San Bartolomeo, Simone Martini

Եկեղեցական Գիտելիքներ Բ.Շաբաթ Յիսնակաց (24 Նոյեմբեր-1 Դեկտեմբեր 2024)

30 Նոյեմբերին ` տօնն է երկու առաքեալներու. Ս. Բարթողիմէոս. Ինչպէս աւանդութիւնը կը հաստատէ, Բարթողիմէոս Հայաստան եկած է աւետարանը քարոզելու եւ ապա անցած է նաեւ Պարսկաստան, ուր եւ նահատակուած է, մորթազերծ ըլլալով։ Ս. Յուդա այն երկրոդն Յուդան է որ կը զանազանուի մատնիչէն եւ որ ընդհանրապէս կը բարեխօսուի որպէս դժուարին հարցերու լուծող եւ ուսանողներու կողմէ որպէս պաշտպան եւ խորհրդատու։ Ըստ ոմանց անոր երկրորդ անունն է Թադէոս, ուստի կ՛ըսուի թէ ինք եւս Հայաստան եկած ըլլայ Բարթողոմէոսի հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 24 նոյեմբերին կը սկսինք Յիսնակաց շրջանի երկրորդ շաբաթը, ուր, ի տարբերութիւն առաջինին, պահեցողութիւն չկայ եւ սուրբերու տօն կը կատարուի։

Կիրակի եւ պահոց օրերը – չորեքշաբթի եւ ուրբաթ – կը կատարուի ընթերցումը Ղուկասի աւետարանի 12-դ գլուխին, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկեցիներու ուղղուած առաջին թուղթէն մասեր։ Կիրակի օրուան աւետարանին մէջ` տեսանք թէ ինչպէս Յիսուս կը խրատէ աշակերտները իրենց յոյսը չդնելու նիւթական բարիքներու վրայ, որոնք անցողական են, այլ Աստուծոյ Նախախնամութեան վրայ, որ կը հոգայ մեր բոլոր պէտքերը։

Յիսուս կը պատմէ անմիտ հարուստին առակը, որ տեսնելով որ այդ տարի իր բերքերը առատօրէն ցորեն տուին, շտեմարաններ կը շինէ զանոնք երկար տարիներով պահելու համար եւ անոնցմէ օգտուելու, մինչ նոյն գիշերը իր հոգւոյ հաշիւը պիտի պահանջուի իրմէ։

Երկուշաբթի 25 Նոյեմբերին, կը տօնենք երկու սրբուհիներ, Յուլիանէ եւ Վասիլուհի, երկուքն ալ Նիկոմիդիացի, սակայն տարբեր ժամանակներու մէջ ապրած. Յուլիանէ իշխանի աղջիկ էր որ իր հօրմէն ամուսնութեան տրուեցաւ հեթանոս իշխանի մը, սակայն ան քրիստոնեայ ըլլալով` մերժեց եւ իր հօր կողմէ իսկ տանջանքներու մատնուեցաւ, որմէ ետք գլխատուեցաւ։ Մինչ Վասիլուհի որբ աղջիկ մըն էր որ 9 տարեկանին բռնադատուեցաւ կուռքերուն զոհելու. Բայց քաջաբար դիմադրեց եւ նահատակուեցաւ Դիոկղետիանոս կայսեր օրով։

Երեքշաբթի 26 Նոյեմբերին` կը տօնենք Քրիստոսի առաքեալներէն երկուքը` Յակոբը, որ նաեւ կը կրէ Տիրոջ եղբայր տիտղոսը. Ասիկա Յովհաննէսի եղբայրը չէ այլ միւս Յակոբն է, որ ըստ աւանդութեան Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսապետը հանդիսացաւ եւ գլխատուած մեռաւ Հերովդէս թագաւորի օրով։ Երկրորդ առաքեալն է Շմաւոն, կամ Սիմէոն, որ ունի նախանձայոյզ տիտղոսը աւետարանին մէջ։

Հինգշաբթի 28 Նոյեմբերին` կը տօնենք Ս. Կղեմէսը, Ս. Բագրատը եւ Ս. Գրիգոր Ակրականդացին։

- Ս. Կղեմէս Հռոմի հայրապետ որ, ըստ Տերտուղիանոսի` Պետրոսի անմիջական յաջորդը եղաւ. Ըստ ուրիշներու` ան յաջորդեց Ղինոսի։ Գրած է թուղթ մը ուղղուած Կորնթացիներուն եւ նահատակուած է Տրայանոս կայսեր յարուցած հալածանքներու ընթացքին։ 

- Ս. Բագրատ, եպիսկոպոս Թաօրմինայի, որ Սիկիլիոյ քաղաքներէն մին է։ Նմանապէս աշակերտը եղած է Պետրոս առաքեալին. Կը համարուի Սիկիլիոյ լուսաւորիչը. Սակայն հեթանոս մնացած խմբակներու զոհ գացած է եւ սպաննուած մինչ կ՛աղօթէր առանձին ամայի վայրի մը մէջ։

- Ս. Գրիգոր Ակրականդացի, որ նոյնպէս Սիկիլիոյ մէջ եպիսկոպոս եղած է Ակրիճենթօ անունով քաղաքին։

Շաբաթ 30  Նոյեմբերին ` տօնն է երկու առաքեալներու. Ս. Բարթողիմէոս. Ինչպէս աւանդութիւնը կը հաստատէ, Բարթողիմէոս Հայաստան եկած է աւետարանը քարոզելու եւ ապա անցած է նաեւ Պարսկաստան, ուր եւ նահատակուած է, մորթազերծ ըլլալով։ Ս. Յուդա այն երկրոդն Յուդան է որ կը զանազանուի մատնիչէն եւ որ ընդհանրապէս կը բարեխօսուի որպէս դժուարին հարցերու լուծող եւ ուսանողներու կողմէ որպէս պաշտպան եւ խորհրդատու` քննութիւններու ընթացքին։ Ըստ ոմանց անոր երկրորդ անունն է Թադէոս, ուստի կ՛ըսուի թէ ինք եւս Հայաստան եկած ըլլայ Բարթողիմէոս առաքեալին հետ։

Կիրակի մէկ Դեկտեմբերը՝ Յիսնակաց Գ. Կիրակին է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2024, 07:31