Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (27)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Լուսաւորչի սրբազան կտակին:

ԻԷ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Լուսաւորչի սրբազան կտակին:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենալուսաւոր դէպքերէն մէկը կը համարուի Քրիստոնեայ հաւատքի դարձը 301 թուին: Պատմութիւնը կը վկայէ թէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հաւատքի ջահը ձեռին՝ լուսաւորեց ամբողջ Հայաստանը աստուածգիտութեամբ: Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ իմաստուն Հայրապետը Հայ Եկեղեցւոյ ծիսարանի նախնական խմբագրութեան առաջին կազմողը հանդիսացաւ, ինչպէս Դ. դարէն եկող վկայութիւնները կը փաստեն և շատ մը բաներ իրեն կը վերագրեն և իր հեղինակութիւնը կը պաշտպանեն: Մեր հաւատքի հայրը՝ հայկական հին հեթանոսական կարգ մը աւանդութիւններ պահպանելով՝ նուիրագործեց զանոնք Աւետարանական վարդապետութեամբ և մեծ մասամբ ներմուծեց Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոց ծիսարանին մէջ, թէկուզ՝ յունարէն և ասորերէն լեզուով:

Այսպէս, հեթանոսական ժամանակաշրջանի ջուրի պաշտամունքի հետ կապուած Ջրօրհնէքի կարգը կազմեց. ինչպէս նաեւ՝ Խաչալուայ, Ոտնլուայ, Ջրհորի օրհնութիւն, եւլն: Դարձեալ, Լուսաւորիչի կարգադրութեամբ՝ երկրագործութեան,  բուսականութեան և պտղաբերութեան պաշտամունքներէն բխող՝ սերմ, հնձան, կալ, անդաստան, շեղջ, խաղողօրհնէք ծէսերը պահպանեց ու ճոխացուց նորանոր աղօթքներով: Ի վերջոյ, ընտանեկան սրբութեան առնչուող աւանդութիւնները եւս բարեկարգեց, ինչպէս՝ տան, ընտանիքի, սեղանի և աղի օրհնութիւնները:

Հեթանոսական շրջանէն  հմայական և ոգեկոչման գործողութիւններու հետ կապուած բազմաթիւ ծէսեր պահպանեց, ինչպէս՝ դիւահարի, լուսնոտի, դժուարածին կնոջ վրայ, երաշտի դէմ կարդացուող աղօթքներ, ինչպէս նաեւ մատաղի և հացի օրհնութիւնները և բազում այլ բարեպաշտական արարողութիւններ: Այսպէս է որ քրիստոնէական և հեթանոսական աւանդութիւնները իրար միախառնուելով մուտք գործեցին Հայ Ծիսարանին մէջ, ինչպէս որ կը ներկայացնեն մեզի ընտրելագոյն Ձեռագիրները:

Արդարեւ, անկարելի է ենթադրել քրիստոնէական հաւատոց բարգաւաճանք և յարատեւ շարունակութիւն՝ առանց սուրբ պաշտամանց և սուրբ Խորհուրդներու մատակարարման: Քրիստոսանուէր կոչմամբ Հայաստանի մեծագոյն քարոզիչն եղաւ նաեւ սուրբ Խորհուրդներու բաշխողը, մանաւանդ Ս. Պատարագի մատուցումով՝ խորհրդաբար կ'ընծայէր Քրիստոսի սրբազան Զոհը, որ ինքզինք նուիրեց Հօր, մի անգամ ընդ միշտ, իբրեւ անարատ ողջակէզ մը: Քրիստոս ինքն է որ հայոց քահանայապետի ձեռքով՝ կ'արձակէր կամ կը կապէր մեղքերը ապաշխարութեան խորհրդոյն մէջ, կը վերածնէր մարդկութիւնն մկրտութեամբ սուրբ Աւազանին, կը զօրացնէր և կը հաստատէր հաւատքի մէջ դրօշմով, կ'օրհնէր ամուսնութիւնն անլուծանելի սրբութևամբ, որով սա՝ մեծ կ'ըլլայ ի Քրիստոս եւ յեկեղեցի: Քրիստոս ինքը յանձին ճշմարիտ քահանային՝ կը մնար սնարը հոգեվարին, զայն կը սփոփէր վերջին օծումով, կը սրտապնդէր զայն ահաւոր անցքի պահուն երդմնեցուցանելով անմաքուր, անիծեալ դեւերը, հալածելով հոգեսպան, ոխակալ սատանաները «ի տեղի պատրաստեալ... յաստուածային արդարութենէ» և առաջնորդելով հաւատացեալ հոգւոյն «ի կեանս յաւիտենից» (Մաշտոց), և մարմինը յանձնելով հողին, որուն վրայ կը սրսկէր մահուընէ վերջն ալ «ցօղը ի կողէն» Քրիստոսի «ցօղեալ», որպէսզի «բժշկեսցէ ցհանգուցեալսն, իջցէ ի հող մահու նոցին և բուսուսցէ յօրն վերջին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2024, 07:57