Լիբանանի մէջ բացում Կարդինալ Աղաճանեան պողոտային
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ Կիրակի 22 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական տօնակատարութիւն որուն ընթացքին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ Եկեղեցին պաշտօնապէս պիտի ներառուի Լիբանանի կրօնական զբօսաշրջութեան քարտէսէն ներս ու հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի «Գարտինալ Աղաճանեան Փողոց»ին։
Տօնակատարութիւնը պիտի նախագահէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան Պետական Նախարար Ն. Գ. Տիար Ուալիտ Նասսարի։
Յայտնենք` որ վերոնշեալ երկու միջոցառումները կապուած են անցեալ Հոկտեմբերին երանաշնորհ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի աճիւններուն Հռոմէն Պէյրութ փոխադրման հետ, ու անոնց զետեղման ճիշտ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պատրաստուած խորանին տակ։
Պատմական եղելութիւն մը` որուն մասնակցած էին Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ բոլոր համայնքներու պատուիրակութեան անդամներ ինչպէս նաեւ քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներ սկսեալ Լիբանանի Վարչապետի յանձնակատար Տիար Նաժիպ Միքաթիէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ