Արք Ժասթին Վելպի Արք Ժասթին Վելպի 

Սեռային չարաշահումներ. Արք Վելպիի հրաժարականը

Անկլիքան Եկեղեցին. Արք Վելպի հրաժարականը տուաւ սեռային չարաշահումներու դէպքերու հետ կապուած իր գործակերպին պատճառաւ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Անկլիքան Եկեղեցւոյ Քանթերպուրիի Արք. Ժասթին Վելպի, 12 նոյեմբերին իր հրաժարականը յայտարարեց փաստաբան Ժոն Սմիթի կողմէ գործադրուած սեռային բռնութիւններուն գայթակղութենէն յետոյ, որ տասնամեակներու ընթացքին Միացեալ Թագաւորութիւններու եւ Ափրիէկէ մէջ մեղադրուած է, աւելի քան 115 մարդոց նկատմամբ ֆիզիքական եւ հոգեբանական չարաշահումներու յանցագործութիւններով։

Անկախ հետաքննութիւններէ ետք պարզուած է, թէ Սմիթի դէմ բողոքները յայտնի էին՝ թերեւս 1980ական թուականներէն, սակայն չէին յայտնուած ոստիկանութեան մինչեւ 2013 թուակայնը՝ Վելպիի նշանակման տարին։

Ըստ զեկոյցին՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդը, երբ իմացած է Սմիթի յանցագործութիւններու մասին, չէ յայտնած ոստիկանութեան եւ չէ սկսած հետաքննութիւններ կատարել։

Արք Վելպիի հրաժրարականը խնդրուած է ընդհանուր սինոդի անդամներուն կողմէն, զինք մեղադրելով կղերուն վստահութիւնը կորսնցնելու մէջ։ Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդը սկզիբը մերժած է իր հրաժարականը տալէ, սակայն ընդունելով այդ հարցի վերաբերեալ իր պատասխանատւութիւնը, որոշած է ձգել իր պաշօտնը, Անգլիոյ եկեղեցւոյ մէջ փոփոխութիւններ խթանելու ու այդ հարցերը պատասխնատուութեամբ դիմագրաւելու համար։ Յայտարարութեան մէջ Արք Վելլի խոր ամօթութիւն յայտնած է սեռային չարաշահումներուն ենթարկուած զոհերը պաշտպանելու ձախողութեան համար։

Արք Վելլպի իր յայտարարութեան մէջ ընդգած է նաեւ զոհերուն հետ հանիդպումները շարունակելու յանձնարութիւնը ինչպէս նայեւ յայտնած է եկեղեցւոյ բարօրութեան ծառայելու իր տրամադրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 10:55