2021.07.07 Convento di Bzommar

275 ամեակ Զմմառու Տիրամօր Վանքին. Գրեց` Սարգիս Նաճարեան

Վանքին ոգեշնչող մթնոլորտը դէպի Ժողովուրդը տանելու կոչուած առաքեալներու դարբնոցը

275 ամեակն է  Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Վանքին, որ ամէնազգի   այցելուներուն համար թերեւս ուխտավայր մըն է, հրաշագործ Տիրամօր օգնութիւնը հայցելու առիթ մը, մշակոյթի կեդրոն մը՝ ուր կը պահուին պատմարժէք ձեռագրեր, հնատիպ գիրքեր, բազմատասնեակ հազարաւոր հատորներով մատենադարան մը, մեծարժէք հնութիւններու թանգարան մը, թանկարժէք հաւաքածոներ,  հնագեղ ճարտարապետութեան օրինակ մը, Հայոց Լիբանանի մէջ դարաւոր ներկայութեան վկայութիւն մը, բայց 275 ամեայ վանքը այս բոլորով հանդերձ   իրական անդորրաւէտ ովասիս մըն է՝ հայ մարդուն համար որ այսօր իր Մայր Հայրենիքին թէ որդեգիր հայրենիքներուն մէջ կ՛ապրի իր առօրեան խռովող բազմատեսակ տագնապներու  ճնշող մթնոլորտին ներքեւ, նախանձախնդիր հայուն  համար որ կը տուայտի իր ինքնութեան, ինքնուրոյնութեան, տոհմիկ կենցաղին, աւանդական նիստ ու կացին, մեր ազգային ու հոգեւոր նուիրականութիւններուն սպառնացող խայտաբղէտ վտանգներն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հեւքին մէջ, զտարիւն հայորդիին համար որ կը յուսալքուի բոլոր մակարդակներու վրայ եւ համարեայ բոլոր մարզերէն ներս ժամանակէ մը ի վեր զգացուող «երգով կամ առանց երգի» նահանջը արգելակելու  ի խնդիր բոլոր կողմերէն ու բարձունքներէն հնչեցուած ահազանգներու խուճապեցնող պայմաններուն տակ։

Ափսոս որ ճնշուած, տագնապահար ու տառապահար, յաճախ ուղեկորոյս եւ յուսալքութեան դէմ կանգնած  բոլոր հայորդիները հնարաւոր չէ փոխադրել Զմմառու դարաւոր Վանքը, որպէսզի խաղաղեցնեն իրենց խռովայոյզ հոգիները, լսեն շուրջ երեք դարերու խորերէն եկող ոգեշնչող պատգամը իրենց սրբակրօն Հայրերուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են Եկեղեցւոյ եւ Ազգին,  որպէսզի թարմացնեն իրենց հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ Խորհուրդներուն հետ, վերանորոգեն իրենց հայրենաւանդ հաւատքն ու հաւատալիքները, կազդուրուին հոն տիրող հոգելից միջավայրին մէջ, հոգենորոգ ու հոգեպարար  մթնոլորտին ներքեւ, վայելեն միտքն ու հոգին անդորրացնող այդ երկնառաք ովասիսին բարիքները եւ վերահաստատեն իրենց ազգային ու հոգեւոր յանձնառութիւնները։

Եթէ կարելի չէ բոլոր հայորդիները փոխադրել Զմմառու Վանք, կարելի է սակայն Վանքն ու Վանքին պատգամը, մթնոլորտն ու բարիքները տանիլ դէպի այն մարդիկը որոնք անոնց կարիքն ունին այսօր։ Իսկ ո՞վ չզգար այսօր այդ կարիքը։ Այս պարտականութիւնը, աւելին՝ առաքելութիւնը կատարելու կոչուած են Զմմառու Տիրամօր հոգածու հովանիին տագ գործող Սբ․ Միքայէլ Նորընծայարանին սաները, վաղուան Հոգեւոր Հայրերը, նաե՛ւ Ազգին առաջնորդները։

Արդարեւ,  Վանքը՝ իր  Նորընծայարանով  կամուրջն է քրիստոսանուէր առաքելութեան նուիրուելու կոչուած եւ  ազգաշահ աշխատանք կատարելու տրամադրուած երիտասարդներուն ու Եկեղեցւոյ միջեւ։ Այդ կամուրջը նետուած է ազգային հիմերու վրայ։ Զայն անսայթաք կտրող երիտասարդը այնուհետեւ ի՛նք կոչուած է դառնալու Հաւատքի ու Եկեղեցւոյ դռները հանրութեան բացող առաքեալը, դէպի այդ դռները  տանող ճանապարհը ցոյց տուող բարի հովիւը,  նաե՛ւ Ազգին անձնուրաց առաջնորդը, անբասիր ու արդարամիտ ղեկավարը։

  Այդ ճանապարհը հարթ, կանաչապատ ու լայնանիստ չէ եղած երբեք եւ չէ՛ մանաւանդ այսօր։ Անկէ քալել փորձողներուն առջեւ ծառացող խոչընդոտները բազմաթիւ են։ Անոր վրայէն յառաջընթացը արգելակող մարտահրաւէրները՝ բազմատեսակ։ Ժամանակակից  կեանքի  խաբուսիկ եւ այլասեռող  երեւոյթները գրաւիչ։ Ահա թէ ինչո՞ւ եթէ այդ ճանարահը ցոյց տուող առաջնորդը օժտուած չըլլայ իրմէ ակնկալուած մարդկային, հոգեւոր, ազգային ու բարոյական բարձր արժանիքներով  ու բարեմասնութիւններով, անկոտրում կամքով, չըլլայ բազմահմուտ եւ հոգեմտաւոր  բազմակողմանի պաշարի տէր անձնաւորութիւն՝ յուսախաբ պիտի ընէ իրեն հետեւելու հրաւիրուած  հօտը, պիտի խարխափեցնէ  ու շփոթեցնէ զայն։

Որպէսզի խորաններէն, բեմերէն ու հրապարակային ամպիոններէն հնչող հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներով առաջնորդուելու կոչերը լսելի ըլլան, զանոնք կատարող առաջնորդները առաջին հերթին իրե՛նք այդ արժէքներուն կենդանի օրինակը պէտք է ըլլան։

Փառք Աստուծոյ, Ազգին առաջնորդներն ու ղեկավարները չեն պակսիր։ Նոյնպէս յաւակնորդները։ Մեծ ու փոքր, բազմաձեւ, բազմագոյն ու բազմատարազ կազմակերպութիւններ կ՛առաջնորդուին բազմաթիւ եւ յաճախ բազմակարծիք ղեկավարներով, որոնց ազնիւ տրամադրութիւնները եւ  հանրանուէր ծառայութիւն մատուցանելու պատրաստակամութիւնը կարելի չէ կասկածի տակ  առնել,  սակայն  բացառութիւնները յարգելով հանդերձ, կարելի՞ է միեւնոյն հաստատումը կատարել անոնցմէ իւրաքանչիւրի ձեռնհասութեան մասին։

Ահա թէ ինչո՞ւ, նորընծայարանները ոչ միայն սեղմ իմաստով Եկեղեցւոյ պաշտօնեաներ կամ ծառաներ պատրաստելու պարտականութիւնը ունին, ասիկա առաջնահերթ ըլլալով հանդերձ, այլ՝ ժողովուրդը հովուելու  արժանաւոր  ազգային առաջնորդներ, որովհետեւ Եկեղեցին միշտ կանգնած է ժողովուրդի թիկունքին, բաժնեկից եղած է անոր ապրումներուն։

Ահա թէ ինչո՞ւ, ոչ միայն հոգեւոր, այլ ասոր կողքին՝ ազգային տիպար, անձնուրաց, անշահախնդիր ու անբասիր առաջնորդներու դարբնոցներ են մեր նորընծայարանները։

Որովհետեւ,

Կեանքի այսօրուան պայմանները չեն արտօներ որ եկեղեցականը սահմանափակուի սեղմ իմաստով քրիստոնէական գիտելիքներու, աւետարանական ուսուցումներու, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու չոր ու ցամաք քարոզախօսի դերին մէջ։ Այլ ան պիտի ըլլայ  Աւետարանի ուսուցումներուն վրայ հիմնուած ժողովուրդի հոգեմտաւոր ապրումներուն կշռոյթին արձագանգող առաջնորդը,  անոր ընկերային խնդիրներու լուծման հետամուտ խրատատուն, ժողովուրդին ազգային ու մշակութային առանձնայատկութիւններուն, աւանդութիւններուն ու բարքերուն ջատագովը, երիտասարդներու խորհրդատուն եւ ուղեկիցը, անոնց մտահոգութիւններուն բաժնեկիցը, եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ՝  ի  հարկին  իր ժողովուրդը սադրանքներէ, տեսանելի ու աներեւոյթ վտանգներէ, զգուշացնող, զայն դէպի բարին ու ազնիւը, դէպի լաւն ու ճշմարիտը կողմնորոշող բարի հովիւը։ Պայմանաւ որ ան վայելէ իր հօտին վստահութիւնը։

Ահա թէ ինչո՞ւ, մեր եկեղեցական իշխանութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող  նորընծայարանները դարբնոցն են, պէ՛տք է ըլլան, այնպիսի  հովիւներու՝ որոնք իրենց մտային պաշարով, գիտութեամբ, անձնուիրութեամբ, անբասիրութեամբ, բայց մանաւանդ հաւատքով, հոգեւորականութեամբ ու ոգեկանութեամբ կարենան օգնել հայ հասարակութեան դիմագրաւելու ժամանակի մարտահրաւէրները, մասնաւորաբար համաշխարհայնացման ու այլասերման վտանգները՝  առաջին հերթին անոնց հոգիներուն մէջ վառ պահելով Լուսաւորչեան Հաւատքին կրակը։

 Զմմառու Արծիւեան  Միաբանութեան  հովանաւորութիւնը  եւ Սբ․ Միքայէլի պաշտպանութիւնը վայելող նորընծայարանին, եւ ընդհանրապէս բոլոր նորընծայարաններուն  սաները՝ երթալով դէպի ժողովուրդը, ծանր պատասխանատուութիւնը ունին արդարացնելու այսպիսի առաքելութեան մը շրջագիծէն ներս մտնող իրենց կոչումը։ Այդ կոչումին յանձնառութեամբ առաջնորդուելու ու գործելու վկայութիւնը տուած են եւ կու  տան Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր Վանքին սաները։

 Փառք ու պատիւ՝ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին այսպիսի յանձնառութեամբ օժտուած  սերունդներ պարգեւած ու պարգեւող նորընծայարաններուն։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

6 / 11 / 2024 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2024, 08:37