Հարուստ երիտասարդը` Սուրբ Շարլ Տը Ֆուքոն
Այսօր, մէկ դեկտեմբերին, Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Շարլ Տը Ֆուքոյի ծիսական տօնը։
Ան ծնած է Ֆրանսա՝ 15 սեպտեմբեր 1858ին ֆրանսացի ազնուական ընտանիքի մը յարկին տակ մանուկ հասակէն կորսնցնելով իր ծնողները ու հաւատքը` երբ տակաւին պատանի էր։
Աշակերտած է Սեն-Սիրի հեղինակաւոր ռազմական ակադեմիային լիովին վայելով կեանքը եւ իր մէջ զգալով դատարկութիւն մը փորձած է զայն լեցնել կեանքի հաճոյքներով։ Ուսմունքը աւարտելէն ետքը Շարլը զինուորական առաքելութեամբ կ՛ուղարկուի Ալճերիա եւ այնտեղ անապատի լռութեան մէջ անոր մէջ կը ծնի լռելեան հարցում մը ու կը սկսի աղօթել. «Աստուած իմ, եթէ շիտակ է գոյութիւն ունիս, այնպէս ըրէ որ ես քեզ ճանչնամ»։
1886 թուականին 28 ամեայ զինուորականը Ֆրանսա վերադարձին իր ներքին տատամսումներու մասին կը խօսի Քահանայի մը հետ, որ անոր կը խրատէ խոստովանիլ, եւ այդ մէկը կատարելէ ետքը Շարլին մէջ կը վերածնի հաւատքը ու Ան կը զգայ `որ Յիսուսին քնքուշ հայեացքը իր վրայ սեւեռած է, նման այն հարուստ երիտասարդին, որ Յիսուսին մօտ գացած էր անոր հարց տալու թէ ի՞նչ պէտք էր ընել ժառանգելու համար երկնքի արքայութիւնը եւ Յիսուս անոր պատասխանած էր «գնա, ծախէ ամէն ունեցածներդ եւ ետեւէս եկուր»։
Թէեւ Աւետարանի երիտասարդը տխուր կը վերադառնայ իր տունը, որովհետեւ անկարող էր բաժնուիլ իր սեփականութիւններէն, Շարլի պարագան եղաւ տարբեր։ Ան արդարեւ գրած է. «Այն պահուն երբ ես սկսայ հաւատալ թէ Աստուած գոյութիւն ունի, հասկցայ` որ չէի կարող ուրիշ բան ընել եթէ ոչ ապրիլ Միային իրեն համար»։
Ուստի վանք կը մտնէ ու Քահանայ ձեռնադրուելէն ետքը կը վերադառնայ Սահարա, ուր կը ջանայ ապրիլ մենակեաց կեանք մը նուիրելով աւետարանութեան ոչ թէ խօսքով այլ Սուրբ Հաղորդութեան ներկայութեան, աղօթքի, ապաշխարողութեան, տիեզերական ու եղբայրական սիրոյ միջոցաւ։
1916ին Հայր Շարլ Տը Ֆուքոն կը սպաննուի աւազակներու ձեռքով, բաց անոր մենակեաց մահը, անապատին մէջ ու անոր հեղած արիւնը պտուղ կու տան ու կը ծնին յատուկ հասարակութիւններ, որոնք ներշնչում կը քաղեն անոր կեանքէն ու անոր ուսուցումներէն, որնց մաս կը կազմէ «Յիսուսի փոքրիկ քոյրեր» միաբանութիւնը, որ կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ։
2022 թուականին` Ֆրանչիսկոս Պապը նահատակ Հայր Շարլ Տը Ֆուքոն կը դասէ սուրբերու շարքին` հարուստ երիտասարդը` որ ծախեց իր բոլոր ունեցածը հետեւելլու համար Տիրոջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ