ՝ խստօրէն կը յանդիմանէ անոնց անվայել ու անկարգ ընթացքը: Սովոր էին դարձեալ քահանայք՝ շինականներուն տուները տանիլ Ս. խորհուրդը և հոն հաղորդել զիրենք:

Այդ անպատեհ սովորութիւնն ալ կ'արգիլէ, թոյլ տալով որ միայն ծանր և օրհասական հիւանդներուն տարուի՝ ամէն պատշաճ յարգանքով և երկիւղածութեամբ՝ զիրենք հաղորդելու: Դարձեալ, Պսակի խորհուրդն ալ իր սրբութեան, բարձրութեան և լրջութեան մէջ պահուած չէր: Քահանաները թեթեւօրէն կ'օրհնէին անխելահաս տղոց և աղջիկներու պսակը, որոնք անգէտ տակաւին իրենց վիճակին, պարտականութեանց և առանց իրարու փոխադարձ հաւանութեան, լոկ ծնողներուն ստիպումով կ'ամուսնանային, որով կ'արհամարհուէր խորհուրդը և ծանր հետեւանքներ առաջ կու գային:

Արդարեւ, այդ անկարգ ու անսանձ հոգին՝ այն դարուն տիրապետող տարրն էր, ոչ միայն հայկական՝ այլ և յոյն և մանաւանդ ասորի եկեղեցիներուն մէջ, ուր թերեւս յոռեգոյն էր կացութիւնը, ճարակած ըլլալով կղերականներուն մէջ ագահութիւնը, արծաթսիրութիւնը և սիմոնականութիւնը, ինչպէս կ'աւանդեն ասորի գրիչները: Ի վերջոյ վարդապետօրէն կը խօսի ծէսերու և արարողութեանց մասին և կը թուէ մի առ մի տարւոյն գլխաւոր տօները, լուսաբանելով անոնց խորհուրդներն ու յիշատակները, և յորդորելով որ սուրբ պահեն այդ օրերը, կատարելով իրենց հոգեւոր պարտքերը: Բազմավաստակ Հայրապետը այս ուղղութեամբ վեց գլուխներէ բաղկացած՝ կանոնական նամակ մըն ալ գրած է, ուղղուած Հայ Եկեղեցւոյ:

Իսկապէ՛ս, բարեջան Հայրապետը իր դիպուկ խրատներով՝ լիովին յաջողեցաւ բարեկարգ, երկիւղած և իմաստուն սերունդ մը հասցնել օրինակելի եկեղեցականներու, որոնք՝ իր և Ս. Մեսրոբի կենդանութեան ատեն աջակցեցան իրենց ըստ ամենայնի, և անոնց մահէն վերջ ալ այնքան արիաբար և իմաստնօրէն վարեցին հայ եկեղեցւոյ և ազգին ղեկը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2024, 08:00