ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը
Այս տարի կը յիշատակենք Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ յոբելեանը։
Մխիթար Աբբահայր իր սրբալոյս հոգին աւանդեց 1749ին, 27 Ապրիլին, երկարատեւ եւ տանջալի հիւանդութենէն ետք, որ օրինակելի համբերութեամբ կրեց եւ իր բոլոր ցաւերը նուիրեց իր միաբանութեան, պաշտելի ազգին եւ եկեղեցւոյ օգուտին։
Ապրեցաւ 73 տարի 2 ամիս եւ 20 օր։
Սեբաստիա քաղաքի Հողդար թաղամասին մէջ, Պետրոսի եւ Շահրիստանի զաւակը կը ծնի 7 Փետրուար 1676ին, իրենց գերդաստանին ուրախութեան պատճառ դառնալով, քանի որ Պետրոսի երկու եղբայրներն ալ, որ միասին կ՚ապրէին, մանչ զաւակ չէին ունեցած։
Մկրտութեան աւազանին Մանուկ կը կոչուի՝ Չէրչի Մանուկ պապիկի անունով։
Ի վերջոյ Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած էին Քառասուն մանուկները, հռոմէական բանակի երիտասարդ քրիստոնեայ զինուորները, որ դատապարտուեցան ձմեռուան ցուրտին Սեբաստիայի սառած լիճին մէջ նետուելու, ուր նահատակուեցան եւ ստացան մարտիրոսական պսակը։ Անոնցմէ մէկը չդիմանալով՝ վազեց ափին պատրաստուած տաք բաղնիքը եւ տեղւոյն վրայ մահացաւ, մինչդեռ պահապաններէն մէկը տեսնելով անոր լուսապսակը անտէր մնացած՝ ինքը նետուեցաւ լիճը՝ ես քրիստոնեայ եմ պոռալով, եւ այսպէս նահատակներու թիւը ամբողջացաւ։ Քառասուն մանուկներու յիշատակին շատ հայորդիներ Մանուկ կը կոչուին։
Ընտանեկան սիրազեղ միջավայրի մէջ, մայրական գուրգուրանքով եւ իր քրոջ՝ Հռիփսիմէի գգուանքներով պատուած՝ Մանուկը կը մեծնայ խաղաղ ու աստուածավախ գերդաստանին մէջ եւ հինգ տարեկանին, հայկական աւանդական սովորութեամբ տեղւոյն ծխական քահանայի մօտ կը յաճախէ գրաճանաչութիւն սորվելու Դաւիթի սաղմոսարանով։ Շատ ուշիմ, խելացի եւ սուր յիշողութեան տէր աշակերտ ըլլալով շուտով կը սորվի սահուն կարդալ եւ նոյնիսկ գոց սորվիլ սաղմոսները։
Փոքր հասակէն կը հաճէր հոգեւոր խօսակցութիւններու եւ աստուածային պաշտամունքի մասնակցելու, եւ Ս. Գէորգ ծխական եկեղեցին իրենց տան պատկից ըլլալով բոլոր ժամերգութիւններուն, պատարագներուն եւ արարողութիւններուն սիրով կը մասնակցէր։
Մանուկ իր ծնողքին շատ անգամ յայտնած էր, որ տարիքը հասնելուն կը նախընտրէր կրօնաւորական կեանքը ընդգրկել քան աշխարհի օրէնքով ապրիլ, եւ շատ կը նեղուէր երբ կատակով անգամ իրեն ըսէին թէ մեծնալուն պիտի ամուսնացնէին զինքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ