Հալէպի մէջ եպիսկոպոսները կը մնան իրենց ժողովուրդին կողքին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
հալէպի մէջ ներկայ իրավիճակը չափազանց լարուած եւ մտահոգիչ ըլլալով՝ զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ հաստատուած կրակմարի սահմանումով, որ բնակչութիւնը կը ստիպէ իրենց տուներուն մէջ մնալ, Հալէպի բոլոր եկեղեցիներու եպիսկոպոսները, 30 նոյեմբերին, որոշեցին որ պիտի չշարժուին եւ պիտի մնան Սուրիական քաղաքին մէջ մօտիկ կանգնելով իրենց բնակչութեան։
Լատինաց եպիսկոպոսը ապահովուեց, որ ինքն ու իր եօթը եղբայրակիցները կը մնան հալէպի մէջ ու կրօնաւորներն ու օգնութեան կարիք ունեցող անձեր ապահով վիճակի մէջ կը գտնուին, չնայած որ իրավիճակը արագօրէն կը փոխուի։
Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումները, մասնաւորապէս Հայաթ Թահրիր Ալ Շամ իրենց վերահսկողութեան տակ առին Հալէպի օդակայանը, սրելով բնակիչներուն մտավախութիւնները։ Լատինաց եպիսկոպոսը յորդորեց ժողովուրդը մնալու իրենց տուներուն մէջ՝ խուսափելու համար բռնութիւններէն եւ գողութիւններէն։
Հալէպի Մարոնիթներուն արքեպիկոսպոս, գերպ Ժոզէֆ Թոպժի, նկարագրեց յարձակումներու վերջին սրացումը ու հաստատեց, որ այս պահուն քրիստոնեայ հաստատութիւններուն դէմ յարձակումներ չկան։
Մինչ Սուրբ Երկրի մէջ Յիսնակաց շրջանի սկիզբը սկսաւ լաւ մթնոլորտի մէջ շնորհիւ հակամարտութեան դադրեցման բանակցութիւններուն։
Պատարագի ընթացին Սուրբ Երկրի պահակ, Հայր Փաթոն իր արտասանած քարոզին մէջ ընդգծեց Սուրբ Ծննդեան տօնին սպասումի այս շրջանին մէջ յոյսը վառ պահելու կարեւորութիւնը, յորդորելով հաւատացեալները հսկելու աղօթելով, ապա մէջբերեց Կազայէն գաղթած եւ Սուրբ Ընտանիքի ժողովրդապետութեան հասարակութեան մէջ ընդունուած գաղթականներէն մին Սոհէլ Ապտօ Տավուտի վկայութիւնը։ Յիշենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապ գրեթէ ամէն օր կապ կը պահէ եւ իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Կազայի հասարակութեան։
Հայր Փաթոն հաղորդեց, որ Սոհէլ Ապտօ «Օսերվաթօրէ Ռոմանօ» Վատիկանի օրաթերթին մէջ հրապարակելով «ձեզի Կազայէն կը գրեմ» վերնագիրով տարբեր հաղորդաշարեր, կը պատմէ թէ ինչպէս սարսափելի ռմբակոծութիւններու ժամանակ ինքզինք ապահով կը զգայ, որովհետեւ եկեղեցւոյ մէջ կ՝աղօթէր միւս քրիստոնեաներուն հետ ու կը զգայ, որ իր կեանքը կը գտնուի Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Սուհայլը կիսեց նաեւ իր մեծ հօր մահուան լուրը, շնորհակալութիւն եւ յոյս յայտնելով ու հաստատելով, որ կը հաւատայ թէ պատերազմը շուտով պիտի վերջանայ։
Սուրբ Երկրի պահակը քարոզը աւարտեց ընդգծելով աղօթքի , գնահատանքի վերաբերմունքի կարեւորութիւնը՝ յոյսը վառ պահելու համար, հրաւիրելով հաւատացեալները իրենց հայեացքը ուղղելու դէպի Յիսուսը եւ չյուսահատուիլ առօրեայ կեանքի վրայ ազդող դժբախտութիւններէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ