Կ'աւարտին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի 1700ամեակի տօնակատարութիւնները
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 9 Նոյեմբերին, ժամը 17։30ին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի 1700ամեակի օծումին նուիրուած արարողութիւնները պիտի աւարտին հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով՝ գլխաւորութեամբ Հռոմի թեմի առաջնորդական փոխանորդ եւ Պազիլիքայի Աւագ Վարդապետ Պալտօ Ռեյնային։
Հռոմի Թեմի երգչախումբի ղեկավար Գերապայծառ Մարքօ Ֆրիզինայի ղեկավարութեամբ եւ անոր կողմէ այս առիթով յատուկ յօրինուած երգերը պիտի ուղեկցին փակումին արարողութեան։
«Ունկնդրելով վարպետներուն» ծրագիրը
Մինչ, նախորդ օրը՝ 8 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19.45ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ Հռոմի թեմը կազմակերպած է «Ունկնդրելով վարպետներուն» հանդիպումը, որուն ընթացքին երեք քահանաներ՝ Գերապայծառ Անտրէա Լոնարտոն՝ Հռոմի թեմի քրիստոնէական գրասենեակի տնօրէն, Հայր Ֆապիօ Ռոսսինին՝ Հռոմի թեմի համալսարանական հովուութեան գրասենեակի տնօրէն, եւ Հայր Գաբրիէլ Վեքքիոն՝ նոյն գրասենեակի աշխատակից, պիտի պատմեն Պազիլիքայի 1700ամեայ պատմութեան նշանաւոր պահերը։
Պատմութիւնը
Նշենք նաեւ, որ «Սուրբ Փրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ» Պազիլիքան Հռոմի մէջ գտնուող Քահանայապետական չորս պազիլիքաներէն մին է՝ օծուած Սուրբ Սիլվեսթր Ա Պապի կողմէ՝ Կոստանդիանոս կայսրին շինարարութենէ եւ ֆինանսաւորումէն ետք, 324 թուականին։ Կառուցուած է Մոնթե Չելիօ հողատարածքին վրայ, որ կը պատկանէր Լատերանօ ընտանիքին։ Հռոմի առաջին եկեղեցին է, ուր քրիստոնեաները կրցած են ազատօրէն եւ հրապարակայնօրէն կատարել իրենց ծիսական արարողութիւնները։
Յիշեցնենք նաեւ, որ 29 Դեկտեմբեր 2024ին Սրբազան Պապը պիտի բանայ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Մայր Տաճարի Սուրբ Դուռը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ