Անտիոքի Աթոռի Եուհաննա Ալ Եազըճի Պատրիարքը Անտիոքի Աթոռի Եուհաննա Ալ Եազըճի Պատրիարքը  (AFP or licensors)

«Մենք Սուրիոյ մէջ հիւրեր չենք» Անտիոքի Աթոռի Եուհաննա Ալ Եազըճի Պատրիարքի ուղերձը

Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Անտիոքի Աթոռի Եուհաննա Ալ Եազըճի Պատրիարքը հանդէս եկած է կարեւոր պատգամով մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անտիոքի Աթոռի Եուհաննա Ալ Եազըճի Պատրիարքը վերջերս հրապարակելով կարեւոր ուղերձ մը, նշած է թէ Քրիստոնեաները ոչ թէ պարզապէս հիւրեր են Սուրիոյ մէջ, այլ աւանդոյթներուն ժառանգաւորներ, որոնք իրենց արմատները ունին պատմական վայրերուն մէջ՝ ինչպէս Առաքեալներուն Անտիոքը, Հումսը, Հալէպը, Իտլիպը եւ Լաթաքիան։ Ասատէն ետք անորոշութեան մթնոլորտէն ներս Պատրիարքը քրիստոնեաները եւ մահմետականները հրաւիրած է ճանչնալու իրենց «ընդհանուր ճակատագիրը» ու յոյս յայտնած է Սուրիոյ մէջ միասնութեան ապագայի համար։

Եուհաննա Ալ Եազըճի Պատրիարքը նոր Սուրիոյ մասին նշած է, որ հոն պէտք է ստեղծուի քաղաքացիական պետութիւն մը, որմէ բոլոր քաղաքացիները կ՝օգտուին հաւասար իրաւունքներէն եւ պարտականութիւններէն, ընդգծելով տարբեր համայնքներու անձնական կարգավիճակի վերաբերեալ օրէնքներուն պահպանման կարեւորութիւնը։

Պատրիարքը որպէս համակեցութեան տիպար ներկայացուցած է Սուրբ Յովհաննէս Տամաշենօն, ընդգծելով երկրի բոլոր բաղադրիչներուն իրաւունքները երաշխաւորող սահմանադրութեան անհրաժեշտութիւնը, խուսափելով մեծամասնութիւններուն եւ փոքրամասնութիւններուն տրամաբանութենէն։

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներուն վիճակի լրատուամիջոցներու ուշադրութեան, Եուհաննա Ալ Եազըճի Պատրիարքը յորդորած է զգուշանալ ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառուող անպատասխանատու լուրերէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2024, 07:20