2024.10.17 prayer, preghiera

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան, երկրորդ օր

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)
Ունկնդրէ աղօթքը

«Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Ղուկաս. 6,45)։

 

«Տէ՛ր, տուր մեզի հեզ և խոնարհ սիրտ, կարող գիտակցելու,

որ խաղաղութեան բացակայութիւնը կը սկսի բռնութեան և պատերազմի մէջ,

որոնք կը բնակին մեր սրտերուն մէջ:

Տուր մեզի քու սրտիդ շատ աւելի նմանող սիրտ մը, որ սիրով վերաբերուի,

որ մօտիկութիւն ներշնչէ,

որ միշտ ընտրէ ներդաշնակութիւնն ու խաղաղութիւնը,

նոյնիսկ եթէ այս կը մղէ հրաժարելու և մոռնալու սեփական շահերը.

Մեզ դարձուր խաղաղութիւն կառուցողներ»:

Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 07:26