2024.08.13 mani in preghiera

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան, հինգերորդ օր

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)

«Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. Որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Վասն զի եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։  (Մատթ. 5, 44-46)։

 

Տէր, Ընկեր, մեզ հաւատարիմ դարձուր քու հրաւէրին ապրելու որպէս Հօրդ Թագաւորութեան քաղաքացիներ, քու երանութիւններուդ վկաներ, աշխարհի հանդէպ քու սիրոյ նախագծի հետևորդներ:

Տուր մեզի քու ժեստերդ, որպէսզի մեր կեանքը ըլլայ աղբիւր, ուր մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը շնչեն խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն, ուրախութիւն և սէր: Ամէն.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2024, 08:03