Յիսուս, սուրբ Պետրոս, ծով, նաւ Յիսուս, սուրբ Պետրոս, ծով, նաւ 

«Քաջ եղէք, ես եմ, մի՛ Վախնաք» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Աշխարհէն եկող փոթորիկները պիտի չդադրին, սակայն երբ Քրիստոսի մօտենանք, պիտի կարենանք քալել այդ փոթորիկներու ընդմէջէն եւ ջուրերու վրայէն անվախօրէն: Եւ այն ժամանակ պիտի ըլլանք այն երանելիներու շարքին, որոնց համար Յիսուս ըսաւ՝ « երանի անոնց, որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Պետրոսի փոթորկոտ ջուրերուն վրայէն քալելու դրուագը շատ փոքր տարիքէն լսած եւ սորված ենք: Ս. Մատթէոս աւետարանիչ գրելով այս պատմութեան մասին կը յիշէ, որ փոթորիկի դէպքը պատահեցաւ հինգհազարի կերակրումէն անմիջապէս ետք: Տէր Յիսուս իրէն եկող ժողովուրդին հոգեւոր հաց տալէն ետք, անոնց տուաւ նաեւ ֆիզիկական հացը: Ետքը, աւետարանիչը կ'աւելցնէ, Յիսուս իր « աշակերտները արտորացուց (աճապարանքով ստիպեց) որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ անդի կողմը անցնին. իսկ ինք լեռ բարձրացաւ առանձին աղօթելու» ( 14:22): Երբ նաւը ծովուն մէջտեղը հասաւ, ամեհի փոթորիկ մը յառաջացաւ. ալիքները սկսան բարձրանալ եւ աշակերտներուն կեանքը վտանգել: Տեսնելով խռոված աշակերտները, Յիսուս ծովուն վրայէն քալելով դէպի նաւը գնաց եւ խօսելով աշակերտներուն ըսաւ՝ «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Երբ Ս. Մատթէոս կը գրէ, որ Յիսուս «արտորացուց» աշակերտները որպէսզի նաւ մտնեն, կարծէք այս քայլով Տէրը կ'ուզէր, որ իր աշակերտներ ապրին փոթորիկի փորձառութիւնը: Ինչո՞ւ... Աշակերտները իրենց աչքերով տեսած եւ ճաշակած էին հինգ նկանակի եւ երկու ձուկի բազմացումի հրաշքը: Այս մեծ հրաշքէն անմիջապէս ետք Քրիստոս ուզեց տեսնել աշակերտներուն հաւատքը, երբ Ինք հեռու ըլլայ իրենցմէ. կամ աւելի ճիշդ հեռու ըլլայ իրենց տեսողութենէն: Թէեւ վստահ չէր, սակայն Ս. Պետրոս խնդրեց Յիսուսէն, որ «հրամայէ», որպէսզի Իրէն մօտենայ: Հետաքրքրական է Ս. Պետրոսի խնդրանքը. ան փոթորիկներուն մէջ փափաքեցաւ Յիսուսի մօտենալ: Ս. Օգոստինոս մեկնելով այս համարը կ'ըսէ՝ « Պետրոս առաջնահերթ դիրք ունի եկեղեցւոյ մէջ. որպէս այդ անոր այս քայլը խնդրանք մըն էր Քրիստոսի, որպէսզի Ան փառաւորէ եկեղեցին, սորվեցնելով անոր քալել ջուրերու վրայէն»: Իսկ Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան Ս. Պետրոսի խնդրանքը բացատրելով կը գրէ՝ « ի՜նչ մեծ է Պետրոսի սէրը: Ան թէեւ վախցաւ Յիսուսի դատավարութեան ժամանակ, սակայն իր սէրը Տիրոջը հանդէպ միշտ յստակ էր: Պետրոս չխնդրեց քալել ջուրերու վրայէն, այլ աղաչեց Տիրոջ մօտենալ»:

Տէր Յիսուսի ձայն այսօր եւս մեր ականջներուն կը հնչէ ըսելով՝ « Մ՛ի վախնար...Ես եմ: Ես կը տեսնեմ քու կեանքդ փոթորկող ալիքները. գիտեմ, որ կը կարծես թէ ես հեռու եմ. կամ յստակ չես տեսներ զիս փոթորիկներու մէջ: Սակայն վստահ եղիր, որ Ես երբեք քեզ չեմ թողած»:
Մենք ալ այսօր հետեւելով Ս. Պետրոսի օրինակին ըսենք ՝ « հրամայէ՛ Տէր, որ քեզի գանք ալիքներու վրայէն: Միայն մէկ բառ արտասանէ եւ ալիքները հաստատուն պիտի ըլլան եւ մեր ծանր մարմինները՝ թեթեւ...»: Փոթորիկի վրայէն քալելու գաղտնիքը այն է, որ լսենք Քրիստոս խօսքը եւ հնազանդինք անոր, եւ պիտի կարողանանք ջուրերու վրայէն քալել: Աշխարհէն եկող փոթորիկները պիտի չդադրին, սակայն երբ Քրիստոսի մօտենանք, պիտի կարենանք քալել այդ փոթորիկներու ընդմէջէն եւ ջուրերու վրայէն անվախօրէն: Եւ այն ժամանակ պիտի ըլլանք այն երանելիներու շարքին, որոնց համար Յիսուս ըսաւ՝ « երանի անոնց, որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան»:

Տէ՜ր կը լսեմ ձայնդ, որ կ'ըսէ՝ մի՛ վախնար... Տէ՜ր հեռացուր վախերս ինձմէ ... Եւ հրամայէ ինծի, որպէսզի մօտենամ Քեզի՝ քալելով ջուրերու վրայէն: Որպէսզի փառաւորուիս Հօրդ եւ Ս. Հոգիիդ հետ միասին. ամէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 12:52