2024.09.06 Vangelo della XXIII domenica anno 'B'

Մօտենալ եւ սիրել թէ Ս. Խաչը եւ թէ ալ մեր ամէնօրեայ փոքրիկ խաչերը (Ղուկ. 9, 44 – 50)

Միասնաբար քալեցինք (երկու ամիսէն աւելի)՝ որպէսզի այսօր հասնինք այս իւրայատուկ շրջանի փակմանը, եւ եկող կիրակի՝ սկսինք Յիսնակաց գեղեցիկ շրջանը...50 օրեր՝ ի պատրաստութիւն Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան զոյգ տօներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Այսօր սիրելիներ, եւ համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին, կը սկսինք խաչվերացէն ետք իններորդ եւ վերջին կիրակին...ինը կիրակիներ սիրելիներ Ս. Խաչի պաշտպանութեանը եւ օրհնութեանը ներքեւ...յուսամ կարողացանք աւելի մօտենալ եւ սիրել թէ Ս. Խաչը եւ թէ ալ մեր ամէնօրեայ փոքրիկ խաչերը...դիւրին չէ, բայց յիշենք որ առանց անոր երկինք մտնել չկայ :

Ինը շաբաթներ մեր կեանքէն սիրելիներ միասնաբար քալեցինք (երկու ամիսէն աւելի)՝ որպէսզի այսօր հասնինք այս իւրայատուկ շրջանի փակմանը, եւ եկող կիրակի՝ սկսինք Յիսնակաց գեղեցիկ շրջանը...50 օրեր՝ ի պատրաստութիւն Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան զոյգ տօներուն:

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այսօրուան հարցումը որ ձեր առջեւ կը դնեմ հետեւեալն է. «Միա՞յն Յուդան էր որ Քրիստոսը մատնեց եւ զԻնք խաչին յանձնեց, թէ մենք ալ բաժին ունինք Քրիստոսի խաչը բարձրանալուն մէջ»: Մեր այսօրուան Աւետարանի առաջին հատուածին մէջ կը տեսնենք հետեւեալ նախադասութիւնը երբ Քրիստոս կ՛ըսէ. «Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը»:

Այս նախադասութենէն սիրելիներ, բոլորս կը հասկնանք թէ ոչ թէ միայն Յուդան, այլ նաեւ մեզմէ ամէն մէկը՝ կամ կը մատնէ զՔրիստոս, եւ կամ ալ մաս կը կազմէ մատնիչութեան արարքին մէջ. պիտի ըսէք ինչպէ՞ս...ես Քրիստոսը չեմ տեսներ որպէսզի մատնեմ եւ կամ զԻնք յանձնեմ խաչելութեան...:

Սիրելիներ, իւրաքանչիւր անձ որ այսօր կ՛ապրի ու կը շնչէ, իր արարքներով, որոշումներով եւ իր կատարած մեղքերով թէ կը մատնէ զՔրիստոս եւ թէ ալ զԻնք կը յանձնէ խաչելութեան...պատճառները եւ օրինակները շատ են, բայց թոյլ տուէք որ այսօր առնեմ Աւետարանին տուած օրինակը որ է՝ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ եւ կամ ինքզինք միւսներէ աւելի վեր գերադասելը: Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, ու՞ր է այսօր մէջ սխալը երբ մէկը կը հպարտանայ իր անձով եւ իր կատարած գործերով...ինչու ի՞նչ կ՛ընէ հպարտութիւնը մարդուս...»:

Սկսելու համար՝ ի՞նչ է հպարտութիւնը. հպարտութիւնը չէ համեստութիւն, չէ հեզութիւն եւ ոչ ալ է խոնարհութիւն. Իսկ ո՞վ է հպարտը. համաձայն հայկական բառարանին, հպարտը այն անձն է որ իր անձնական արժանիքները բարձր կը գնահատէ եւ ուրիշին՝ արհամարհող է:

Հոգեւոր աչքով դիտուած սիրելիներ, հպարտը՝

1. Եսասէր է,

2. Իր մէջ չունի իսկական եւ մաքուր սէր, այլ խորամանկութիւն,

3. Զբաղած է միշտ նիւթականով եւ իր շահերով,

4. Կը հիմնէ իր աշխարհիկ կեանքը, իսկ կը մոռնայ իր հոգին եւ երկնայինը,

5. Կը մոռնայ Աստուծոյ դերը, ներկայութիւնը, գոյութիւնը եւ իմաստը՝ իր կեանքին մէջ,

6. Իր բոլոր յաջողութիւնները կը վերագրէ իր անձին առանց փառք տալու Աստուծոյ,

7. Համոզուած չէ որ իր պայքարը անիմաստ եւ վաղանցուկ է...ամէն ինչ պիտի վերջանայ այս մարմինին հետ:

Իսկ ինչո՞ւ մեղք է հպարտանալը.

1. Որովհետեւ հպարտութեամբ կը թերանամ պատուիրանները գործադրելէ, եւ կը գործադրեմ միայն ու միայն այսպէս ասաց իմ պատուիրաններս,

2. Որովհետեւ հպարտութեամբ կը ժխտեմ Աստուծոյ գոյութիւնը եւ Անոր ներկայութիւնը՝ իմ կեանքիս մէջ,

3. Որովհետեւ հպարտութեամբ կ՛իյնամ այն նոյն մեղքին մէջ զորս ինկաւ Արուսեակ՝ նախ քան սատանայ դառնալը...եւ շատ լաւ գիտէք թէ այսօր ինչ է անոր հետեւանքը,

4. Որովհետեւ հպարտութեամբ ես ինքս կը գերադասեմ Աստուծմէ եւ բոլորէն վեր,

5. Որովհետեւ հպարտութեամբ չարը զիս կը զբաղեցնէ վաղանցուկ գործերով,

6. Որովհետեւ հպարտութեամբ կը դառնամ չարին եւ անոր միտքերուն գերի,

7. Որովհետեւ հպարտութեամբ կը պակսիմ ամէնակարեւոր պատուիրանին եւ կոչումիս մէջ, որ է ՝Սէրը...ուրիշը սիրել՝ այն նոյն սիրով որ Քրիստոս մեզ սիրեց եւ ոչ թէ շահէ մղուած սէրը:

Իսկ ի՞նչ խնդրուած է մեզմէ սիրելիներ.

1. Ընդունիլ իմ սահմանափակ կարողութիւններս,

2. Ընդունիլ Քրիստոսի էական դերը եւ կարեւորութիւնը իմ կեանքիս մէջ,

3. Յիշեմ թէ իմ անձս առանց Քրիստոսի ոչինչ կ՛արժէ,

4. Ոեւէ մէկ գործ կատարելէ առաջ, միշտ խնդրեմ Աստուծոյ աջակցութիւնը եւ փնտռեմ Անոր կամքը,

5. Չուշանամ ուրիշին օգնելու եւ զինք ալ՝ հետս բարձրացնելու,

6. Յիշեմ որ հպարտութիւնը Աստուծոյ կը վայելէ, իսկ մեզի՝ խոնարհութիւնը,

7. Իսկ ամէնակարեւորը՝ սիրեմ, սիրեմ ու սորվիմ միշտ սիրել բոլորը եւ անխտիր, եւ միւսին մէջ տեսնեմ Աստուծոյ հոգին եւ Անոր ստեղծագործութիւնը:

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. հպարտութիւնը օրինակ մըն է բոլոր օրինակներուն մէջ՝ որմով մենք ամէն օր զՔրիստոս խաչը կը հանենք: Երանելի պիտի ըլլանք եթէ նոյնինքն մեր արարքներով եւ այսօրուընէ սկսեալ ըլլանք այն անձերը՝ որոնք Քրիստոսի փշէպսակէն փուշ մը կը վերցնեն որպէս երախտապարտութեան նշան՝ Քրիստոսի կատարած բոլոր բարիքներուն համար՝ մեր անարժան անձերուն հանդէպ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2024, 08:07