2024.04.26 Madonna

Վերափոխման տօնէն ետք չորրորդ կիրակին (Ղուկ. 1, 39 – 56) Տռն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ ծննդեան

«Ինչպէ՞ս կրնամ իմ ամէնօրեայ կեանքիս մէջ նմանիլ Աստուածամօր...յիշենք որ տօները արժէք կ՛ունենան երբ կը նմանինք սուրբերուն, եւ ոչ թէ պայթուցիկներ պայթեցնելով եւ կամ ճաշկերոյթներ պատրաստելով»։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ սիրելիներ, համաձայն մեր ծիսական տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք Վերափոխման տօնէն ետք չորրորդ կիրակին, ինչպէս նաեւ այսօր կը զուգադիպի մեր շատ սիրելի երկնաւոր Մօր Աստուածածնի ծննդեան տօնը (Սեպտեմբեր 8 )։

Մեր այսօրուան հարցումը որ ձեր առջեւ կ՛ուզեմ դնել հետեւեալն է. « ինչպէ՞ս կրնամ իմ ամէնօրեայ կեանքիս մէջ նմանիլ Աստուածամօր...յիշենք որ տօները արժէք կ՛ունենան երբ կը նմանինք սուրբերուն, եւ ոչ թէ պայթուցիկներ պայթեցնելով եւ կամ ճաշկերոյթներ պատրաստելով»։

• «Հեզութեամբ»։ Այսօր սիրելիներ, դժբախտաբար մեր բոլորին հիւանդութիւնը դարձած է (այո հիւանդութիւն, որովհետեւ հեռու ենք յաւիտենական Բժիշկէն) եսասիրութիւնը, ինքզինք տեսնելը եւ մենք մեր անձերը բոլորէն վեր գերադասելը։ Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, դուն ի՞նչ ունիս որ այսքան դուն քեզի բոլորէն վեր կը գերադասես…նոյնիսկ Աստուծմէ…գնած ինքնաշարժի՞դ, տունի՞դ, վկայականի՞դ, աթոռի՞դ, կարծեցեալ իմաստութե՞անդ…երբ մահը դուռդ բախէ այս բոլորէն ի՞նչ պիտի մնայ քեզի։ Աշխարհը վստահ այսօր տարբեր պիտի ըլլար երբ բոլորս յիշէինք թէ մեզի մահը կը սպասէ, եւ թէ այս բոլոր շնորհքները որ ունինք մեզի տրուած են ի վերուստ, որպէսզի միշտ շնորհակալ ըլլանք եւ զԱստուած փառաբանենք…ես այսօր զո՞վ կը փառաբանեմ։ Յիշենք որ հեզութեամբ է երկինք մտնելը եւ ոչ թէ գոռոզութեամբ…հպարտութիւնը Աստուծոյ կը վայլէ, իսկ մեզի՝ կը վայելէ հեզութիւնը…մտածենք ասոր մասին։

• «Ողորմութեամբ»։ Սիրելիներ, ողորմած ըլլալու համար պէտք ենք խիղճ ունենալ (գիտեմ տարօրինակ բաներու մասին կը խօսիմ...այսօր խիղ՞ճ…ժամանակին էր, հիմա այլեւս անիմաստ եւ անտեղի մի բան է…այսօր դժբախտաբար խիղճ ունեցողը դիտուած է որպէս խեղճ եւ տկար անձ մը, բայց ծիծաղելին այն է որ այսպիսիներուն է երկնքի արքայութիւնը, եւ ոչ թէ մեզի պէս քնացած խիղճերով անձերու)։ Աստուածամայրը այսօր մեզ կը հրաւիրէ ողորմած ըլլալու, ունենալու աղաւնիի նման փափուկ սիրտ մը…այս սիրտը կրնանք ունենալ երբ կ՛ընդունինք որ մենք մեղաւոր ենք եւ կանչուած ենք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան շտկելու մենք մեր անձերը եւ ապաշխարելու, զղջալու, նոր կեանք սկսելու՝ այնպէս ինչպէս որ կ՛ուզէ մեր երկնաւոր Հայրը…յիշենք որ զոհդ կատարեալ չէ՝ երբ ողորմութիւնով լեցուն սիրտ չունիս։

• «Գովաբանելով»։ Մենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ բոլորս վարժուած ենք շատերու եւ կամ գրեթէ բոլորին գովաբանելու եւ գովասանքներ հիւսելու...երբեմն կեղծաւորութեամբ, երբեմն ստիպուած եւ երբեմն ալ մեր շահերուն եւ մեր գրպանին համար, բայց մեծագոյն գովասանքը կ՛երթայ մենք մեր անձերուն եւ կատարած խաբեբայութիւններուն համար...ծափ մը մեզի...սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, Աստուածամայրը միայն զԱստուած կը գովաբանէր իր բոլոր սրտովը եւ առանց ոչ մէկ շահի (թէեւ այս մէկը ինք իր մէջ շահ է...ինչպէ՞ս..Քրիստոսի մօտիկ ըլլալով, մօտիկ կ՛ըլլամ նաեւ երկնքի արքայութեան եւ անոր փառքին՝ ինչ որ մեր աշխարհ գալուն նպատակն է)։ Այսօր կանչուած ենք սիրելիներ գովելու եւ փառաբանելու միայն ու միայն զԱստուած՝ Իր կատարած բոլոր գործերուն եւ հրաշքներուն համար՝ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, իսկ մեր շուրջիններուն՝ միշտ քաջալերելու ինչպէս նաեւ մխիթարելու, եւ բոլորին ճանչցնելու զՔրիստոս՝ եւ Անոր Ճշմարիտ ճամբան։

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն բաժին մը որուն մէջ կ՛ընդգրկէ մեր այսօրուան աշխարհը. աշխարհ մը որ դժբախտաբար կամաց կամաց կը սկսի նմանիլ Սոթոմ եւ Գոմորի։ Ես անձնապէս, Քրիստոսի շնորհքով, պատրա՞ստ եմ ըլլալու այն աղը որպէսզի կրկին համեմենք այսօրուան անհամ աշխարհը եւ անոր տանք Լոյսը՝ որ է նոյնինքն Քրիստոս. Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2024, 07:48