Խաչ, Յարութիւն Խաչ, Յարութիւն 

Եկեղեցական Գիտելիքներ Խաչվերացի Շաբաթ (15_22 Սեպտեմբեր 2024)

Հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, ՜՜Խաչվերացը ՝՝ կամ վերացումն Սրբոյ Խաչի տօնը. Այս տօնը կը յիշատակէ 630 թուականին` Քրիստոսի խաչափայտին յաղթական վերադարձը` Պարսկաստանէն դէպի Բիւզանդիոն. Բոլոր այն երկիրները ուրկէ անցաւ Սուրբ Խաչը, ան ընդունուեցաւ մեծ տօնակատարութիւններով եւ կրակավառութեամբ` լեռներու գագաթներուն վրայ, ու ժողովուրդներու խանդավառ ողջոյններով։
Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթը բաժնուած է ընդմէջ եկեղեցւոյ եւ խաչի տօնակատարութեան. Երեք օր խաչի տօնը կը շարունակուի եւ երեք օր` Եկեղեցւոյ տօնը։ Կը վերցուին շաբթուայ ընթացքին եղող պահքերը չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը ու կը շարունակուի տօնը մինչեւ յաջորդ կիրակին։

Հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, ՜՜Խաչվերացը ՝՝ կամ վերացումն Սրբոյ Խաչի տօնը. Այս տօնը կը յիշատակէ 630 թուականին` Քրիստոսի խաչափայտին յաղթական վերադարձը` Պարսկաստանէն դէպի Բիւզանդիոն. Բոլոր այն երկիրները ուրկէ անցաւ Սուրբ Խաչը, ան ընդունուեցաւ մեծ տօնակատարութիւններով եւ կրակավառութեամբ` լեռներու գագաթներուն վրայ, ու ժողովուրդներու խանդավառ ողջոյններով։

Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մնաց այս ժողովրդական ուրախութեան մեծ յիշատակումը, որ տարուէ տարի տօնուեցաւ ու կը շարունակէ տակաւին տօնուիլ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ. Մինչ Հայերը պահեցին նախապէս հաստատուած Սուրբ Խաչի չորս տօները տարուան ընթացքին, միւս ծէսերը, մանաւանդ լատինները աւելի պարզեցուցին եւ 14 սեպտեմբերին մէջ խտացուցին խաչի բոլոր տօները։

Սուրբ Խաչի օրը կարդացուած աւետարանը կը յիշատակէ Քրիստոսի խօսքը, որ կը նմանցնէ խաչը Մովսէսի բարձրացուցած պղնձեայ օձին, անապատին մէջ. Այդ մետաղեայ օձը բուժեց իրական օձերէ խայթուող մարդիկը. Նոյնպէս ալ Քրիստոսի խաչը, չարչարանքի գործիք` պիտի փրկէ մարդկութիւնը իր մեղքերէն։

Իսկ Պօղոս առաքեալ` օրուան ընթերցուածին մէջ` կու տայ իր նշանաւոր պատգամը խաչի մասին, ըսելով. Այլեւս ես չեմ պարծենար եթէ ոչ` խաչովը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որով աշխարհ ինծի համար խաչուած է եւ ես խաչուած մըն եմ աշխարհի համար։

Երկուշաբթի օր, ըստ հայկական սովորութեան, կը կատարենք ընդհանուր Մեռելոց յիշատակութիւնը, ինչպէս ամէն տաղաւարի յաջորդող օրը. 

Կատարելով այս յիշատակը, կը միանանք մեր ննջեցեալներու հոգիներուն, որոնք կարիքն ունին մեր աղօթքներուն. Մինչ ուրիշ Եկեղեցիներ տարին միայն մէկ անգամ կը կատարեն ննջեցելոց յիշատակը, Հայ Եկեղեցին զայն կը կատարէ տարին հինգ անգամ։

Մնացեալ շաբաթը բաժնուած է ընդմէջ եկեղեցւոյ եւ խաչի տօնակատարութեան. Երեք օր խաչի տօնը կը շարունակուի եւ երեք օր` Եկեղեցւոյ տօնը։ Կը վերցուին շաբթուայ ընթացքին եղող պահքերը չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը ու կը շարունակուի տօնը մինչեւ յաջորդ կիրակին։ Անշուշտ կը կարդացուին նաեւ օրուան պատշաճող ընթերցուածներն ու աւետարանները ։

Նկատի առնենք անոնց մէջէն չորեքշաբթի օրուայ աւետարանը, որ Մատթէոսինն է եւ ուր տեղի կ՛ունենայ նշանաւոր դէպքը Պետրոս առաքեալի պաշտօնական դաւանանքին. Ան կ՛ըսէ Յիսուսի. Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին. Այն ատեն Յիսուս կը կարգէ զինք վէմ, փոխելով իր անունը. Սիմոնը կը դառնայ Պետրոս, որ լատինական լեզուի մէջ կը նշանակէ վէմ, ժայռ։

Յիսուսի անմոռանալի խօսքերն են ահա ուղղուած Պետրոսի. Եւ ես կ՛ըսեմ քեզի. Դուն ես Վէմը եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ Եկեղեցիս եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր։ Եկեղեցւոյ տօնին առթիւ ասկէ աւելի բացայայտ ու սքանչելի աւետարան կարելի չէ ունկնդրել։

Իսկ ուրբաթ օրը, տօն խաչի, կը կարդանք Յովհաննէսի խաչելութեան աւետարանը. Քրիստոսը խաչեցին երկու աւազակներու միջեւ Գողգոթա կոչուած տեղը, որ եբրայեցերէն լեզուով կը թարգմանուի Գանկ։ Խաչին գլուխը գամուած` տախտակ մը կար ուր գրուած էր. ՜՜Յիսուս Նազովրեցի Թագաւոր Հրեաներու՝՝։

Շաբաթ  21 Սեպտեմբերին տօնն է Հայաստանի անկախութեան: 

Կիրակի 22 Սեպտեմբերը, Բ. Կիրակին է զկնի Խաչի.  եւ Բարեկենդան Վարագայ Սուրբ Խաչի: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2024, 07:00