2024.06.18 Illegio Coraggio 1

Եկեղեցական գիտելիքներ երկրորդ շաբաթ Խաչի, (22-29 Սեպտեմբեր 2024)

Շաբաթ օր` 28 սեպտեմբերին կը տօնենք նշանաւոր սուրբերէն` Սուրբ Գէորգ Զօրավարը եւ նահատակը. Ճիշդ է որ իր մասին եղած առասպելները այնքան չափազանցուած են (զոր օրինակ վիշապի դէմ մարտնչիլը) որ Եկեղեցին զգուշութեամբ կը մօտենայ իր անձնաւորութեան խորհրդաւոր անկիւններուն, թէեւ ան բոլոր աշխարհի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, թէ Արեւելքի եւ թէ Արեմուտքի մէջ. Իր նահատակութեան թուականն է 303-ը, Նիկոմիդիոյ մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 22 Սեպտեմբերին` Հայ Եկեղեցւոյ մօտ կը սկսի Բարեկենդանը Վարագայ Սուրբ Խաչին, որուն կը յաջորդէ պահքը Սուրբ Գէորգին։ Սակայն իրականութեան մէջ, Վարագայ Սուրբ Խաչը տաղաւար չըլլալով` չունի պատրաստողական պահք. Նոյնպէս Սուրբ Գէորգն ալ չունի պահք, նման Սուրբ Սարգիսին, որովհետեւ Սուրբ Սարգիսը կու գայ առաջաւորաց շրջանին։

Երկուշաբթի 23 սեպտեմբերին` կը տօնենք կեսարացի սուրբ մը, Մամաս անունով, որ մանկութենէն որբ մնացած` որդեգրուեցաւ քրիստոնեայ ընտանիքի մը կողմէ. Հետագային այնքան սուրբ ու բարեպաշտ կեանք մը ապրեցաւ, լեռներու վրայ ճգնելով, որ անասուններն իսկ կու գային իր մօտ ու կ՛ունկնդրէին երբ մեղեդիներ կ՛երգէր իր հրեշտակային ձայնովը. Մամաս նահատակուեցաւ Կեսարիոյ մէջ։

Կը տօնենք նաեւ Փիլիկտիմոն անունով վաճառական մը որ Անկիւրիայի մէջ նահատակուեցաւ Դիոկղետիանոս կայսեր օրով։

Սակայն մեծագոյն անձնաւորութիւնը որ կը տօնուի Սուրբ Սիմէոն Սիւնակեացն է։ Ան այսպէս կոչուեցաւ որովհետեւ տարիներ շարունակ ապրեցաւ բարձր սիւնի մը վրայ եւ անկէ վար չիջաւ մինչեւ իր մահը, որ տեղի ունեցաւ 459 թուականին, Սուրիոյ մէջ։ Սիմէոն Անտիոքի եկեղեցւող պարծանքն է եւ իր սրբավայրը  գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ, Հալէպ քաղաքէն քիչ մը անդին։

Երեքշաբթի 24 սեպտեմբերին` կը տօնենք Մարիանէ անունով նահատակ կոյսի մը յիշատակը. Ան դուստրն էր հեթանոս քուրմի մը. Գաղտնի քրիստոնէութիւնը ընդունեցաւ եւ մկրտուեցաւ. Սակայն երբ յայտնի եղաւ իր հաւատքը, նահատակուեցաւ։ Կը տօնենք նաեւ Փեբրոնիա կոյսը, Մծբին քաղաքէն, որ նոյնպէս քաջութեամբ դիմադրեց բոլոր չարչարանքներուն ու նահատակուեցաւ 305 թուականին։

Հինգշաբթի օր` 26 սեպտեմբերին`կը տօնենք երկու նշանաւոր հայրապետներ. Մին` Անթիմոս, եպիսկոպոսն էր Նիկոմիդիոյ, որ այժմու Իզմիթ քաղաքն է. Ան բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք` նահատակուեցաւ։ Իսկ երկրորդը` աւելի հռչակաւոր է մանաւանդ իր գրութիւններուն համար առաջին դարերու հերետիկոսներուն դէմ. Անունն է Երանոս եւ ապրած է երկրորդ դարուն. Աշակերտած է Ս. Պօղիկարպոսի, որ իր կարգին աշակերտն էր Սուրբ Յովհաննէս առաքեալին։ Երանոս կարգուած է հայրապետ Լուկտունումի, որ այժմու ֆրանսական Լիոն քաղաքն է։

Շաբաթ օր` 28 սեպտեմբերին կը տօնենք նշանաւոր սուրբերէն` Սուրբ Գէորգ Զօրավարը եւ նահատակը. Ճիշդ է որ իր մասին եղած առասպելները այնքան չափազանցուած են (զոր օրինակ վիշապի դէմ մարտնչիլը) որ Եկեղեցին զգուշութեամբ կը մօտենայ իր անձնաւորութեան խորհրդաւոր անկիւններուն, թէեւ ան բոլոր աշխարհի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, թէ Արեւելքի եւ թէ Արեմուտքի մէջ. Իր նահատակութեան թուականն է 303-ը, Նիկոմիդիոյ մէջ։

Կը տօնենք նաեւ Ադոկտոս անունով դուքս մը որ նահատակուած է Եփեսոսի մէջ։ ի վերջոյ` տօնն է յունական ծէսի ամէնէն նշանաւոր երաժիշտին, Ռոմանոս Երգեցողին, որ սարկաւագ էր Պէյրութ քաղաքին մէջ եւ ինքն է որ հիմը դրաւ յոյն ծիսական երաժշտութեան, ինչպէս պիտի ընէր հետագային, իրմէ օգտուելով, Ստեփանոս Սիւնեցին, հայ եկեղեցական երաժշտութեան համար։

Հուսկ՝ Կիրակի  29 Սեպտեմբեր,  Գ. Կիրակին զկնի Խաչի,  տօնն է Վարագայ Ս. Խաչին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2024, 08:37