Գինեձօն՝ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի «Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին» գիրքին  Գինեձօն՝ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի «Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին» գիրքին  

Գինեձօն՝ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի «Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին» գիրքին

Նորատիպ գիրքին ներկայացումը կատարեց Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհի՝ օր. Սալբի Թիթիզեան: Օրիորդ Սալբի անդրադարձ կատարեց գիրքին ամէն մէկ բաժինի վրայ, յիշեց որ հայր Նարեկ սոյն գիրքը կը հրատարակէ իր մարեմասէր մօր յիշատակին, իր քահանայական ձեռնադրութեան 25 եւ Զմմառու վանքի հիմնադրութեան 275 ամեակներուն առթիւ:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 11 Օգոստոս 2024-ին, Քեսապի գրասէր եւ մարեմասէրներու ժամադրավայրն էր Ս. Միքայէլ եկեղեցի, ուր երեկոյեան ժամը 6-ին տեղի ունեցաւ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի «Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին» նորատիպ գիրքին գինեձօնը:

Գինեձօնի հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Ճուրեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնց մէջ էին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ, Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեան ինչպէս նաեւ եկեղեցական, ազգային, մշակութային եւ կրթական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ Մարիամ Ս. Կոյսը եղած է շատ գրագէտներու ներշնչարան եւ մեր բոլորին սիրոյ անսպառ աղբիւր, ինչպէս նաեւ աւելցուց ըսելով թէ մենք իբր հաւատացեալներ բախտաւոր ենք ունենալով երկու մայրեր՝ մին մեր բնական, ֆիզիքական մայրը իսկ երկրորդը մեր երկնային սիրամայրը:

Գինեձօնի հանդիսութիւնը կ'ընդգրկէր գեղարուեստական բաժին մը, որ սկիզբ առաւ ասմունքով մը զոր մեծ ապրումով կատարեց Գարլա Աթիկեան, ասմունքելով Դանիէլ Վարուժանի «Խաչբուռ»ը, որուն յաջորդեց ժօզէֆ Արամեան նուագելով տուտուկի վրայ Կոմիտասի «Հով առէ՛ք սարեր» երգը:

Նորատիպ գիրքին ներկայացումը կատարեց Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհի՝ օր. Սալբի Թիթիզեան: Օրիորդ Սալբի անդրադարձ կատարեց գիրքին ամէն մէկ բաժինի վրայ, յիշեց որ հայր Նարեկ սոյն գիրքը կը հրատարակէ իր մարեմասէր մօր յիշատակին, իր քահանայական ձեռնադրութեան 25 եւ Զմմառու վանքի հիմնադրութեան 275 ամեակներուն առթիւ: Օրիորդ Սալբի օրինակներով մանրամասն բացատրութիւն տուաւ գիրքին առաջին բաժնի հինգ գլուխներուն մասին, որ կը կրէր «Մարիամ Կոյսը Սուրբ գիրքին մէջ» խորագիրը եւ ներկայացուց նաեւ երկրորդ բաժինը՝ «Հայոց Զմմառավանքը եւ Ցաւագին Տիրամայրը» վերնագրով: Ապա ընթերցեց նորատիպ գրքէն առնուած Պարոյր Սեւակի «Բարեխօս եղիր իմ եւ իմ միջեւ» քերթուածը:

Գեղարուեստական բաժնի երկրորդ մասով Ճորճ մատանի ջութակի վրայ նուագեց «Բարի Արագիլ»ը եւ «Օտար ամայի Ճամբէքի վրայ» իսկ անոր ընկերացաւ տոտուկով Ժօզէֆ Արամեանը «Կռունկ» երգին կատարողութեան: Ապա Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ երգչախումբը հրամցուց մարեմեան երեք տաղեր՝«Մինչ օրրանէս», «Ընծայենք Մեր Յարգանքներ» եւ «Ողջոյն Քեզ»:

Հանդիսատեսներուն մէջ կը գտնուէր Քեսապի զաւակ՝ ուսուցիչ, պատմաբան, ազգագրագէտ եւ բանասէր Յակոբ Չոլաքեան.իր կարգին խօսք առնելով պրն. Յակոբ խօսեցաւ Ս. Աստուածածնայ եւ Քեսապի անքակտելի կապին մասին յիշելով բազմաթիւ եկեղեցիները որոնք կը կրեն Ս. Աստուածածին անունը եւ տուաւ հակիրճ պատմական մը Աստուածածնայ տօնակատարութեան մասին Քեսապի մէջ. Ան նաեւ բացատրական մը տուաւ «Գինեձօն»ի արարողութեան եւ անոր ծագման մասին:

Հուսկ մասնակցութեամբ Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեանի, Քեսապի հայ առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր՝ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի, հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ պրն. Չոլաքեանին տեղի ունեցաւ գինեձօնը, որմէ ետք խօսք առաւ հայր Նարեկ եւ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց սոյն ձեռնարկին պատրաստութեան եւ յաջողութեան սատարող բոլոր անձերուն ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին մակագրութիւնը եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Թղթակից
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2024, 09:00