Աշխարհի մէջ հալածուող քրիստոնեաներու աճը տագնապալի է. Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Հալածուած և մոռցուած. զեկոյց իրենց հաւատքի համար ճնշուած քրիստոնեաներու մասին 2022-2024» բնաբանով Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկի հրատարակած տեղեկագիրի համաձայն, վերջին երկու տարիներու ընթացքին աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն թիւ տագնապալի աճ արձանագրած է։
Տեղեկագիրը որ անցեալ 22 հոկտեմբերին ներկայացուեցաւ Պրիթանական Խորհրդարանէն ներս վերլուծած է Օգոստոս 2022 Յունիս 2024 տուեալները, քննարկելով 18 «բանալի Երկիրներու» իրականութիւնը, մեկնելով Լատին Ամերիկայէն մինչեւ հեռաւոր Արեւելք։
Զեկոյցի կարևոր մասը բաղկացած է կրօնական յարձակումներէն տուժած մարդկանց վկայութիւններէն և որոշ իրադարձութիւններու մանրամասն նկարագրութիւններէն, զոր Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկը ստացաւ իւրաքանչիւր երկրի տեղական շփումներու միջոցաւ:
«Քրիստոնեաներու նկատմամբ կրօնական բռնութիւններու աճն աւելի բարձր է, քան երբևէ»
«ACS-ի – Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» կայքին վրայ հասանելի զեկոյցի ներկայացման մէջ կը կարդանք. «Քրիստոնեաներու նկատմամբ կրօնական բռնութիւններու աճն աւելի բարձր է, քան երբևէ»։ Կազմակերպութիւնը դիտել կու տայ որ այս մէկը ակնյայտ է նաև այլ հաստատութիւններու կողմէ իրականացուած հետազօտութիւններու մէջ, ինչպիսին է Pew Research Center-ը:
«Կարելի չէ իրենց հաւատքի համար հալածուողներուն օգնելը համարել Եկեղեցւոյ կամընտրական գործունէութիւն» կը հաստատէ ACS International-ի գործադիր նախագահ Ռեճինա Լինչը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին: «Ողջ աշխարհին մէջ հալածուող քրիստոնեաներու օգտին գործելու անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն բաղկացած է մարդու հիմնարար իրաւունքներու և արժանապատուութեան պաշտպանութիւնէն, այլ նաև զօրակցութեամբ անոնց հետ, որոնք կը հալածուին առ Քրիստոս իրենց հաւատքին համար», աւելցուած է Ան։
Զօրակցութեան կոչ
Յիշեցնելով հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը զօրակից ըլլալու հաւատքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն Ռեճինա Լինչը յայտնեց թէ ՏԵՕ Քահանայապետական հիմնարկը իր ներդրումները կը կատարէ երեք ձեւերով. նիւթական աջակցութիւն, աղօթք, եւ աշխարհի քրիստոնեաներու վիճակի մասին Տեղեկագիր» զեկոյցներու միջոցաւ։
«Հալածուած և մոռցուած. զեկոյց իրենց հաւատքին համար ճնշուած քրիստոնեաներու մասին 2022-2024» բնաբանով Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Տեղեկագիրին մէջ բացայայտուած է նաեւ հաւատացեալներու դէմ գործադրուած արարքներուն զանազանութիւնը ու զանոնք գործադրող անձանց ու կառոյցներու էութիւնը, որոնց շարքին կան նաեւ կրօնական ծայրայեղականները, եւ ոճրագործ խմբակցութիւններ, բայց նաեւ Պետական կառոյցներ։
Քրիստոնեայ համայնքներու ապագան հարցականի տակ
Խտրականութեան թիրախ Քրիստոնեաները, ի տես իրենց իրաւունքներու ոտնահարման յաճախ կը դիմեն արտագաղթի եւ այս մէկը հարցադրանք կը յառաջացնէ մասնաւորապէս այն համայնքներուն համար, որոնք ծնունդ առած են ու գոյութիւն ունին Քրիստոնէութեան ծագման երկիրներուն մէջ, ինչպիսիք են Միջին Արեւելքի Երկիրները։ Սուրիոյ մէջ 2011ին մէկ ու կէս միլիոն քրիստոնեաներ կ՛ապրէին իսկ այսօր անոնց թիւը միայն 250 հազար է, մինչ Իրաքի մէջ մկրտուածներուն թիւը բնակչութեան միայն 0,5%։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ