Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի վերաբացայայտուած շքեղութիւնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Շաբաթ` եօթը դեկտեմբերի երեկոյեան բացումը պիտի կատարուի Փարիզի Նոթր տամ տաճարին։ Մինչ երկրորդ օրը Կիրակի 8 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Գերապ. Ուրլիխը տաճարին մէջ պիտի մատուցէ Բացման պատարագը` ու պիտի կատարէ խորանի վերաօծումը։
Յայտնենք` որ մէկուկէս դար պատմութիւն ունեցող այս տաճարը 2019-ի ապրիլի 15-ին առ յաւէտ կորուստի սեմին մատնուեցաւ երբ աղետալի հրդեհ մը պատեց անոր կամարներն ու սիւները։ Կրակը մոխիրի վերածեց գոթական գլուխգործոցի մէկ մասը, որը դարեր շարունակ կը ներկայացնէր ոչ միայն Ֆրանսայի մայրաքաղաքի ճարտարապետական շքեղութիւնը, այլեւ արևմտեան հաւատքի և մշակոյթի անջնջելի խորհրդանիշը:
Տաճարին վերաշինութեան աշխատանքները տեւեցին 2.000 օրէ աւելի ներգրաւելով աւելի քան երկու հազար աշխատաւորներ ու մասնագէտներ։
Հինգ տարի ետք, Աստուածամօր նուիրուած այ տաճարը վերագտնելով իր վեհութիւնը՝ պատրաստ է աշխարհին ներկայանալ իր նոր շքեղութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ