Կը խնդրենք ձեզմէ` որ աղօթէք Սուրիոյ համար աղօթէք Սուրիոյ խաղաղութեան ու անդորրութեան համար. Արհ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդին վկայութիւնը անցեալ օրերուն Սուրիոյ մէջ ապրուած յեղաշրջումի ու իշխանափոխութեան օրերու մասին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանումք
Անցեալ օրերուն Սուրիան ապրեցաւ իր պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած յեղաշրջումի օրեր, որոնց ընթացքին սուրիացիները ու մասնաւորապէս հայ համայնքի զաւակները ապրեցան անորոշութեան պահեր։
Այսօր համեմատաբար անցնող օրերուն, կեանքը կը թուայ աւելի ապահով եւ բնականոն ընթացքի մէջ։
Այս ուղղութեամբ Ռատիովատիկանի Հայկական բաժանմունքը կապ հաստատեց Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի հետ որ մեզի փոխանցեց իր վկայութիւնը որուն աւարտին Ան խնդրեց` որ աղօթենք Սուրիոյ համար, Սուրիոյ խաղաղութեան ու անոր անդորրութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
11/12/2024, 10:35