ISRAEL-LEBANON-PALESTINIAN-CONFLICT

Լիբանան. Ըստ մարոնցի եպիսկոպոսին, ժողովուրդը Իսրայէլի հետ պատերազմ չուզեր

Լիբանանի Պաթրունի Եպիսկոպոս` Գերապ. Մունիր Խայրալլա կը հաստատէ, որ Երկիրը կ՛աղօթէ խաղաղութեան համար եւ օգնութիւն կը մատուցէ 100 հազար գաղթականներու
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ կացութիւնը վատթարացումի ճամբուն վրայ է եւ բախումները օրէ օր կը սաստկանան։ Մայրիներու Երկրին՝ Մարճայուն շրջանին մէջ յարձակումներ կը գրանցուին ամէն օր, և մինչ օրս, ըստ որոշ հասարակական կազմակերպութիւններու կան 96,829 տեղահանուած մարդ և առնուազն 435 զոհ, որոնց շարքին առ նուազն 97 խաղաղ բնակիչ:

«Մինչեւ այն ժամաբակ, որ զինադադար չի հաստատուի Կազայի մէջ բռնութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ...լիբանանցիները թիրախ են այս պատերազմի հետեւանքներուն, սակայն կը մերժեն իսրայէլի հետ պատերազմը» կը հաստատէ Լիբանանի Պաթրունի Եպիսկոպոս` Գերապ. Մունիր Խայրալլա, որ ակնարկելով տեղահաններուն կը նշէ որ անոնցմէ շատերը հիւրընկալուած են իրենց բարեկամներու եւ ազգականներու կողմէ։

Գերապ. Խայրալլա կը մատնանշէ նաեւ` «Պետականութեան բացակայութեան» որուն դիմաց Լիբանանեան Եկեղեցին յանձնառու է ի սպաս ժողովուրդին ու մանաւանդ կարիքաւորներուն։ «Ականատես ենք մարդոց դէպի հաւատք ու Եկեղեցի վերադարձին» կը նշէ Ան խօսելով անցեալ Կիրակի օր Սուրբ Շարպելի տօնին առիթով հազարաւոր հաւատացեալներուն Սուրբ ՇարպեԼի սրբավայր կատարած ուխտագնացութեան մասին, որոնք «աղօթեցին նաեւ խաղաղութեան համար» կը հաստատէ Մարոնցէ Եպիսկոպոսը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2024, 11:53