Աստուածամօր նուիրուած բարեպաշտութիւն` պատրաստութիւնը Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Ընծայման տօնէն` Նոյեմբեր 21էն անմիջապէս ետք, բացայայտ ձեւով նշմարելի կը դառնան քաղաքներու՝ բոլոր փողոցներուն եւ հրապարակներուն գունագեղ լոյսերու զարդարանքները, որ կ՚ազդանշեն Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուայ տօներուն մօտալուտ ըլլալը։ Տօնակատարութիւններ՝ որոնց հիմքն ու էութիւնը սէրն է, եղբայրսիրութիւնը, ուրախութիւնը, բարեմաղթանքներն ու խաղաղութիւնը։ Բայց եւ այնպէս շատ անգամ, երբ մարդ արարածը կը գլորի ինքնախաբէութեան եւ եսասիրութեան մէջ, կը շեղի ուղիղ ճանապարհէն ու կը կորսնցնէ կեանքի էական արժէքները։ Այս պատճառով իսկ այդ տօնական օրերուն մարդիկ յաճախ կը տրուին շռայլ խրախճանքներու եւ կը նստին սեղաններու շուրջ, ցուցամոլութեամբ թանկարժէք նուէրներու եւ ցոփ՝ վայելքներու ետեւէն վազելով։
Այս ամէնը ի՛նչպէս պիտի դիմագրաւէ քրիստոնեայ հոգին։ Լոկ հանդիսատէ՞ս մը պիտի ըլլալ, որ ժամանակի ընթացքին, անկախ իր կամքէն, տկարանալով գուցէ ինքն էլ անոնց նմանի, եւ կամ իր աստուածատիպ կոչման գիտակցութեամբ՝ պիտի նուիրուի աստուածահաճոյ գործի։
Աստուածայայտնութեան տօնին ընդառաջ Եկեղեցին այս պատեհ առիթը կ՚ընծայէ մեզի, յիսնակաց շրջանին, պատրաստելու համար մեր սիրտն ու հոգին որպէս տաճար մարդացեալ մանուկ Յիսուսի։
Աւանդաբար մեզի հասած այս համառօտ մարեմական աղօթքը, որ կ՚ուզեմ ներկայացնել, հին բայց միաժամանակ նոր օրհնաբանութիւն մըն է, որ լաւագոյն ուղեցոյցը կրնայ դառնալ պատրաստուելու համար Աստուածորդիի ծննդեան։
Բարեպաշտութիւնը սկիզբ առած է արեւմուտքին մէջ ԺԵ.-ԺԶ. դարերուն։ Մխիթարեան հայրերը ժառանգած եւ փոխանցած են այդ աղօթքը դարեր շարունակ, իսկ այսօր այս ջերմեռանդական աղօթքը պահպանուած է Մխիթարի զաւակներուն մօտ ինչպէս նաեւ Ջաւախքի որոշ գիւղերու մէջ եւ այդ գիւղերու պանդխտացած զաւակներուն քով։
Աւանդաբար, իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամները, մեծէն փոքր կը հաւաքուին տան գողտրիկ անկիւնը, միասին օրհնաբանելու համար երկնաւոր Տիրուհին։
Ընտանիքը հասարակութեան կորիզն է ուր միասիրտ աղօթքի միջոցով կը կրթուի ու կը դաստիարակուի բարի եւ ազնիւ նոր սերունդը, որ պիտի նպաստէ կազմաւորելու ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ աստուածավախ հասարակութիւն մը։
Այս բարեպաշտական աղօթքը 25 օր կը տեւէ, սկսելով Նոյեմբեր 29էն մինչեւ Դեկտեմբեր 23ը, հիւսելով Աստուածամօր նուիրուած 1000 Ողջոյն, որ աւանդաբար կը կոչուի նաեւ «Ոսկէ վարդարան»։
Սովորական վարդարանի նման կը սկսի Հայր մերով եւ ապա Հրեշտակի աւետման երեք Ողջոյն քեզ Մարիամով։ Հուսկ չորս տասնեակ ողջունատուութիւն՝ իւրաքանչիւր տասնեակը առանձին նախաբանով մը։
Առաջին տասնեակի ողջոյններէն առաջ պէտք է ըսել «Օրհնեա՜լ է ժամն այն, ով Կոյս Մարիամ, յորում եղեր Մայր Աստուծոյ։ Ողջոյն քեզ Մարիամ...»։
Երկրորդ տասնեակի ողջոյններէն առաջ պէտք է ըսել «Օրհնեա՜լ է ժամն այն, ով Կոյս Մարիամ, յորում ծնար զՈրդին Աստուծոյ։ Ողջոյն քեզ Մարիամ...»։
Երրորդ տասնեակի ողջոյններէն առաջ պէտք է ըսել «Օրհնեա՜լ է առաջին շիթն կաթին, ով Կոյս Մարիամ, զոր դիեցաւ ի ստեանց քոց Որդին Աստուծոյ։ Ողջոյն քեզ Մարիամ...»։
Եւ չորրորդ տասնեակի ողջոյններէն առաջ պէտք է ըսել «Օրհնեա՜լ է առաջին համբոյրն այն, ով Կոյս Մարիամ, զոր ետուր աստուածային շրթանց Որդւոյն Աստուծոյ։ Ողջոյն քեզ Մարիամ...»։
25 օր աղօթելէ ետք, Դեկտեմբերի 24ին, Ճրագալոյցի իրիկունը, նախ Վարդարանի «Ուրախութեան խորհուրդը» ըսել եւ ապա հետեւեալ աղօթքը. Ո՜վ հզօր Դշխոյ հրեշտակաց, Սրբուհի եւ Մայր Քրիստոսի, գթած եւ ողորմած Տիրուհի. Անարժան որդեգիրքս քո խոնարհեալք յամենասուրբ ոտս քո՝ աղաչեմք զքեզ, ընկալ ի մէնջ ի տառապեալ եւ ի մեղուցեալ ծառայիցս քոց զհնգեսին զուրախական խորհուրդս սուրբ վարդարանի քո, զորս մատուցաք անարժանապէս քում մեծութեանդ։ Եւ այժմ աղաչեմք զքեզ, Տիրամայր եւ Կոյս, ընկալ վասն մեր ի նորածին Որդւոյ քումմէ շնորհս փոխանակ հազարացն, զի ի կենդանութեան զղջացեալք ի բոլոր սրտէ, եւ ի մահու հասցուք անվտանգ ի կեանս յաւիտենից։ Ամէն։
Մայրութեան գովերգը հիւսող այս պարզ, խնկաբոյր եւ կաթոգին աղօթքը կը կազմէ Սուրբ Կոյս Մարիամի ուղղուած օրհնաբանութիւններու սանդուխ մը, որ կը բարձրացնէ մեր հոգիները եւ կը միացնէ մեր Տիրոջ ու Փրկչին։
Պատրաստեց Հայր Գէորգ Սարգսեան` Մխիթարեան Ուխտէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ