2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (6)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

­ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՀԵՏ - ԿԱՐԻՆԷՆ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

Կարինի եկեղեցւոյ մէջ Մխիթար սարկաւագ կը մասնակցի Ս. Պատարագին, որու ընթացքին այնքան հնչեղ ձայնով եւ փայլուն առոգանութեամբ կը կարդայ ընթերցուածները եւ քաղցր եղանակով կ՚երգէ օրուան աւետարանը, որ ամէնքը հիացած կը հարցնէին թէ ուրտեղէ՞ն եկած էր այդ պատանին։

Կարին եղած ժամանակ քանի մը դէպք բոլորովին կը բացայայտեն Միքայէլ եպիսկոպոսի իսկական մտադրութիւնը։ Խստութենէն զատ, Վարդապետը այլեւս կղպանքի տակ կը սկսի պահել ունեցած գիրքերը եւ թոյլ չի տար որ Մխիթար այդ գիրքերու ընթերցանութեամբ զբաղի։

Օր մը Մխիթար կը տեսնէ որ Կարինի եկեղեցւոյ դրան մօտ գիրքեր կը վաճառէին եւ հետաքրքրութեամբ մօտենալով՝ կը նկատէ «Խոկումն քրիստոնէական» գիրքը։ Թերթելով՝ այնքան հոգեպարար, գրաւիչ եւ օգտակար կը գտնէ, որ անմիջաէս կը գնէ եւ տուն վերադառնալով՝ ազատ պահերուն կը սկսի անյագօրէն կարդալ։ Երբ Միքայէլ վարդապետը Մխիթարի ձեռքը կը տեսնէ այդ գիրքը զայրանալով անմիջապէս կը խլէ եւ միւս գիրքերուն հետ կղպուած արկղին մէջ կը դնէ։ Զայրացած կը պոռայ թէ այդ գիրքը Մխիթարին հասու չէր, եւ թէ ան միայն սաղմոս պէտք էր կարդալ եւ գոց սորվիլ։ Մխիթար լուր ու մունչ կ՚ընդունի այդ յանդիմանութիւնը, առանց առարկելու անգամ որ ինքը արդէն սաղմոսներու մեծ մասը գոց գիտէր։

Ուրիշ օր մը Միքայէլ վարդապետը բացայայտ կերպով կ՚ըսէ Մխիթարի թէ թոյլ պիտի չտար շուտափոյթ յառաջանալ ուսման մէջ, որպէսզի շուտով չհեռանար իրմէ, եւ 12 տարի իրեն ծառայելէ ետք զինք որպէս իր աշակերտը պիտի ընդունէր, եւ այն ատեն միայն պիտի սորվեցնէր աստուածաբանական գիտելիքները եւ հուսկ վարդապետական գաւազան տար։ Այս դառն դառն իրականութեան դիմաց Մխիթար չի յուսահատիր։

Կարինի մէջ Մխիթար շատ պատահական եւ միաժամանակ շատ հետաքրքրական հանդիպում մը կ՚ունենայ։ Օր մը յիսուսեան կրօնաւոր մը այցելութեան կու գայ Միքայէլ Վարդապետին, որ այդ պահին տունը չէր։ Մխիթար կը հիւրընկալէ հայ կրօնաւորի զգեստով բայց տարօրինակ խօսելաձեւով օտարականը, եւ մինչեւ Միքայէլ վարդապետի վերադառնալը, անոր հետ երկար խօսակցութիւն կ՚ունենայ, եւ հարցումներ ուղղելով առաջին անգամ ըլլալով կը լսէ «ֆրանկ»ներու եւ արեւմուտքի քրիստոնեայ պետութիւններու մասին։ Մինչեւ այդ օրը Մխիթար լսած էր միայն Հռոմ քաղաքի մասին, որ հայերը Պետրոս-Պօղոս կը կոչէին, եւ գիտէր թէ Պետրոս Առաքեալի աթոռը հոն կը գտնուէր։ Երբ Միքայէլ Վարդապետ կը վերադառնայ, կրօնաւորը երկար առանձնազրոյց կ՚ունենայ անոր հետ եւ ապա կը մեկնի։

Քանի մը օր Կարին մնալէ ետք Միքայէլ վարդապետը չուզելով իրենց կեցութիւնը երկարել այդտեղ, փութով ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Էջմիածին։ Մայր Աթոռ հասնելով՝ Նահապետ Կաթողիկոսը, վանաբնակ եպիսկոպոսները եւ վարդապետները մեծ պատիւներով կ՚ընդունին Միքայէլ արքեպիսկոպոսը, որ ոչ միայն կաթողիկոսական Նուիրակ էր այլ նաեւ հռչակաւոր Վարդապետ եւ հմուտ քարոզիչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2024, 07:49