Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

Այս տա­րի կը յի­շա­տա­կենք Մխի­թար Աբ­բա­հօր մա­հուան 275րդ յո­բե­լեանը։­

Մխի­թար Աբ­բա­հայր իր սր­բա­լոյս հո­գին ա­ւան­դեց 174­9ին, 27 Ապ­րի­լին, եր­կա­րա­տեւ եւ տան­ջա­լի հի­ւան­դու­թե­նէն ետք, որ օրի­նա­կե­լի համ­բե­րու­թեամբ կրեց եւ իր բո­լոր ցա­ւե­րը նուի­րեց իր միաբա­նու­թեան, պաշ­տե­լի ազ­գին եւ եկե­ղեց­ւոյ օգու­տին։­

Ապ­րե­ցաւ 73 տա­րի 2 ամիս եւ 20 օր։­

Սե­բաս­տիա քաղաքի Հող­դար թա­ղա­մա­սին մէջ, Պետ­րո­սի եւ Շահ­րիս­տա­նի զա­ւա­կը կը ծնի 7 Փետ­րուար 167­6ին, իրենց գեր­դաս­տա­նին ու­րա­խու­թեան պատ­ճառ դառ­նա­լով, քանի որ Պետ­րո­սի եր­կու եղ­բայր­ներն ալ, որ միասին կ՚ապ­րէին, մանչ զա­ւակ չէին ու­նե­ցած։

Մկր­տու­թեան աւա­զա­նին Մա­նուկ կը կո­չուի՝ Չէր­չի Մա­նուկ պա­պի­կի անու­նով։­

Ի վեր­ջոյ Սե­բաս­տիոյ մէջ նա­հա­տա­կուած էին Քա­ռա­սուն մա­նուկ­նե­րը, հռո­մէական բա­նա­կի երի­տա­սարդ քրիս­տո­նեայ զի­նուոր­նե­րը, որ դա­տա­պար­տուե­ցան ձմե­ռուան ցուր­տին Սե­բաս­տիայի սա­ռած լի­ճին մէջ նե­տուե­լու, ուր նա­հա­տա­կուե­ցան եւ ստա­ցան մար­տի­րո­սա­կան պսա­կը։ Անոնց­մէ մէ­կը չդի­մա­նա­լով՝ վա­զեց ափին պատ­րաս­տուած տաք բաղ­նի­քը եւ տեղ­ւոյն վրայ մա­հա­ցաւ, մինչ­դեռ պա­հա­պան­նե­րէն մէ­կը տես­նե­լով անոր լու­սապ­սա­կը ան­տէր մնա­ցած՝ ին­քը նե­տուե­ցաւ լի­ճը՝ ես քրիս­տո­նեայ եմ պո­ռա­լով, եւ այս­պէս նա­հա­տակ­նե­րու թի­ւը ամ­բող­ջա­ցաւ։ Քա­ռա­սուն մա­նուկ­նե­րու յի­շա­տա­կին շատ հայոր­դի­ներ Մա­նուկ կը կո­չուին։­

Ըն­տա­նե­կան սի­րա­զեղ մի­ջա­վայ­րի մէջ, մայ­րա­կան գուր­գու­րան­քով եւ իր քրոջ՝ Հռիփ­սի­մէի գգուանք­նե­րով պա­տուած՝ Մա­նու­կը կը մեծ­նայ խա­ղաղ ու աս­տուած­ավախ գեր­դաս­տա­նին մէջ եւ հինգ տա­րե­կա­նին, հայ­կա­կան աւան­դա­կան սո­վո­րու­թեամբ տեղ­ւոյն ծխա­կան քա­հա­նայի մօտ կը յա­ճա­խէ գրա­ճա­նա­չու­թիւն սոր­վե­լու Դա­ւի­թի սաղ­մոսարա­նով։ Շատ ու­շիմ, խե­լա­ցի եւ սուր յի­շո­ղու­թեան տէր աշա­կերտ ըլ­լա­լով շու­տով կը սոր­վի սա­հուն կար­դալ եւ նոյ­նիսկ գոց սոր­վիլ սաղ­մոս­նե­րը։

­Փոքր հա­սա­կէն կը հա­ճէր հո­գե­ւոր խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ աս­տուա­ծային պաշ­տա­մուն­քի մաս­նակ­ցե­լու, եւ Ս. Գէորգ ծխա­կան եկե­ղե­ցին իրենց տան պատ­կից ըլ­լա­լով բո­լոր ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րուն, պա­տա­րագ­նե­րուն եւ արա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն սի­րով կը մաս­նակ­ցէր։

­Մա­նուկ իր ծնող­քին շատ ան­գամ յայտ­նած էր, որ տա­րի­քը հաս­նե­լուն կը նա­խընտ­րէր կրօ­նա­ւո­րա­կան կեան­քը ընդ­գր­կել քան աշ­խար­հի օրէն­քով ապ­րիլ, եւ շատ կը նե­ղուէր երբ կա­տա­կով ան­գամ իրեն ըսէին թէ մեծ­նա­լուն պի­տի ամուս­նաց­նէին զին­քը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2024, 08:00