Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ի անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին՝ պատմութեան եւ ուխտի սիրոյ հոգիով:
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցանէ, թէ 3-7 Յունուար 2025 օրերուն ընթացքին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին Գլուխն ու Հայրը՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, պիտի կատարէ իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին:
Գերերջ. Հայրապետին եւ պատուիրակութեան առաքելութեան ընթացքին, Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը պիտի հաստատէ իր նշանակած նոր «Պատրիարքական Կառավարիչը», յանձին Գերյարգելի Հ. Վարդան Ծ.Վ. Գազանճեանի՝ անոր շնորհելով իր պաշտօնին առընչուող ծիսական խորհրդանշանները:
Այս այցելութեամբ՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը պիտի ունենայ միջեկեղեցական հանդիպումներ, աղօթքի եւ ուխտի պահեր, ծանօթացումի առիթներ ու գործակցութեան խորհրդակցութիւններ:
Անկիւնադարձային այս բերկրաբաշխ տօնառիթին՝ Ամենպտ. Հայրապետը յոյսով է նոր շունչ, խանդավառութիւն եւ հորիզոններ բերելու մեր Համայնքին ու բարի կամեցողութիւն ունեցող բոլոր անձերուն հոգիներէն ներս:
Ժըթաուի-Աշրաֆիէ, 21 Դեկտեմբեր 2024
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ