2023.07.28 Vangelo della XVII Domenica A

Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի առնեն (Ղուկ. 12, 13 – 31)

Մեր ամէնօրեայ նիւթական մտահոգութիւնները ըլլան սահմանափակ։ Մեր միակ ու լուրջ մտահոգութիւնը ըլլայ միայն ու միայն մեր հոգին, եւ թէ ինչպէս կարող ենք զայն փրկել։ Յիշենք որ կեանքը աւելի կարեւոր է՝ քան ուտելիքը, առաւել եւս հոգին՝ քան թէ մարմինը։ Փոխանակ նիւթականը ամբարելու, ամբարենք հոգեւորն ու հոգին։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելի ընթերցող եւ ունկնդրող քոյրեր եւ եղբայրներ,

Համաձայն մեր հայկական տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք Յիսնակաց (յիսուն օրեր՝ ի պատրաստութիւն Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն) շրջանի երկրորդ կիրակին:

Մեր այսօրուան Աւետարանի մէջ, կը պատմուի հետեւեալ առակը. « Հարուստ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին: Անիկա կը մտածէր ու կ՛ըսէր. ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց: Այո, գիտեմ ինչ պիտի ընեմ: Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս: Ապա ես ինծի պիտի ըսեմ. Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. Կեր, խմէ եւ վայելէ: Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ» (Ղուկ. 12, 16-20):

ի՞նչ կրնանք հասկնալ այս հատուածէն.

1. Մեր ամէնօրեայ նիւթական մտահոգութիւնները ըլլան սահմանափակ,

2. Մեր միակ ու լուրջ մտահոգութիւնը ըլլայ միայն ու միայն մեր հոգին, եւ թէ ինչպէս կարող ենք զայն փրկել,

3. Յիշենք որ կեանքը աւելի կարեւոր է՝ քան ուտելիքը, առաւել եւս հոգին՝ քան թէ մարմինը,

4. Զգոյշ ըլլալ ագահութենէն,

5. Չմոռնալ թէ մենք այս աշխարհի վրայ ժամանակաւոր ենք, եւ մեր հետ ոչ մէկ բան պիտի տանինք...որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ սիրելիս,

6. Փոխանակ նիւթականը ամբարեմ, թող որ ամբարեմ հոգեւորը եւ հոգին,

7. Վստահիմ Աստուծոյ, Անոր կամքին եւ նախախնամութեանը,

8. Մտահոգուիմ թէ ինչպէս պիտի կարողանամ Երկնքի Արքայութիւնը բերել, ընդունիլ եւ պահել իմ սրտիս մէջ,

9. Փոխանակ մենք մեր անձերու համար հարստութիւն դիզենք (պայման չէ միայն նիւթական ըլլայ), թող որ Աստուծոյ աչքին հարստանանք,

10. Մեզմէ պահանջուած է անսահման հաւատք, եւ մեր կեանքերը դիտենք հաւատքի աչքերով

ինչո՞ւ. որովհետեւ պահանջուած է «չմտահոգուիլ ոչ ձեր ուտելիքով եւ ոչ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի մտատանջէք դուք ձեզ, որովհետեւ ասոնք բոլորը հեթանոսներուն յատուկ են: Ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք: Այլ ուզեցէք որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Ղուկ. 12, 29-31). Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2024, 07:15