«Կարմիր Շաբաթ» եկեղեցիները պիտի լուսաւորուին կարմիր գոյնով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 20 նոյեմբերին, աւելի քան 20 երկրիներ կը մասնակցին «Կարմիր Չորեքշաբթի» նախաձեռնութեան (#RedWednesday), կազմակերպուած «Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» կաթողիկէ միջազգային կազմակերպութեան կողմէ, նպատակ ունենալով բարձրացնել իրազեկութիւնը աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի եւ կրօնական ազատութեան իրաւունքի մասին։ Այս ամէն տարուայ միջոցառումը զգալի օրէն ընդլայնուած է Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի, հարաւային Ամերիկայի եւ Ովկեանեան երկիներու մէջ շուրջ աւելի քան 300 նախաձեռնութիւններու իրականացումով։
«Կարմիր Չորեքշաբթի» նախաձեռնութիւնը ծնած է, որպէս զօրակցութեան պարզ օր մը, որուն ընթացքին եկեղեցիները ու շարք մը կառոյցներ կը լուսաւորուին կարմիր լոյսով ու կը կատարուին շարք մը աղօթքի հսկումներ՝վկայութիւններու եւ համաժողովներու ձեռնարկներով, որոնք կը տեւեն մէկ շաբաթէն մինչեւ մէկ ամիս։
Շատ մը երկիրներ որդեգրած են «Կարմիր Շաբաթ» կամ «Կարմիր Նոյեմբեր» բառերը, ընդգծելու համար նախաձեռնութիւններուն աճը։
Այս տարուան կարեւոր իրադարձութիւնը, «Հալածուածներ եւ մոռցուցածներ» տարեկան զեկոյցի մեկնարկն է, որ կը քննարկէ հալածանքի բարձր մակարդակ ունեցող 18 երկիրներու մէջ քրիստոնեաներուն իրավիճակը։ Այս զեկոյցը, որ կ՝ընդգծէ այդ երկիրներու մէջ քրիստոնեաներուն վատթարացման իրավիճակը, պիտի ներկայացուցի ընթացիկ ամսուան մէջ։
Աւստրալիոյ մէջ աւելի քան 22 թեմեր եւ հինգ արեւելեան եկեղեցիներու առաջնորդարանները ձեռնարկին պիտի մասնակցին իրենց եկեղեցիները լուսաւորելով կարմիր գոյնով։ Քանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ պիտի կատարուի յատուկ պատարագ, Սուրբ Յովսէփին աղօթատան հետ, որ պիտի լուսաւորուի այդ առիթով։
Կարգ մը երկիրներ ինչպէս Չիլէն, Մեքսիքոն եւ Քոլոմպիան միջոցառումին պիտի մասնակցին տարբեր ձեռնարկներու իրականացումով, ներառելով հալածանքի զոհերու վկայութիւններու ներկայացումը։
Եւրոպայի մէջ նաեւ շատ մը եկեղեցիներ կարմիր գոյնով պիտի լուսաւորուին։ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Սպանիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան կարեւոր ձեռնարկներ։
Ֆրանսան կարմիր շաբաթուան մէջ պիտի պիտի ներառէ «Վկաներուն գիշեր» միջոցառումը, մինչ Սպանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենան տարբեր ձեռնարկներ։ Անգլիոյ մէջ կաթողիկէ դպրոցները գործօն կերպով պիտի մասնակցին կարմի շաբաթ միջոցառումին, ուղիղ սփռումներով կիսելու համար իրենց նախաձեռնութիւնները։
Յայտնենք թէ Կարմիր Շաբաթը կարեւոր հնարաւորութիւն է միաւորելու համար ուժերը եւ բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը հիմնարար կարեւորութեան՝ կրօնական ազատութեան վերաբերեալ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ