2024.01.14  Preghiera

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան, իններորդ օր

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)
Ունկնդրէ լուրը

«Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ 13 Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։  (Յովհաննէս 15, 12-13)։

Տէր, այնպէս ըրէ` որ մենք ըլլանք քու ձեռքերդ, քու ոտքերդ, քու խօսքերդ եւ քու ձայնդ, որ կարողանանք հասնիլ մեր եղբայրներուն և քոյրերուն, խնամելով անոնց վէրքերը, մօտեցնելով օտարները, կառուցելով ունկնդրութեան եւ հասկացողութեան կամուրջներ, նպաստելով բոլորին ընդունելութեան ուրախութեամբ և յոյսով: Մեզի տուր ողորմութեան սիրտ մը, բոլոր մարդկային դժբախտութիւններուն դէմ, տուր մեզի հետեւողականութիւն և ուժ ատելու չարը և սիրելու բարին, միշտ աշխատելու յանուն խաղաղութեան, բոլոր ժամանակներուն ու բոլոր տեղերուն մէջ և քու բոլոր զաւակներուդ հետ: Ամէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2024, 07:45