Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (31)
ԼԱ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք վաղեմի Մաշտոցներու Կանոններու կազմին:
Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոց Ծիսարանը դարերու հոլովոյթին՝ ըստ տեղի և պահանջի զարգանալով հասած է իր ներկայ վիճակին: Ծիսարանը հետզհետէ ճոխացած է, բարեփոխութիւններու ենթարկուելով. սակայն հակառակ բարեփոխումներուն, ան միշտ պահած է իր հարազատութիւնը և հին աւանդութիւնները: Հիմնուելով Թ.-էն ԺԸ. դարերու հնաւանդ տասնեակ Մաշտոց–Ծիսարաններու վրայ, կը տեսնենք թէ ունեցած ենք 47 նախնական կանոններ, զորս ժամանակի ընթացքին, ճոխանալով՝ հասած են մինչեւ 70-էն աւելի յաւելեալ Կանոններու:
Անոնցմէ առաջիններն են հաւատացեալներու կեանքի հիմնական հանգրուաններուն նուիրուած կարգերը. Մկրտութեան կանոնը հիմնական տեղ կը գրաւէ Մաշտոց ծիսարանին մէջ, որուն նախնական ձեւակերպումը Յովհան Մանդակունիի կը վերագրուի: Սակայն վաղեմի՝ Թ. Ժ. դարերու ձեռագիր Մաշտոցներուն մէջ, Մկրտութեան Կանոնը (և կնունք տալոյ), ԺԸ. կամ ԻԱ. Կարգը դրուած է. իսկ Դ. կարգին է՝ Կանոն աւազան օրհնելոյ-ն:
Նախկին Մաշտոցներուն մէջ, Մկրտութենէն առաջ նորածին երախաները տաճար ընծայելու արարողութիւն չկար, մինչ նոր Մշատոցներուն մէջ ընդհանրացած սովորութիւն է որ ծննդաբերութենէն կարճ ժամանակ մը ետք մայրեր իրենց զաւակը եկեղեցի բերեն՝ յատուկ աղօթքով մը զայն Աստուծոյ պահպանութեան յանձնելու համար: Մկրտութեան Կանոնի հին բնագիրներուն մէջ՝ նկատելի են շարականներու բացակայութիւնը, այսինքն՝ անոնց մէջ չեն մտած բազմաթիւ շարականներ: Աւելի ուշ, արարողութեան հանդիսաւորութիւն մը տալու և զայն հայացնելու նպատակով՝ շարականներ աւելցուած են և շատ կանոնաւոր կերպով դասաւորուած են:
Վաղեմի Մաշտոցներուն մէջ Պսակի կարգը հանդէս կու գայ հետեւեալ կանոնական հերթականութեամբ. «Կանոն նշան օրհնելոյ», «Կանոն պսակի հանդերձ օրհնելոյ», «Կանոն խաչփոխ առնելոյ», «Կանոն կուսի պսակ առնելոյ», «Կանոն օրհնութեան բաժակի հարսանեաց», «Կանոն պսակ (կամ թագ) վերացուցանելոյ» և «Կանոն երկրորդ պսակի, այսինքն ամուսնութեան այրեաց»։ Ամենավաղ Մաշտոցներուն մէջ՝ որ է Վենետիկի թիւ 457 և Մաշտոցեան Մատենադարանի թիւ 1001 ձեռագիրներուն մէջ, Խաչփոխի ծէսը յիշատակուած է որպէս առանձին կանոն:
Այստեղէն կարելի է ենթադրել, որ ան դուրս մնացած է հետագայ դարերուն: Ընդ որում, երկու Մաշտոցներու մէջ ալ յիշատակուած Խաչփոխի ծէսը կատարուած է մինչեւ Պսակը, երբ անցեալին, նախքան Պսակի կատարումը, տղայի հարազատները քահանայի հետ կ'երթային հարսի տուն, հարսին փեսայի մօտ բերելու. «բերեն զհարսն յոտն փեսային»: Ձեռագիր և տպագիր Մաշտոցներուն մէջ, «Կանոն խաչփոխ առնելոյ», «Կանոն օրհնութեան բաժակի հարսանեաց» կը մտնեն «Կանոն կուսի պսակին» արարողութեան մէջ և չեն առանձնանար որպէս առանձին կանոններ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ